Մարզական

Վալերի Ծառուկեան Կը Ցանկայ Խաղալ Ազգային Խումբին Հետ

Վալերի Ծառուկեան Կը Ցանկայ Խաղալ Ազգային Խումբին Հետ

Նիժնի Նովկորոտի «Փարրի» խումբի միջնապահ Վալերի Ծառուկեան խօսած է Հայաստանի ազգային խումբին հետ խաղալու ցանկութեան մասին: Միեւնոյն ժամանակ ան խոստովանած է նաեւ, որ հաճելի կ՛ըլլար հրաւէր ստանալ Ռուսիոյ ազգային խումբէն: «Ես իսկապէս կը ցանկամ ազգային խումբին հետ ելոյթ ունենալ: Ատիկա ըլլայ Ռուսիոյ, թէ Հայաստանի: Բնականաբար ես հայ եմ եւ շատ կ՛ուզեմ ներկայացնել իմ հայրենիքս: Բայց Ռուսիան ալ իմ երկիրս է:...

Պասքեթպոլ.  Հայաստանի Հաւաքականը Կը Պատրաստուի Աւստրիոյ Դէմ Մրցումին

Պասքեթպոլ. Հայաստանի Հաւաքականը Կը Պատրաստուի Աւստրիոյ Դէմ Մրցումին

Հայաստանի պասքեթպոլի հաւաքականը երէկ յայտարարեց խումբ հրաւիրուած մարզիկներուն անունները, որոնք պէտք է նախապատրաստուին 24 նոյեմբերին տեղի ունենալիք աշխարհի ախոյեանութեան զտումի գծով Աւստրալիոյ դէմ մրցումին: Ստորեւ` 14 մարզիկներուն անուանացանկը. Անտրէ Սփայթ Մկրտչեան, Դանիէլ Կիրակոսեան, Դանիէլ Գէորգեան, Տիգրան Մկրտումեան, Ալեքսի Չիժենոք, Եուրա Մելիքեան, Քրիս Ճոնզ, Զաք Տաւիտեան, Կապրիէլ Աճէմեան, Արտեոմ Թաւաքալեան, Ալպերթ Թադեւոսեան, Արկադի Մկրտչեան, Քրիսթիան Վիթալ եւ Կարէն Մելիքեան: Երկար բացակայութենէ...

Ռանիերի Կը Վերադառնայ Մարզելու Ա. Էս. Ռոման

Ռանիերի Կը Վերադառնայ Մարզելու Ա. Էս. Ռոման

Քլաուտիօ Ռանիերի, որ անցեալ տարի Քալիարիի հետ աւարտելէ ետք ախոյեանութիւնը, յայտարարած էր իր ասպարէզի աւարտը, անակնկալ որոշումով վերադարձած է մարզելու Ռոման: Ա. Էս. Ռոմա, որ շատ ձախող եղանակ մը կը բոլորէ 2024-ին, իր 4-րդ մարզիչը ընտրեց Ռանիերին, որ 73 տարեկանին հոգ պիտի տանի Իտալիոյ մայրաքաղաքի խումբին մինչեւ տարեշրջանի աւարտը, ապա ինք պիտի օգնէ Ռոմայի ղեկավարութեան, որ ապագային ընտրէ նոր մարզիչ:...

57 Տարեկան Ֆութպոլիստը Կը Ծրագրէ Իր 40-րդ Եղանակին Մասնակցիլ

57 Տարեկան Ֆութպոլիստը Կը Ծրագրէ Իր 40-րդ Եղանակին Մասնակցիլ

Ճափոնցի յարձակող Քազույոշի Միուրա աշխարհի ամէնէն տարեց արհեստավարժ ֆութպոլիստն է եւ ան չի պատրաստուիր իր ասպարէզին վերջ տալու: Կը հաղորդուի, որ 57 տարեկան ֆութպոլիստը յառաջիկայ տարեշրջանին պիտի շարունակէ Աթլեթիքօ Սուզուքայի հետ: Ասիկա կրնայ ըլլալ անոր 40-րդ տարեշրջանը` իբրեւ արհեստավարժ ֆութպոլիստ: Միուրա այժմ աշխարհի երկրորդ ամէնէն տարեց ֆութպոլիստն է` նկատի ունենալով, որ Ուքրանիոյ մէջ Նիքոլայ Լիխովիտով 58 տարեկանին կը խաղայ Ռէալ...

2026-ի Մոնտիալի Զտում. Արժանթին Պարտուեցաւ. Պրազիլ Հաւասարեցաւ

2026-ի Մոնտիալի Զտում. Արժանթին Պարտուեցաւ. Պրազիլ Հաւասարեցաւ

2026-ի Մոնտիալի զտումի մրցումներ տեղի ունեցան Հարաւային Ամերիկայի գօտիին մէջ, ուր աշխարհի ախոյեան Արժանթին անակնկալ պարտութիւն մը կրեց Փարակուէյի մէջ` 2-1 արդիւնքով: Ճիշդ է, որ Արժանթին գրեթէ ամբողջ մրցումին տիրապետեց, բայց մրցակիցի բերդին վրայ մասնաւոր վտանգ չըրաւ: Լաութարօ Մարթինես 11-րդ վայրկեանին կոլ նշանակեց, մինչ 8 վայրկեան ետք Փարակուէյ հաւասարեցաւ Սանապրիայի շնորհիւ, ապա 47-րդ վայրկեանին կոլ մը եւս նշանակեց շնորհիւ Ալտերեթէի:...

«Էն. Պի. Էյ.»  Եութա Անակնկալի Բերաւ Տալասը

«Էն. Պի. Էյ.» Եութա Անակնկալի Բերաւ Տալասը

Երէկ «Էն. Պի. Էյ.»-ի գծով մէկ մրցում կար, որուն ընթացքին Տալաս Մեւրիքս, որ անցեալ տարուան լաւագոյն խումբերէն մէկն էր, անակնկալ պարտութիւն մը կրեց Եութայի մէջ, տեղւոյն Ճեզէն: Ասիկա Տալասի 7-րդ պարտութիւնն էր իր 12-րդ մրցումին, մինչ Ճեզ իր 3-րդ յաղթանակը տօնեց իր 11-րդ մրցումին, որ առաջինն էր իր դաշտին վրայ: Ճոն Քոլինզ իր 28 կէտերէն վերջին երկուքը նշանակեց մրցումի աւարտէն...

Թայքուանտօ.  Անընդունելի Տեսարան` Պատանիներու  Ախոյեանութեան Աւարտականին

Թայքուանտօ. Անընդունելի Տեսարան` Պատանիներու Ախոյեանութեան Աւարտականին

Ալպանիոյ մայրաքաղաք Թիանայի մէջ թայքուանտոյի Եւրոպայի պատանիներու ախոյեանութիւնը տգեղ երեւոյթով մը փակուեցաւ քանի մը օր առաջ: Արդարեւ, քոսովոցի 8 տարեկան Վալինա Ֆեթիու, որ կը մրցէր սերպ Նինա Սաւիչի դէմ, պարտութիւն կրած էր: Վալինայի մարզիչը, որ իր հայրն է, զայրացած է եւ փոխանակ իր աղջնակին արցունքներուն դիմաց կակուղնալու, զայն ապտակած էր` զարմացնելով բոլորը... Հայրը ըսած է, որ ապտակած էր «միայն երեխային...

Պասքեթպոլ.  Լիբանանի Ազգային Խումբը Կը Պատրաստուի

Պասքեթպոլ. Լիբանանի Ազգային Խումբը Կը Պատրաստուի

Քանի մը օր առաջ Լիբանանի պասքեթպոլի ազգային խումբը մեկնեցաւ Տուպայ` պատրաստուելու համար Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու եւ Սուրիոյ դէմ մրցումներուն, Ասիոյ ախոյեանութեան զտումի մրցումներու Բ. հանգրուանի ծիրին մէջ: Մեկնող պատուիրակութեան մաս կը կազմեն Էտի Պու Զախեմ (ազգային խումբի տնօրէն), Ռալֆ Աքըլ (օգնական մարզիչ), Փիեռ Ֆելֆելի (ֆիզիքական մարզիչ), Ռազմիկ Պէօճեքեան (բժիշկ, ֆիզիօ), Միշել Խալիլ (լոճիսթիք), ինչպէս նաեւ մարզիկներ Ալի Մըզհեր, Ամիր Սէուտ,...

Ճատրակ.  Շանթ Սարգսեան Յաղթեց  Ազրպէյճանցի Ասատլիին

Ճատրակ. Շանթ Սարգսեան Յաղթեց Ազրպէյճանցի Ասատլիին

Մոնթենեկրոյի մէջ տեղի ունեցած ճատրակի Եւրոպայի անհատական ախոյեանութիւնը կը շարունակուի: Շանթ Սարգսեան սեւ քարերով պարտութեան մատնեց ազրպէյճանցի Վուկար Ասատլին: 6-րդ խաղափուլէն ետք, 5,5 կէտով առաջին դիրքը կը գրաւէ սերպ Ալեքսանտր Ինչիչ: 5 կէտերով անոր կը յաջորդեն Ռոպերթ Յովհաննիսեան եւ Մանուէլ Պետրոսեան: Շանթ Սարգսեան, Արամ Յակոբեան եւ Գաբրիէլ Սարգսեան 4,5 կէտ ունին: Նշենք, որ 11 խաղափուլ տեղի պիտի ունենայ:  

Զելարայեան Կը Պատմէ Հայաստանի Իր Փորձառութեան Մասին

Զելարայեան Կը Պատմէ Հայաստանի Իր Փորձառութեան Մասին

Հայաստանի ազգային խումբի եւ Ֆաթեհի միջնապահ Լուքաս Զելարայեան վերջերս «Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ի հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին խօսած է Հայաստանի եւ ազգային խումբին նկատմամբ իր ունեցած զգացումին մասին: «Ես գիտեմ, որ իմ մականունս հայկական ծագում ունի, հայրիկիս հետ ծանօթացած եմ երկրի պատմութեան եւ իսկապէս սկսած եմ սիրել Հայաստանը: Սկսած եմ աւելի շատ հետաքրքրուիլ հայոց անցեալով եւ բացայայտել երկիրը: Արդէն երեք...

Ի՞նչ Կը Պատահի Ռէալ Մատրիտի Մէջ

Ի՞նչ Կը Պատահի Ռէալ Մատրիտի Մէջ

Ռէալ Մատրիտ ակումբը կապուած է քանի մը ակումբներու հետ, որոնք նախապէս հետաքրքրուած էին կարգ մը մարզիկներու փոխանցումներու հարցով: Կը նշուի, որ շատ լաւ առաջարկի մը պարագային, Ռէալ Մատրիտ մինչեւ իսկ պատրաստ է «ծախելու» Վինիսիուս Ճունիորը: Քանի մը ամիսէ ի վեր սէուտական քանի մը ակումբներ կապուած էին Վինիսիուսի ծառայութեան պայմաններուն մասին տեղեկութիւն ստանալու: Ռէալ Մատրիտ կրնայ վաճառել նաեւ բերդապահ Անտրէ Լունինը,...

Որքա՞ն Կը Վաստկին Աշխարհի  Աղջիկ Լաւագոյն Ֆութպոլիստները

Որքա՞ն Կը Վաստկին Աշխարհի Աղջիկ Լաւագոյն Ֆութպոլիստները

Աղջկանց ֆութպոլը տարիէ տարի կը զարգանայ եւ կը յառաջդիմէ: Հակառակ ատոր, վստահաբար հետաքրքրութիւնը եւ մակարդակը եւ անշուշտ նիւթական վարձատրութեան տարբերութիւնը շատ մեծ է: Զարմանալի բան չէ, որ Անգլիոյ եւ Չելսիի լաւագոյն ֆութպոլիստ Լիւսի Պրոնզ վերջերս ըսած էր, որ կին ֆութպոլիստներու 99,9 տոկոսը իր ասպարէզը աւարտելէ ետք իր կուտակած դրամները չի կրնար վայելել: Բայց ճիշդ որքա՞ն կը վաստկին աղջիկ մարզիկները, մանաւանդ...

«Էն. Պի. Էյ.» Քլիվլենտ Կը Մօտենայ Մրցանիշի. «Ուեմպի» 50 Կէտ Նշանակեց

«Էն. Պի. Էյ.» Քլիվլենտ Կը Մօտենայ Մրցանիշի. «Ուեմպի» 50 Կէտ Նշանակեց

Քլիվլենտ Քեվելիրզ կը շարունակէ այս տարեշրջանի իր յաջող ընթացքը, եւ երէկ Ֆիլատելֆիոյ մէջ 13-րդ յաջորդական յաղթանակը արձանագրեց` դառնալով մէկը այն 6 պատմական խումբերէն, որոնք լաւ ձեւով սկսած էին իրենց տարեշրջանը: Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզ 2015-2016 տարեշրջանին 24 յաջորդական յաղթանակ արձանագրած էր մրցանիշ հաստատելով: 1993-1994 տարեշրջանին Հիուսթըն (15 մրցում), 1948-1949 տարեշրջանին Ուաշինկթըն Քափիթըլզ (15), 2002-2003 տարեշրջանին Տալաս Մեւրիքս (14) եւ 1957-1958 տարեշրջանին...

Ճատրակ  4 Հայ Ներկայացուցիչներ Կէս Կէտով Ետ Կը Մնան Առաջինէն

Ճատրակ 4 Հայ Ներկայացուցիչներ Կէս Կէտով Ետ Կը Մնան Առաջինէն

Հայաստանը ներկայացնող ճատրակի ներկայացուցիչներ կը շարունակեն իրենց յաջող ելոյթները Մոնթենեկրոյի մէջ տեղի ունեցող Եւրոպայի անհատական ախոյեանութեան ծիրին մէջ: 5-րդ խաղափուլէն ետք, Ռոպերթ Յովհաննէսեան, Շանթ Սարգսեան, Գաբրիէլ Սարգսեան եւ Մանուէլ Պետրոսեան ունին 4-ական կէտ` կէս կէտով ետ մնալով 4 այլ վարպետներէ, որոնք կը գրաւեն առաջին դիրքը: Նշենք, որ 11 խաղափուլէ կազմուած այս մրցաշարքը կ՛աւարտի 19 նոյեմբերին:

«Եու. Է. Էֆ. Ա.» Ազգերու Լիկա.  Էմպափէի Ապագան Մութ Է Ազգային Խումբին Հետ

«Եու. Է. Էֆ. Ա.» Ազգերու Լիկա. Էմպափէի Ապագան Մութ Է Ազգային Խումբին Հետ

Ֆրանսայի ազգային խումբի մարզիչ Տիտիէ Տեշան վերջերս չհրաւիրեց խմբապետ Քիլիան Էմպափէն Ազգերու լիկային գծով Իսրայէլի եւ Իտալիոյ դէմ մրցումներուն` չբացատրելով մամուլին իր որոշումին բուն պատճառը: Ֆրանսացի լրագրող Տանիէլ Ռիոլօ կը կարծէ, թէ Տեշան շատ հաւանաբար բնաւ չհրաւիրէ Ռէալ Մատրիտի յառաջապահը: «Պատճառը` շատ յստակ կը տեսնեմ, թէ Տեշան պատասխան կ՛ուզէ լսել Էմպափէէն անցած իրադարձութիւններուն համար: Շատ պարզ է: Ան ըսած էր,...

Թեն Հակ Կրնայ Ռոման Մարզել

Թեն Հակ Կրնայ Ռոման Մարզել

Մանչեսթըր Եունայթըտի նախկին մարզիչ Էրիք Թեն Հակով հետաքրքրուած է Իտալիոյ մայրաքաղաքի Ա. Էս. Ռոմա խումբը: Իվան Եուրիչի պաշտօնանկ ըլլալէն ետք Ռոմա նոր մարզիչի փնտռտուքի մէջ է, եւ հաւանական է, որ թիւ 1 թեկնածուն ըլլայ Էրիք Թեն Հակ: Աւելի կանուխ կը հաղորդուէր, որ Ռոման պիտի գլխաւորէ Ռոպերթօ Մանչինին, սակայն ըստ երեւոյթին համաձայնութիւն չէ կնքուած երկու կողմերուն միջեւ, եւ այժմ թեկնածուն նետերլանտցի...

Պատմական Մարզիկներու «Քլասիքօ»-ն`  Թոքիոյի Մէջ

Պատմական Մարզիկներու «Քլասիքօ»-ն` Թոքիոյի Մէջ

Ռէալ Մատրիտի եւ Պարսելոնայի պատմութիւն կերտած մարզիկները յառաջիկայ ամիս պիտի մրցին Թոքիոյի մէջ տեղի ունենալիք վեթերաններու «Քլասիքօ»-ին: Հանդիպումը տեղի կ՛ունենայ 15 դեկտեմբերին, Թոքիոյի «Աճինոմոթօ» դաշտին վրայ: Առաջին անգամ երկու խումբերու նախկին աստղերը մրցած էին 2017-ին, երբ Պարսելոնա յաղթած էր 3-2 արդիւնքով: 2021-ին Ռէալ Մատրիտ նոյն արդիւնքով յաղթած էր: Պարսելոնայի խումբին մաս պիտի կազմեն Չաւին, Ինիեսթան, Ռաֆայէլ Մարքեսը, Խաւիէ Մասքերանոն, Ռիվալտոն,...

Բռնցքամարտ.  Մայք Թայսըն – Ճէյք Փոլ Մրցումը` Վաղը Գիշեր

Բռնցքամարտ. Մայք Թայսըն – Ճէյք Փոլ Մրցումը` Վաղը Գիշեր

Արլինկթընի (Թեքսաս) մէջ բռնցքամարտի սիրահարներու կեդրոնացումը պիտի ուղղուի պատմական ախոյեան Մայք Թայսընի բռնցքամարտի մրցումին վրայ «Եու Թիուպ»-ի աստղ եւ արհեստավարժ բռնցքամարտիկ Ճէյք Փոլի դէմ: 7 մրցումներ տեղի պիտի ունենան վաղը գիշեր, բայց սպասուած մրցումը պիտի ըլլայ տարբեր սերունդներու պատկանող մարտիկներու միջեւ, ուր 58 տարեկան Թայսըն, որ 2005-էն ի վեր մրցում չէ կատարած, պիտի մրցի իրմէ 30 տարի երիտասարդ Փոլի դէմ:...

«Էն. Պի. Էյ.» «Էմիրէյթց Էն. Պի. Էյ. Քափ»-ը Սկսաւ

«Էն. Պի. Էյ.» «Էմիրէյթց Էն. Պի. Էյ. Քափ»-ը Սկսաւ

«Էն. Պի. Էյ.»-ի բնական տարեշրջանին զուգահեռ «Ին սիզըն» մրցաշարքը, որ սկսած էր անցեալ տարեշրջանին, այս տարի կը կոչուի «Էմիրէյթց Էն. Պի. Էյ. Քափ»: Արեւելեան եւ Արեւմտեան շրջաններու խումբերը բաժնուած են երեքական խմբակներու: Արեւելեան շրջանի առաջին խմբակին մաս կը կազմեն Նիւ Եորք Նիքս, Օրլանտօ Մեճիք, Ֆիլատելֆիա 76-ըրզ, Պրուքլին Նեթց եւ Չարլոթ Հորնեթց, Բ. խմբակին մաս կը կազմեն Միլուոքի Պաքս, Ինտիանա Փէյսըրզ,...

Ազգերու Լիկայի Մրցաշարք.  Տիգրան Բարսեղեան Վիրաւորուեցաւ Եւ Պիտի Բացակայի Հայաստանի Մրցումներէն

Ազգերու Լիկայի Մրցաշարք. Տիգրան Բարսեղեան Վիրաւորուեցաւ Եւ Պիտի Բացակայի Հայաստանի Մրցումներէն

Սլովան Պրաթիսլաւայի միջնապահ Տիգրան Բարսեղեան հրաւիրուեցաւ Հայաստանի ազգային խումբ` պատրաստուելու Ֆարօ կղզիներու եւ Լաթվիոյ դէմ մրցումներուն: Սլովան - Սքալիցա մրցումի վերջին վայրկեաններուն, Բարսեղեան մկանային ցաւեր զգացած էր: Պարզուեցաւ, որ Բարսեղեան մկանային թեթեւ վնասուածք ունի: Սլովանի եւ Հայաստանի ազգային խումբի բժիշկները փոխադարձ համաձայնութեամբ որոշած են վտանգի չդիմել եւ զերծ կացուցել Բարսեղեանը այս մրցումներէն: Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասոնի կայքին հետ զրոյցի մը ընթացքին,...

Page 160 of 1275 1 … 159 160 161 … 1,275

Արխիւներ