Մարզական

«Էն. Պի. Էյ.»  Քրիս Փոլ Պատմութեան 2-րդ Ամէնէն Շատ Էսիսթ  Կատարողը, Եոքիչ 3-րդ` Թրիփըլ Տապըլի Մէջ

«Էն. Պի. Էյ.» Քրիս Փոլ Պատմութեան 2-րդ Ամէնէն Շատ Էսիսթ Կատարողը, Եոքիչ 3-րդ` Թրիփըլ Տապըլի Մէջ

Շաբաթավերջին «Էն. Պի. Էյ.»-ի մէջ պատմական մրցանիշներու դասաւորումները «խախտեցան», երբ 2 մարզիկներ էսիսթներու եւ թրիփըլ տապըլներու նոր դիրքեր գրաւեցին: Երէկ, Սան Անթոնիօ Սփըրզի վեթերան փոյնթ կարտ Քրիս Փոլ (39 տարեկան) արձանագրեց իր 12.092-րդ էսիսթը` գրաւելով պատմութեան երկրորդ դիրքը: Ան գերազանցեց Ճէյսըն Քիթի մրցանիշը, բայց տակաւին շատ ունի հասնելու Ճոն Սթոքթընի 15.086 էսիսթներուն, վերջինիս Եութա Ճեզի հետ փայլուն օրեր ունէր: Քրիս...

«Եու. Է. Էփ. Ա.» «Չեմփիընզ Լիկ»  Այսօր` Աթալանթա – Ռէալ Մատրիտ

«Եու. Է. Էփ. Ա.» «Չեմփիընզ Լիկ» Այսօր` Աթալանթա – Ռէալ Մատրիտ

Այսօր գիշեր կը սկսին «Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ի կազմակերպած «Չեմփիընզ լիկ»-ի 6-րդ շաբթուան մրցումները, որոնց ամէնէն հետաքրքրականին, Աթալանթա պիտի հիւրընկալէ ախոյեան Ռէալ Մատրիտը: Աթալանթա 11 կէտեր հաւաքած է եւ կը գրաւէ 5-րդ դիրքը, մինչ Ռէալ Մատրիտ 6 կէտերով կը գրաւէ 24-րդ դիրքը: Աթալանթա շատ լաւ օրերու մէջ կը գտնուի եւ շաբաթավերջին գրաւեց Իտալիոյ «Սերի Ա.»-ի առաջին դիրքը: Ան կրցած է...

Եւրոպական Ֆութպոլ.  Սիթի Կարեւոր Կէտեր Կը Կորսնցնէ

Եւրոպական Ֆութպոլ. Սիթի Կարեւոր Կէտեր Կը Կորսնցնէ

Անգլիոյ «Փրեմիեր լիկ»-ի 15-րդ հանգրուանին, օդի աննպաստ պայմաններուն պատճառով յետաձգուած էր Էվըրթըն-Լիվըրփուլ «տերպիի մրցումը» բան մը, որմէ պէտք էր օգտուէին մրցակից խումբերը, որոնց կարգին` վերջին 7 տարիներուն 6 անգամ ախոյեան հանդիսացած Մանչեսթըր Սիթի: Սիթի, որ սկզբունքով դիւրին մրցում մը պէտք էր ունենար Քրիսթըլ Փելեսի դէմ, 4-րդ վայրկեանէն կոլ մը ստացաւ քոլոմպիացի Տանիէլ Միւնոսի միջոցով: 30-րդ վայրկեանին նորվեկիացի Էրլինկ Հաալանտ նշանակեց...

«Արհեստական Բանականութիւն»-ը Կազմեց Հայաստանի Լաւագոյն Ֆութպոլիստներու  Խորհրդանշական Հաւաքականը

«Արհեստական Բանականութիւն»-ը Կազմեց Հայաստանի Լաւագոյն Ֆութպոլիստներու Խորհրդանշական Հաւաքականը

Հայկական ֆութպոլը ունի հարուստ պատմութիւն եւ յիշարժան դէմքեր, որոնք տարիներու ընթացքին հպարտութիւն եղած են հազարաւոր հայ համակիրներու համար: Խորհրդային Միութեան օրերէն մինչեւ ժամանակակից ֆութպոլի աստղեր, շատ լաւ ֆութպոլիստներ անցած են ու կան, եւ այժմու արհեստական բանականութեան (Արթիֆիշըլ Ինթելիճընս) համակարգով կազմուած է Հայաստանի պատմութեան լաւագոյն ֆութպոլիստներէն կազմուած հաւաքական մը` հիմնուելով անոնց պատմական եւ ժամանակակից ձեռքբերումներուն, ինչպէս նաեւ անոնց խաղային վարպետութեան եւ...

Ծանրաբարձութիւն.  Գառնիկ Չոլաքեան Փոքր Պրոնզ Մետալ Շահեցաւ

Ծանրաբարձութիւն. Գառնիկ Չոլաքեան Փոքր Պրոնզ Մետալ Շահեցաւ

Պահրէյնի մայրաքաղաք Մանամայի մէջ սկսաւ 2024-ի աշխարհի ծանրաբարձութեան ախոյեանութիւնը: 61 քկ կշիռի մրցումներուն, Հայաստանի ներկայացուցիչ Գառնիկ Չոլաքեան երկամարտի մրցումներուն 7-րդ դիրքը գրաւած է: Բ. խմբակին մէջ ան առաջին դիրքը գրաւած էր (130+150 քկ), սակայն Ա. խմբակին արդիւնքներէն ետք ան 7-րդ դիրքը գրաւեց: Եւրոպայի 23 տարեկանէն վար կրկնակի եւ երիտասարդներու աշխարհի ախոյեան Չոլաքեան արաշէի մրցումներուն կրցաւ փոքր պրոնզէ մետալ շահիլ: Առաջին...

«Էմ. Էլ. Էս.».  Լոս Անճելըս Կալաքսի Շահեցաւ Ախոյեանութիւնը

«Էմ. Էլ. Էս.». Լոս Անճելըս Կալաքսի Շահեցաւ Ախոյեանութիւնը

«Էմ. Էլ. Էս.»-ի (Միացեալ Նահանգներու ախոյեանութիւն) ախոյեանութիւնը վերջ գտաւ շաբաթավերջին, երբ աւարտական մրցումին Լոս Անճելըս Կալաքսի նոյնիսկ առանց իր թիւ 1 աստղ Ռիքի Փուիճի (վիրաւոր) կրցաւ 2-1 արդիւնքով յաղթել Նիւ Եորք Ռետ Պուլզին: Կալաքսի իր ախոյեանի 6-րդ (մրցանիշ) տիտղոսը շահեցաւ: Եոսեֆ Փեյնթսիլ եւ Տեյան Եովելիչ նշանակեցին Կալաքսիի կոլերը առաջին 13 վայրկեաններուն: Դաշտին վրայ պայքարը շատ սուր էր, ուր Կալաքսի Փուիճի...

Ֆորմիւլա 1.  «Մաքլարեն» 1998-էն Ի Վեր Առաջին Անգամ Ըլլալով Ախոյեան

Ֆորմիւլա 1. «Մաքլարեն» 1998-էն Ի Վեր Առաջին Անգամ Ըլլալով Ախոյեան

Երէկ Ապու Տապիի կրան փրին փակեց 2024-ի Ֆորմիւլա 1-ի օրացոյցը, եւ «Մաքլարեն» 1998-էն ի վեր առաջին անգամ ըլլալով շահեցաւ ինքնաշարժներու ախոյեանութիւնը: «Մաքլարեն» այս վերջին կրան փրիին առաջին երկու դիրքերէն սկսաւ մրցումը, Նորիսի եւ Փիասթրիի հետ, մինչ Վալթերի Պոթաս, Սերխիօ Փերես, Ժու Կուանյու, Քեւին Մանուսըն եւ Ֆրանքօ Քոլափենթօ շատ հաւանաբար իրենց վերջին կրան փրին կատարեցին Ֆորմիւլա 1-ի մէջ: Մրցումը հազիւ սկսած,...

«Էն. Պի. Էյ.»  Եոքիչ 56 Կէտ Նշանակեց, Բայց Տենվըր Պարտուեցաւ

«Էն. Պի. Էյ.» Եոքիչ 56 Կէտ Նշանակեց, Բայց Տենվըր Պարտուեցաւ

«Էն. Պի. Էյ.»-ի մրցումները շարունակուեցան շաբաթավերջին, երբ 2023-ի ախոյեան Տենվըր Նակեթց մայրաքաղաք Ուաշինկթընի մէջ 122-113 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց Ուաշինկթըն Ուիզըրտծէն: Պէտք է ըսել, որ Տենվըր հակառակ Նիքոլա Եոքիչի լաւ խաղարկութեան, այս տարի բաւական ձախող ելոյթներ կ՛ունենայ եւ իր 7-րդ պարտութիւնը կրեց վերջին 11 մրցումներուն: Երէկ Եոքիչ 56 կէտ եւ 16 ռիպաունտ ձեռք ձգեց, մինչ իր խմբակիցները` Սթրոթըր (18 կէտ),...

Ակումբներու Մոնտիալ.  Մանչեսթըր Սիթի Եւ Եուվենթուս Նոյն Խմբակին Մէջ

Ակումբներու Մոնտիալ. Մանչեսթըր Սիթի Եւ Եուվենթուս Նոյն Խմբակին Մէջ

Հինգշաբթի գիշեր տեղի ունեցաւ աշխարհի ակումբներու մոնտիալի կամ աւելի պարզ լեզուով աշխարհի ակումբներու ախոյեանութեան վիճակաձգութիւնը, որ առաջին անգամ ըլլալով տեղի պիտի ունենայ 32 խումբերու մասնակցութեամբ: Նախապէս ՖԻՖԱ-ն միջցամաքամասային խտացուած մրցաշարք մը կը կատարէր, բայց այժմ ֆութպոլը վերածուած է վաճառականութեան, եւ ՖԻՖԱ-ն ամէն ձեւով կը փորձէ մրցաշարքեր երկարել կամ կազմակերպել աւելի եկամուտ ստանալու համար, մինչ մարզիկները գրեթէ դադար չեն ունենար, եւ...

«Եու. Էֆ. Սի.».  Արման Ծառուկեանի Տիտղոսի Մրցումը` 18 Յունուար 2025-ին

«Եու. Էֆ. Սի.». Արման Ծառուկեանի Տիտղոսի Մրցումը` 18 Յունուար 2025-ին

«Եու. Էֆ. Սի.»-ն հաստատեց խառն մենամարտերու թեթեւ կշիռի (70 քկ) ախոյեանութեան տիտղոսի մրցումը, Հայաստանը ներկայացնող Արման Ծառուկեանի եւ «Եու. Էֆ. Սի.»-ի այժմու ախոյեան Իսլամ Մախաչեւի միջեւ մենամարտը: Մենամարտը տեղի պիտի ունենայ 18 յունուար 2025-ին, Լոս Անճելըսի մէջ (Միացեալ Նահանգներ): Արման Ծառուկեան 25 մենամարտ ունեցած է մինչեւ օրս եւ 22 յաղթանակ արձանագրած, մինչ Մախաչեւ իր կատարած 27 մրցումներէն 26-ը յաղթած է:...

Փարիզ Սեն Ժերմեն Հետաքրքրուած Է Սփերձեանի Ծառայութիւններով

Փարիզ Սեն Ժերմեն Հետաքրքրուած Է Սփերձեանի Ծառայութիւններով

Հայաստանի ազգային խումբի եւ Կրասնոտարի միջնապահ Էտուարտ Սփերձեանը կրնայ շարունակել իր ասպարէզը Փարիզ Սեն Ժերմենի հետ: «Սփորթ»-ի համաձայն, ֆրանսական ակումբը լուրջ հետաքրքրութիւն ցուցաբերած է 24 տարեկան ֆութպոլիստին նկատմամբ: Կը հաղորդուի, որ փարիզեան կազմը պատրաստ է միջնապահին համար 20 միլիոն եւրօ վճարելու: Նոյն ժամանակ, աղբիւրը կը նշէ, որ Կրասնոտարի սեփականատէր Սերկէյ Կալիցքի չի ցանկար բաժնուիլ խումբին խմբապետէն` մինչեւ այս տարեշրջանի աւարտը:...

Ճատրակ.  12 Մասնակիցներ Պիտի Մասնակցին  Նիւ Եորքի Աշխարհի Ախոյեանութեան

Ճատրակ. 12 Մասնակիցներ Պիտի Մասնակցին Նիւ Եորքի Աշխարհի Ախոյեանութեան

26-28 դեկտեմբերին Նիւ Եորքի (Միացեալ Նահանգներու) մէջ տեղի կ՛ունենայ ճատրակի արագ եւ կայծակնային աշխարհի ախոյեանութիւնը, ինչպէս կը յայտնէ Հայաստանի ճատրակի ֆետերասիոնի քարտուղարութիւնը: Հայաստան պիտի ունենայ 12 մասնակից: Տղոց հաւաքականին մաս պիտի կազմեն Զաւէն Անդրէասեան, Կարէն Գրիգորեան, Հայկ Մ. Մարտիրոսեան, Տիգրան Լ. Պետրոսեան, Շանթ Պետրոսեան, Ռոպերթ Յովհաննիսեան, Արամ Յակոբեան եւ Էմին Օհանեան: Աղջկանց մրցաշարքին կը մասնակցին Աննա Սարգսեան, Լիլիթ Մկրտչեան, Էլինա...

Չանչարեւիչ Վիրաւոր Վիճակով Աւարտեց Մրցումը

Չանչարեւիչ Վիրաւոր Վիճակով Աւարտեց Մրցումը

Հայաստանի փոխախոյեան Նոա ակումբի բերդապահ Օկնյեն Չանչարեւիչ, քանի մը օր առաջ Հայաստանի բարձրագոյն դասակարգի գծով կարեւոր մրցումի մը պահուն վիրաւորուած էր, բայց ինքզինք գտնելէ ետք շարունակած էր մրցումը մինչեւ աւարտ: Հայաստանի ազգային խումբի բերդապահ Չանչարեւիչ, որ Արարատ-Արմենիայի հետ յետաձգուած մրցումին հերոսական ելոյթ ունեցաւ, մեծ ցաւերու մէջ էր, կորսնցուցած էր իր ուշքը, սակայն քանի մը վայրկեան դարմանուելէ ետք դաշտին վրայ եւ...

«Էն. Պի. Էյ.»  Քլիվլենտ Իր 20-րդ Յաղթանակը Արձանագրեց

«Էն. Պի. Էյ.» Քլիվլենտ Իր 20-րդ Յաղթանակը Արձանագրեց

Քլիվլենտ Քեվելիրզ այս տարեշրջանի իր յաջող ելոյթները կը շարունակէ եւ երէկ 126-114 արդիւնքով յաղթելով 2023-ի ախոյեան Տենվըր Նակեթցին ձեռք ձգեց իր 20-րդ յաղթանակը, 23 մրցումներու ընթացքին: Քլիվլենտ, որ պարտուած է միայն ախոյեան Պոսթըն Սելթիքսէն եւ Աթլանթա Հոքսէն (2 անգամ), անգամ մը եւս իր խմբային խաղով տպաւորեց, ուր 4 մարզիկներ 20 կէտերէ աւելի նշանակեցին: Տոնավըն Միչել (28 կէտ), Տարիըս Կարլենտ (24...

Ֆորմիւլա 1. «Մաքլարեն» Եւ «Ֆեռարի» Կը Մրցին.  Համիլթըն Կ՛աւարտէ Իր «Մերսետես»-ի Ասպարէզը

Ֆորմիւլա 1. «Մաքլարեն» Եւ «Ֆեռարի» Կը Մրցին. Համիլթըն Կ՛աւարտէ Իր «Մերսետես»-ի Ասպարէզը

Լուիս Համիլթըն վաղը իր վերջին կրան փրին պիտի կատարէ «Մերսետես»-ի հետ եւ յառաջիկայ տարի պիտի միանայ «Ֆեռարի»-ին: Համիլթընի նախկին եւ ապագայի խումբերը` «Մաքլարեն» եւ «Ֆեռարի» վաղը կը վճռեն այս տարուան ինքնաշարժներու ախոյեանի տիտղոսը, Ապու Տապիի կրան փրիի աւարտին: Նոյնիսկ եթէ Վերշթափըն (Ռետ Պուլ) արդէն իսկ ապահոված է իր 4-րդ յաջորդական ախոյեանի տիտղոսը Եաս Մարինայի լոյսերուն տակ, ժամանակաշրջան մը պիտի աւարտի...

Եւրոպական Ֆութպոլ.  Լիվըրփուլի Հաւասարութիւնը Մօտեցուց Չելսին Եւ Արսենալը

Եւրոպական Ֆութպոլ. Լիվըրփուլի Հաւասարութիւնը Մօտեցուց Չելսին Եւ Արսենալը

Լիվըրփուլի 9 կէտի առաւելութիւնը 7-ի նուազեցաւ, երբ Նիւքեսըլի դաշտին վրայ 2 կարեւոր կէտեր կորսնցուց: «Սենթ Ճէյմս Փարք»-ին մէջ տեղի ունեցած մրցումը արագ սկսաւ Նիւքեսըլի յարձակումներով, եւ սկիզբէն յայտնի էր, որ Լիվըրփուլ դժուար մրցում մը պիտի ունենար: 2-րդ վայրկեանին, Սանտրօ Թոնալի քառակուսիին ծայրէն տուաւ ռմբային հարուած մը, զոր Քելեհեր լաւ ձեւով զսպեց` զայն ուղղելով դէպի քոռնըր: Մինչեւ 14-րդ վայրկեան Լիվըրփուլ մրցումի...

Հեծելարշաւ.  Ռեմքօ Էվենեփուլ Վիրաբուժութեան Ենթարկուեցաւ

Հեծելարշաւ. Ռեմքօ Էվենեփուլ Վիրաբուժութեան Ենթարկուեցաւ

Հեծելարշաւի պելճիքացի ախոյեան Ռեմքօ Էվենեփուլ վիրաբուժութեան ենթարկուեցաւ եւ երկար պայքար ունի տանելիք վերադառնալու հեծելարշաւի աշխարհ: Էվենեփուլ երեքշաբթի երեկոյեան իր հեծանիւով փորձ կ՛ընէր Անտըրլեխթի մէջ, երբ անակնկալ ձեւով նամակաբաշխ ինքնաշարժի մը դուռը բացուեցաւ` պատճառ դառնալով արկածի մը, որուն պատճառով, հեծանիւը երկուքի բաժնուեցաւ, մինչ Էվենեփուլ կոտրտուքներ ունեցաւ մարմնին անդամներուն վրայ: Ան կոտրեց իր կողոսկրը, աջ թեւը, ուսը, մինչ թոքերը վնասուեցան կողի ոսկորներուն...

Թենիս.  Ճոքովիչ Կը Պատրաստուի Աւստրալիոյ Թենիսի Բաց Մրցաշարքին

Թենիս. Ճոքովիչ Կը Պատրաստուի Աւստրալիոյ Թենիսի Բաց Մրցաշարքին

Նովաք Ճոքովիչ իր 2025 տարուան պատրաստութիւններուն պիտի սկսի մասնակցելով Պրիզպընի մրցաշարքին` լաւապէս պատրաստուելու իր 25-րդ կրան շլեմի տիտղոսին համար, վերստին իր փայլքը գտնելու նպատակով` 2024-ի ոչ յուսադրիչ տարիէն վերջ: Պրիզպընի մրցաշարքը կը սկսի 29 դեկտեմբերին եւ կ՛աւարտի 5 յունուարին, եւ պիտի ըլլայ առաջին գործակցութիւնը Անտի Մարէյի հետ, որ անցեալ նոյեմբերին սկսաւ մարզել Ճոքովիչը: Սերպ աստղը 10 անգամ շահած է Աւստրալիոյ...

«Էն. Պի. Էյ.»  Լէյքըրզ Պարտութիւն Մը Եւս Կրեց

«Էն. Պի. Էյ.» Լէյքըրզ Պարտութիւն Մը Եւս Կրեց

«Էն. Պի. Էյ.»-ի մրցումները շարունակուեցան երէկ, եւ Լոս Անճելըս Լէյքըրզ Մայեմիի մէջ 93-134 արդիւնքով ծանր պարտութիւն մը կրեց Մայեմի Հիթէն: Լէյքըրզի 6-րդ պարտութիւնն էր իր վերջին 8 մրցումներուն, եւ վերջին երկու մրցումներուն միասնաբար 70 կէտի տարբերութեամբ: Մայեմի պահ մը 43 կէտի առաւելութիւն ունեցաւ Լէյքըրզի վրայ: Թայլըր Հերրօ 31 կէտ նշանակեց ի նպաստ Մայեմիի, մինչ Ճիմի Պաթլըր (17 կէտ) եւ Պեմ...

Կարճ Լուրեր Ֆութպոլի Աշխարհէն

Կարճ Լուրեր Ֆութպոլի Աշխարհէն

- ԹԷԵՒ Պարսելոնա այս ձմրան փոխանցումներու պատուհանին բացման կարողութիւն չունի ոեւէ մարզիկ ձեռք ձգելու, բայց ակումբը կը շարունակէ լրջօրէն հետեւիլ տաղանդաւոր մարզիկներու: Այժմ Պարսելոնա իր կեդրոնացումը ուղղած է 21 տարեկան խրուաթ Մարթին Պաթուրինայի, որ Տինամօ Զաղրեպի հետ լաւ ելոյթներ կ՛ունենայ: - ԸՍՏ «Մարքա»-ի, պրազիլցի յառաջապահ Նէյմար մինչեւ 2024-2025 տարեշրջանի աւարտը պիտի մնայ Հիլալի հետ: Ըստ որոշ տեղեկութիւններու, Նէյմար կրնայ հեռանալ...

Page 154 of 1275 1 … 153 154 155 … 1,275

Արխիւներ