Քլիվլենտ Քեվելիրզ իր յաջող երթը շարունակեց «Էն. Պի. Էյ.»-ի մէջ` յաջորդական իր 12-րդ մրցումը յաղթելով: Այս անգամ Քլիվլենտի մրցակիցը եղաւ Շիքակօ Պուլզ, որ 113-119 արդիւնքով տեղի տուաւ Տոնավըն Միչելի եւ ընկերներուն առջեւ:
Միչել 36 կէտ նշանակեց, մինչ Էվըն Մոպլի 15 կէտ եւ 11 ռիպաունտ ձեռք ձգեց: Տարիըս Կարլենտ 17 կէտ աւելցուց ի նպաստ Քլիվլենտի, որ առաջին մասին ետ կը մնար Պուլզէն: Պուլզի լաւագոյն մարզիկներն էին Զեք Լըվին (26 կէտ), Նիքոլա Վուչեվիչ (20 կէտ) եւ Քոպի Ուայթ (20 կէտ):
Օքլահոմա Սիթի Թանտըր արձանագրեց տարեշրջանի իր 9-րդ յաղթանակը (11մրցումներու ընթացքին)` յաղթելով Լոս Անճելըս Քլիփըրզի` 134-128 արդիւնքով: Շէյ Կիլճիըս – Ալեքսանտր 45 կէտ եւ 9 էսիսթ ձեռք ձգեց, մինչ Ճէյլըն Ուիլիամս աւելցուց 28 կէտ: Քլիփըրզի լաւագոյն մարզիկներն էին Նորմըն Փաուըլ (31 կէտ) Իվիցա Զուպաց (22 կէտ եւ 14 ռիպաունտ), մինչ Ճէյմս Հարտըն 17 կէտ նշանակեց միայն:
Սան Անթոնիօ Սփըրզ 116-96 արդիւնքով յաղթեց Սաքրամենթօ Քինկզին: Ֆրանսացի երիտասարդ «հսկան»` Վիքթոր Ուեմպանեամա 34 կէտ եւ 14 ռիպաունտ ձեռք ձգեց ի նպաստ Սփըրզի, որ իր 5-րդ յաղթանակը արձանագրեց 11 մրցումներու ընթացքին:
Ստորեւ` երէկուան մրցումներուն արդիւնքները.
Շիքակօ Պուլզ – Քլիվլենտ Քեվելիրզ 113-119
Հիւսթըն Ռոքեթց – Ուաշինկթըն Քեվելիրզ 113-119
Նիւ Օրլինզ Փելիքընզ – Պրուքլին Նեթց 105-107
Օքլահոմա Սիթի Թանտըր – Լոս Անճելըս Քլիփըրզ 134-128
Սան Անթոնիօ Սփըրզ – Սաքրամենթօ Քինկզ 116-96