Անգլիոյ «Փրեմիեր լիկ»-ի ախոյեան Մանչեսթըր Սիթի շաբաթ օր 2-1 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց Պրայթընէն այս վերջինիս դաշտին վրայ, եւ այժմ 5 կէտով ետ կը մնայ պարագլուխի դիրքը գրաւող Լիվըրփուլէն:
Սիթիի մարզիչ Փեփ Կուարտիոլա, որ 2008-էն սկսած է իր մարզիչի ասպարէզը Պարսելոնայի հետ, բնաւ 4 յաջորդական պարտութիւն չէր կրած իր մարզած 3 խումբերուն հետ (Պարսելոնա, Պայերն Միւնիխ եւ Մանչեսթըր Սիթի):
«Հիմա 90 վայրկեան նոյն մակարդակի ֆութպոլ չենք կրնար խաղալ: Մենք լաւ խաղցանք առաջին կիսախաղին, իսկ երկրորդին առիթներ ստեղծեցինք: Յոյսով եմ, որ այժմ մեր մարզիկները կը հանգստանան եւ մարզավիճակ ձեռք կը բերեն ազգային խումբերու դադարի ժամանակ: Պէտք է վերստին յաղթելու սկսինք:
Անցեալ ամսուան ազգային խումբերու դադարին, մեզի համար աւելի դժուարացաւ յաղթանակներու կշռոյթը պահել: Կրնայ ըլլալ, որ 7 տարուան ընթացքին 6 անգամ ախոյեան դառնալէ ետք, այլ խումբ մը արժանի է «Փրեմիեր լիկ»-ի տիտղոսին», ըսաւ Կուարտիոլա:
Սիթի վերջին անգամ 26 հոկտեմբերին կրցած էր յաղթել Սաութհեմփթընին, որմէ ետք դուրս մնացած էր «Ի. Էֆ. Էլ.» բաժակէն (Լիկայի բաժակ)` պարտուելով Թոթենհամէն (1-2), ապա «Փրեմիեր լիկ»-ի գծով Պորնմաութէն (1-2) եւ «Չեմփիընզ լիկ»-ի գծով Սփորթինկ Լիզպոնէն (1-4):
Այս արդիւնքէն օգտուեցաւ Լիվըրփուլ, որ 2-0 արդիւնքով յաղթեց Ասթոն Վիլային: Լիվըրփուլի առաջին կոլը նշանակեց Տարուին Նունիես 20-րդ վայրկեանին, որմէ 5 վայրկեան ետք Թրենթ Ալեքսանտր – Առնոլտ վիրաւորուեցաւ եւ կրնայ ամիսով մը հեռու մնալ կանաչ դաշտերէն: 84-րդ վայրկեանին Մոհամետ Սալահ նշանակեց Լիվըրփուլի 2-րդ կոլը եւ 5 կէտով հեռացաւ Բ. դիրքը գրաւող Մանչեսթըր Սիթիէն:
Ասթոն Վիլա մանաւանդ առաջին կիսախաղին Լիվըրփուլէն աւելի առիթ ստեղծեց, սակայն Լիվըրփուլի պահեստի բերդապահ Քուիվըն Քելեհըր մնաց անդրդուելի:
Իրլանտացի Քելեհըր, որ կը փոխարինէր պրազիլցի վիրաւոր բերդապահ Ալիսոնը, շատ լաւ ելոյթ ունեցաւ: Թրենթ միացաւ Ալիսոնի, Ֆետերիքօ Քիեզայի, Տիոկօ Ճոթայի եւ Հարվի Էլիոթի, որոնք Լիվըրփուլի վիրաւորներու ցանկին մաս կը կազմեն:
– Գերմանիոյ «Պունտըսլիկա»-ի մրցումներուն, պարագլուխի դիրքը գրաւող Պայերն Միւնիխ Զանքթ Փաուլիի դաշտին վրայ (Համպուրկ) 1-0 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց: Ժամալ Մուսիալա նշանակեց մրցումին միակ կոլը` մրցակիցէ մը «գողնալէ» ետք գնդակը խմբային անզսպելի հարուածով: Պայերն Միւնիխ Անգլիոյ Լիվըրփուլին նման հեռացաւ Բ. դիրքը գրաւող Ռետ Պուլ Լայփցիկէն` 5 կէտով: Լայփցիկ իր դաշտին վրայ 0-0 արդիւնքով հաւասարութիւն մը արձանագրեց Մէօնշընկլատպախի դէմ մրցումին: Անցեալ տարուան ախոյեան Պայեր Լեւերքուզըն 1-1 արդիւնքով հաւասարութիւն արձանագրեց վերջին դիրքը գրաւող Պոխումի դաշտին վրայ: Պոխում միայն 1 կէտ ունէր նախկին 9 մրցումներէն:
«Ֆրանսայի «Լիկ-1»-ի 11-րդ հանգրուանի մրցումներուն, պարագլուխի դիրքը գրաւող Փարիզ Սեն Ժերմեն 4-2 արդիւնքով յաղթական վերադարձաւ Անժէի դաշտէն: Լի Քանկ-ին (2) եւ Պրատլի Պարքոլա (2) նշանակեցին մայրաքաղաքի կազմին կոլերը: Բ. դիրքը գրաւող Մոնաքօ վերջին 2 մրցումներուն պարտուելէ ետք ախոյեանութեան գծով կրցաւ 3-1 արդիւնքով յաղթական վերադառնալ Սթրազպուրկի դաշտէն: Մինչեւ 79-րդ վայրկեան Սթրազպուրկ կը յաղթէր 1-0 արդիւնքով, սակայն Էլիես Պեն Սեղիր (Մարոք) երկու կոլ նշանակեց, իսկ Ժորժ Իլենիքա 91-րդ վայրկեանին հաստատեց Մոնաքոյի յաղթանակը: Մինչ Մարսէյ 3-1 արդիւնքով անակնկալ պարտութիւն մը կրեց իր դաշտին վրայ` Օքսեռի դէմ մրցումին:
– Սպանիոյ մէջ, Ռէալ Մատրիտ 4-0 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Օսասունան, սակայն, ըստ երեւոյթին, անոր գլխու ցաւերը կ՛աւելնան: 20-րդ վայրկեանին պրազիլցի Ռոտրիկօ վիրաւորուեցաւ, ապա 10 վայրկեան ետք յետսապահ Էտիր Միլիթաօ իր կարգին ծունկի ետեւի խաչաձեւ մկանի կապը պատռեց: 34-րդ վայրկեանին Վինիսիուս Ճունիոր բացաւ մրցումին հաշիւը` Ճուտ Պելինկհամի փոխանցումէն օգտուելով: Պելինկհամ 42-րդ վայրկեանին նշանակեց Ռէալի 2-րդ կոլը: Բ. կիսախաղին Վինիսիուս 2 կոլ եւս նշանակեց` մրցումը աւարտելով 4-0 արդիւնքով: