Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Եւրոպական Ֆութպոլ. Լիվըրփուլի Հաւասարութիւնը Մօտեցուց Չելսին Եւ Արսենալը

December 6, 2024
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Լիվըրփուլի 9 կէտի առաւելութիւնը 7-ի նուազեցաւ, երբ Նիւքեսըլի դաշտին վրայ 2 կարեւոր կէտեր կորսնցուց:

«Սենթ Ճէյմս Փարք»-ին մէջ տեղի ունեցած մրցումը արագ սկսաւ Նիւքեսըլի յարձակումներով, եւ սկիզբէն յայտնի էր, որ Լիվըրփուլ դժուար մրցում մը պիտի ունենար: 2-րդ վայրկեանին, Սանտրօ Թոնալի քառակուսիին ծայրէն տուաւ ռմբային հարուած մը, զոր Քելեհեր լաւ ձեւով զսպեց` զայն ուղղելով դէպի քոռնըր: Մինչեւ 14-րդ վայրկեան Լիվըրփուլ մրցումի մթնոլորտին մէջ մտած չէր տակաւին, երբ միջնապահ Ալեքսիս Մաքալիսթըր զօրաւոր հարուածով մը փորձեց գրաւել Նիւքեսըլի բերդը: Յաջորդ քոռնըրին նոյնինքն Մաքալիսթըրի ուժգին հարուածը զսպեց… Նիւքեսըլի բերդին սիւնը: 5 վայրկեան ետք, Ճէյքոպ Մըրֆի իր կարգին ցնցեց Լիվըրփուլի բերդը` հարուածելով սիւնին: 35-րդ վայրկեանին, շուէտացի Ալեքսանտր Իսաք գեղեցիկ փոխանցում մը ստանալէ ետք Պրունօ Կիմարայեշէն, անզսպելի հարուածով նշանակեց Նիւքեսըլի եւ մրցումի առաջին կոլը: 3 վայրկեան ետք, Անթոնի Կորտըն առանձին մնաց Քելեհերի հետ, որ Լիվըրփուլը փրկեց 2-րդ անխուսափելի կոլէ մը:

Ձախող կիսախաղէ մը ետք, Լիվըրփուլ շատ աւելի լաւ էր Բ. կիսախաղին, եւ 50-րդ վայրկեանին, Մոհամետ Սալահ շատ գեղեցիկ խաղարկութենէ ետք գնդակը հասցուց Քըրթիս Ճոնզի, որ լաւ ձեւով կրցաւ խաբել Նիւքեսըլի բերդապահ Նիք Փոփը` նշանակելով Լիվըրփուլի հաւասարութեան կոլը:

62-րդ վայրկեանին, Իսաքի փոխանցումէն օգտուելով, Անթոնի Կորտըն նշանակեց Նիւքեսըլի 2-րդ կոլը: 6 վայրկեան ետք, Լիվըրփուլ հաւասարեցաւ Սալահի միջոցով: Սալահ 82-րդ վայրկեանին ձողին դպցուց գնդակը, որ քանի մը վայրկեան ետք Առնոլտի փոխանցումով անգամ մը եւս հասաւ Սալահին, որ խաբելէ ետք մրցակից մը 3-2-ի վերածեց արդիւնքը: Կը կարծուէր, թէ Լիվըրփուլ պիտի արձանագրէ իր յաջորդական 8-րդ յաղթանակը, բայց Ֆապիան Շար 90-րդ վայրկեանին նշանակեց Նիւքեսըլի հաւասարութեան կոլը` յոյս տալով Չելսիին եւ Արսենալին, որ մօտենան պարագլուխի դիրքին:

4-րդ դիրքը գրաւող Մանչեսթըր Սիթի 7 մրցում պարտուելէ ետք վերջապէս յաղթանակ մը արձանագրեց 3-0 արդիւնքով` Նոթինկհամ Ֆորեսթի դէմ: Պրունօ Սիլվա, Քեւըն Տը Պրունյէ եւ Ժերեմի Տոքիւ նշանակեցին Սիթիի 3 կոլերը:

Մանչեսթըր Եունայթըտ դժուար մրցում մը ունեցաւ Արսենալի դաշտին վրայ, վերջինս 2-0 արդիւնքով յաղթեց «Կարմիր սատանաներ»-ուն: Եուրիեն Թիմպըր եւ Ուիլիամ Սալիպա նշանակեցին Արսենալի 2 կոլերը: Նկատելի բան մըն է, որ Արսենալի կոլերուն մեծամասնութիւնը քոռնըրներէ կը նշանակուին, պաշտպաններ Սալիպա, Կապրիէլ, իսկ այս մրցումին Թիմպըր այս ձեւով կրցան կոլ նշանակել:

Չելսի իր կարգին իր «դրացի-թշնամի» Արսենալի նման յաղթեց եւ կոլերու տարբերութեամբ գրաւեց Բ. դիրքը: «Սենթ Մերի Սթատիում»-ին վրայ Սաութհեմփթըն կը հիւրընկալէր Չելսին, որ շատ անխնայ եղաւ` 5 կոլ նշանակելով: Հակառակ անոր որ Սաութհեմփթըն ինք բացած էր մրցումին հաշիւը, Տիսասի, Նքունքու, Մատուեքէ, Փալմըր եւ Սանչօ 5 անգամ պատասխանեցին` 3 կէտեր աւելցնելով լոնտոնեան ակումբի հաշիւին վրայ:

Ստորեւ` 14-րդ հանգրուանի մրցումներուն արդիւնքները.

