Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ծանրաբարձութիւն. Գառնիկ Չոլաքեան Փոքր Պրոնզ Մետալ Շահեցաւ

December 9, 2024
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պահրէյնի մայրաքաղաք Մանամայի մէջ սկսաւ 2024-ի աշխարհի ծանրաբարձութեան ախոյեանութիւնը:

61 քկ կշիռի մրցումներուն, Հայաստանի ներկայացուցիչ Գառնիկ Չոլաքեան երկամարտի մրցումներուն 7-րդ դիրքը գրաւած է: Բ. խմբակին մէջ ան առաջին դիրքը գրաւած էր (130+150 քկ), սակայն Ա. խմբակին արդիւնքներէն ետք ան 7-րդ դիրքը գրաւեց:

Եւրոպայի 23 տարեկանէն վար կրկնակի եւ երիտասարդներու աշխարհի ախոյեան Չոլաքեան արաշէի մրցումներուն կրցաւ փոքր պրոնզէ մետալ շահիլ:

Առաջին դիրքը գրաւեց հիւսիսային քորէացի Փաք Միոն Ճին` երկամարտի (132+173) արդիւնքով:

Նշենք, որ Պահրէյնի թագաւորութեան Ողիմպիական կոմիտէի գլխաւոր քարտուղար Ֆարես Մուսթաֆա Քահուճէի հրաւէրով, Մանամայի մէջ գտնուող Հայաստանի վարչապետի աշխատակազմի ղեկավար Արայիկ Յարութիւնեան մրցաշարքի բացումէն առաջ ներկայ գտնուած էր ծանրաբարձութեան միջազգային ֆետերասիոնի համագումարին:

Համագումարի ընթացքին ստորագրուած փաստաթուղթով վաւերացուած էր Հայաստանի իրաւունքը` կազմակերպելու 2027-ի աշխարհի ախոյեանութիւնը, ինչպէս նաեւ նշուած էին երկկողմանի պարտաւորութիւնները այդ մրցաշարքին ժամանակ:

Նշուած է նաեւ, որ ըստ էութեան, Հայաստան 2027-ին պիտի դառնայ մարզական մեծ կեդրոն, ուր, բացի ծանրաբարձութեան ախոյեանութենէն տեղի պիտի ունենան նաեւ ֆրանսախօս երկիրներու խաղերը եւ Եւրոպայի մարմնամարզութեան ախոյեանութիւնը: Համագումարին մասնակիցները հրաւիրուած են այդ օրերը անցընելու մայրաքաղաք Երեւանի մէջ:

 

 

Նախորդը

«Էմ. Էլ. Էս.». Լոս Անճելըս Կալաքսի Շահեցաւ Ախոյեանութիւնը

Յաջորդը

«Արհեստական Բանականութիւն»-ը Կազմեց Հայաստանի Լաւագոյն Ֆութպոլիստներու Խորհրդանշական Հաւաքականը

RelatedPosts

Լիբանանի Գ. Դասակարգի Ախոյեանութիւն.  Այս Շաբաթ` Ահլի Սայտա – ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ
Մարզական

Լիբանանի Գ. Դասակարգի Ախոյեանութիւն. Այս Շաբաթ` Ահլի Սայտա – ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ

January 15, 2026
Քարիք Նշանակուեցաւ Եունայթըտի Մարզիչ, Իսկ Արպելոա` Ռէալ Մատրիտի
Մարզական

Քարիք Նշանակուեցաւ Եունայթըտի Մարզիչ, Իսկ Արպելոա` Ռէալ Մատրիտի

January 15, 2026
Սեմենիօ Իր Առաջին Մրցումին Նշանակեց Եւ Սիթի Յաղթեց
Մարզական

Սեմենիօ Իր Առաջին Մրցումին Նշանակեց Եւ Սիթի Յաղթեց

January 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.