Ռուսիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան 15-րդ հանգրուանի մրցումներուն պարագլուխի դիրքը գրաւող Կրասնոտար 1-1 արդիւնքով հաւասարութիւն կնքեց Ռուպին Քազանի հետ` այս վերջինիս դաշտին վրայ:
Սերպ Նիքոլա Չումիչ նշանակեց Ռուպինի կոլը 18-րդ վայրկեանին, մինչ յառաջապահ Միրլինտ Տաքու 31-րդ վայրկեանին չկրցաւ փենալթի մը նշանակել ի նպաստ Ռուպինի: 53-րդ վայրկեանին Ալեքսանտր Չերնիքով նշանակեց Կրասնոտարի հաւասարութեան կոլը:
Կրասնոտարի խմբապետ Էտուարտ Սփերձեան վերջին վայրկեանին թաքըլով գնդակը խլեց մրցակիցէ մը եւ փոխանցեց Օլաքունլէ Օլուսեկունի, որ նշանակեց կոլ մը, որ սակայն չեղեալ նկատուեցաւ իրաւարարին կողմէ, իբրեւ թէ Սփերձեան ֆաուլ կատարած էր: Անշուշտ հայ խմբապետը բողոքեց եւ… դեղին քարտ մը ստացաւ:
Նշենք, որ Հայաստանի ազգային խումբի մարզիկներէն Ուկոչուքվու Իվու մաս կազմեց Ռուպինի կազմին:
Լոքոմոթիւ Մոսկուա 2-1 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Ֆաքել Վորոնեժը: Ալեքսի Պաթրաքով նշանակեց Լոքոմոթիւի 2 կոլերը:
Լոքոմոթիւէն լաւ ելոյթներ ունեցան Էտկար Սեւիկեան եւ Նայիր Թիքնիզեան: Թիքնիզեան մրցումէն ետք յայտնեց, որ մակարդակի տարբերութիւն չկայ Կրասնոտարի, Սպարտակի, Զենիթի եւ Լոքոմոթիւի միջեւ: «Մենք մեր մրցակիցներն ենք, եթէ լաւ ըլլանք, բոլորին ալ կրնանք յաղթել», նշեց ան:
Նշենք, որ Լոքոմոթիւ 3-րդ դիրքը կը գրաւէ Զենիթի ետին (2-րդ):