Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Փոխանցումներու Աշխարհէն

November 9, 2024
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Միջազգային թերթերը եւ լրագրողները միշտ կը պրպտեն խումբերու կամ մարզիկներու կարգավիճակը իրենց ակումբներուն մէջ եւ հաւանական փոխանցումներու մասին տեղեկութիւններ կը քաղեն:

– Յառաջիկայ տարի, Քրիսթիանօ Ռոնալտօ կրնայ իր ակումբը փոխել: Նասրի յառաջապահ Ռոնալտոյով հետաքրքրուած է Հիլալ ակումբը: Ըստ սպանական «Սփորթ»-ի, սէուտական ակումբը կը ցանկայ զայն տեսնել Հիլալի շապիկով` իբրեւ Նէյմարը փոխարինող: Պրազիլցի Նէյմար ձմրան կրնայ հեռանալ Հիլալէն, որուն հետ պայմանագիրը կրնայ խզուիլ:

– Պարսելոնա ակումբը նիւթական լուրջ հարցեր ունի, բայց տակաւին կը փորձէ տարբեր ձեւերով մարզիկներ ձեռք ձգել: Ըստ «Թրանսֆըր նիուզլայվ»-ի, ակումբին փոխանցման նոր ծրագիրը` Տորթմունտի յառաջապահ Քարիմ Ատէյեմին է: Աղբիւրը կը նշէ, որ Պարսելոնան Ատեյեմիի փոխանցումը յաջողցնելու համար կրնայ օգտագործել Ֆերրան Թորեսը: 22 տարեկան Ատեյեմիի փոխանցման արժէքը 35 միլիոն եւրոյով կը գնահատուի, մինչ 24 տարեկան Ֆերրան Թորեսի արժէքը 30 միլիոն եւրօ է:

– Լիվըրփուլ պատրաստ է ձմրան վաճառել խումբի աջ պաշտպան Թրենթ Ալեքսանտր – Առնոլտի իրաւունքները` Ռէալ Մատրիտի 50 միլիոն եւրոյին դիմաց: Ըստ «Տեֆենսա Սանթրալ»-ին թագաւորական ակումբը պատրաստ է վճարելու այդ գումարը, հակառակ անոր որ Թրենթի պայմանագրութիւնը կ՛աւարտի 2025-ի ամրան եւ ան ազատ գործակալ կ՛ըլլայ:

– Այնթրախթ Ֆրանքֆորթի յառաջապահ Օմար Մարմուշի ծառայութիւններով հետաքրքրուած են եւրոպական մեծ ակումբներ: Պայերն Միւնիխ լրջօրէն կը հետեւի անոր եւ նպատակ ունի ամրան անոր փոխանցումը ձեռք բերելու կարելիութիւնը ունենալ: Եգիպտացի Մարմուշի ծառայութիւններով հետաքրքրուած է նաեւ Անգլիոյ Լիվըրփուլը, որ իր կարգին պատրաստ է մասնակցելու փոխանցումի մրցավազքին:

– Պայերն Միւնիխ արագավազ ծայրի յառաջապահ Լիրոյ Սանէի ծառայութիւններով հետաքրքրուած են Մանչեսթըր Եունայթըտ եւ Արսենալ:

– Պարսելոնայի նախագահ Խուան Լափորթա լրջօրէն կ՛ուզէ ձեռք ձգել Լիվըրփուլի յառաջապահ Մոհամետ Սալահը: Միեւնոյն ժամանակ «Թիմթոք» կը յայտնէ, որ Սալահի փոխանցումը շատ սուղի կրնայ նայիլ Պարսելոնայի համար, թէեւ եգիպտացին 2025-ի ամրան կրնայ ազատ գործակալի կարգավիճակով ժամանել Պարսելոնա: Կը նշուի, որ Սալահ նոր ակումբին հետ կը ցանկայ վաստկել 15 միլիոն եւրօ:

– Ըստ «Տը Սան»-ի Չելսիի 23 տարեկան արժանթինցի միջնապահ Էնցօ Ֆեռնանտեսի նկատմամբ հետաքրքրութիւն կը ցուցաբերեն Պարսելոնա եւ Ինթեր Միլան: Նախապէս Ռէալ Մատրիտ փափաք ունէր միացնելու Ֆեռնանտեսը «թագաւորական» խումբին, բայց Չելսի մերժած էր գաղափարը:

– «Էլ Նասիոնալ» կը յայտնէ, որ Արսենալ պատրաստ է սահմանելու փոխանցումի նոր մրցանիշ մը` առաջարկելով 120 միլիոն եւրօ` Իսաքի համար, որ կը գերազանցէ Տեքլըն Ռայսի (116,6 միլիոն եւրօ) համար վճարած մրցանշային սակը: Եթէ փոխանցումը իրականացուի, շուէտացի յառաջապահին այս գործարքը պիտի դառնայ Արսենալի պատմութեան ամէնէն «սուղ» փոխանցումը եւ մրցանիշ մըն ալ Նիւքեսըլի համար:

– Պարսելոնան լրջօրէն հետաքրքրուած է Լիլի 22 տարեկան բերդապահ Լիւք Շըվալիէով, որ կրնայ ըլլալ 32 տարեկան Մարք-Անտրէ Թեր Շթեկընի երկարաժամկէտ փոխարինողը:

– Պրիւժի դանիացի յառաջապահ Անտրէաս Սքով Օլսեն ըստ երեւոյթին հմայած է անգլիական քանի մը ակումբներ, որոնց գլխաւորը` Լոնտոնի Թոթենհամը:

– Պարսելոնայի մարզական տնօրէն Տեքօ բանակցութիւններու սկսած է այժմու Եւրոպայի ամէնէն արդիւնաւէտ յառաջապահներէն Վիքթոր Եոքերեշը ձեռք ձգելու համար:

Սփորթինկ Լիզպոնի շուէտացի յառաջապահը անցեալ ամրան միացած էր փորթուգալեան ակումբին, ուր կատարած 67 մրցումներուն նշանակած է 66 կոլ:

Սփորթինկ դէմ չէ «ծախելու» Եոքերեշը, որ շատ մը ակումբներու ուշադրութիւնը գրաւած է, եթէ անշուշտ ստանայ մօտ 70 միլիոն եւրօ:

Եունայթըտ 2-0 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Փաոք Սալոնիքան: Փղոսկրեայ ափունքցի Ամատ Տիալլօ նշանակեց մրցումին զոյգ կոլերը:

Նախորդը

Պայերն Միւնիխի «Ուլթրաս»-ները Պոյքոթի Կոչ Կ՛ուղղեն

Յաջորդը

«Եու. Է. Էֆ. Ա.» «Քոնֆերենս Լիկ». Չելսի – Նոա` 8-0

RelatedPosts

Դ. Դասակարգի Ախոյեանութիւն.  ՀՄԸՄ Պէյրութ Կը Սուրայ Դէպի Գ. Դասակարգ
Մարզական

Դ. Դասակարգի Ախոյեանութիւն. ՀՄԸՄ Պէյրութ Կը Սուրայ Դէպի Գ. Դասակարգ

September 16, 2026
«Եուրոփա Լիկ».  Այսօր` Արարատ Արմենիա – Սփարթա Փրակա
Մարզական

«Եուրոփա Լիկ». Այսօր` Արարատ Արմենիա – Սփարթա Փրակա

September 16, 2026
Յովհաննէս Գաբրիէլեան Առանց Դադարի  Սեւանայ Լիճը Կտրեց Ամբողջ Երկայնքով
Մարզական

Յովհաննէս Գաբրիէլեան Առանց Դադարի Սեւանայ Լիճը Կտրեց Ամբողջ Երկայնքով

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.