Արսենալ – Մանչեսթըր Եունայթըտ 2-0
Ասթոն Վիլա – Պրենթֆորտ 3-1
Էվըրթըն – Վուլվզ 4-0
Մանչեսթըր Սիթի – Նոթինկհամ Ֆորեսթ 3-0
Նիւքեսըլ – Լըվըրփուլ 3-3
Սաութհեմփթըն – Չելսի 1-5
Լեսթըր Սիթի – Ուեսթ Համ 3-1
Իփսուիչ – Քրիսթըլ Փելես 0-1

ԴԱՍԱՒՈՐՈՒՄ ԿԷՏ
1.- Լիվըրփուլ 35 (29-11)
2.- Չելսի 28 (31-15)
3.- Արսենալ 28 (28-14)
4.- Մանչեսթըր Սիթի 26 (25-19)
5.- Պրայթըն 23 (22-17)
………………. ……………….
18.- Իփսուիչ 9 (13-25)
19.- Վուլվզ 9 (22-36)
20.- Սաութհեմփթըն 5 (11-30)

– Սպանիոյ «Լա լիկա»-ի 19-րդ հանգրուանի մրցումներուն գծով, յառաջաձգուած մրցումի մը, Ռէալ Մատրիտ 2-1 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց Աթլեթիք Պիլպաոյի դաշտին վրայ: Անգամ մը եւս ուշադրութիւնը կեդրոնացած էր Քիլիան Էմպափէի վրայ, որ 68-րդ վայրկեանին փենալթի մը կորսնցուց: Էմպափէ 14-րդ վայրկեանին կոլ մըն ալ նշանակած էր, սակայն ՎԱՐ-ը չվաւերացուց զայն, որովհետեւ յարձակումի սկիզբը օֆ-սայտի դիրքի վրայ մարզիկ կար: 53-րդ վայրկեանին սպանացի Ալեքս Պերենկեր Ռէալ Մատրիտի քառակուսիին մէջ իրարանցումէ մը ետք նշանակեց Պիլպաոյի առաջին կոլը: 78-րդ վայրկեանին անգլիացի Ճուտ Պելինկհամ նշանակեց Ռէալի հաւասարութեան կոլը «նուէր» մը ստանալէ ետք, սակայն 2 վայրկեան ետք, Կորքա Կուրուզեթա, օգտուելով Ռէալի պաշտպանողական գիծի  սխալներէն, նշանակեց Պիլպաոյի 2-րդ կոլը: Պիլպաօ 4-րդ դիրք բարձրացաւ, մինչ Ռէալ 33 կէտով մնաց Բ. դիրք` 4 կէտով ետ մնալով Պարսելոնայէն, որ օր մը առաջ 5-1 արդիւնքով յաղթած էր Մայորքայի դաշտին վրայ:

– Գերմանիոյ բաժակի մրցումներուն, Այնթրախթ Ֆրանքֆորթ 3-0 արդիւնքով ծանր պարտութիւն կրեց Ռետ Պուլ Լայփցիկի դաշտին վրայ: Պենիամին Շեքշօ եւ Լոյս Օփենտա (2) նշանակեցին Լայփցիկի 3 կոլերը:

Քէօլն 2-1 արդիւնքով մեծ դժուարութեամբ դուրս ձգեց Հերթա Պերլինը: Հերթա Պերլին 12-րդ վայրկեանին բացած էր մրցումին հաշիւը փենալթիով` Մազայի շնորհիւ, բայց 25-րդ վայրկեանին ստիպուած էր 10 հոգիով շարունակել մրցումը, երբ Զիֆուիք կարմիր քարտ մը ստացաւ: Աւելի՛ն, Հերթայի պաշտպան Նիտերլեխնըր իր բերդին մէջ (սխալմամբ) նշանակեց Քէօլնի հաւասարութեան կոլը: Մրցումին արդիւնքը մնաց անփոփոխ մինչեւ 120-րդ վայրկեան, երբ Քրիսթենսըն փենալթի մը «նուիրեց» Քէօլնի: Տեյան Լիուպիչիչ 121-րդ վայրկեանին նշանակեց փենալթին, եւ Քէօլն հասաւ յաջորդ հանգրուան:

Վոլֆսպուրկ 3-0 արդիւնքով յաղթեց Հոֆենհայմին, իսկ Աուկզպուրկ փենալթիներով դուրս ձգեց Քարլսրուհէն:

– Իտալիոյ բաժակի մրցաշարքի մրցումներուն գծով, Էմփոլի 2-2 արդիւնքով հաւասարութեամբ աւարտելէ ետք Ֆիորենթինայի դէմ մրցումը, այս վերջինիս դաշտին վրայ, փենալթիներով կրցաւ դուրս ձգել Ֆիրենցէի ակումբը:

 

 

Նախորդը

Հեծելարշաւ. Ռեմքօ Էվենեփուլ Վիրաբուժութեան Ենթարկուեցաւ

Յաջորդը

Ալիեւ. «Հայաստանը Պէտք Է Բանակցութիւններու Սկսի Արեւմտեան Ազրպէյճանական Համայնքին Հետ»

RelatedPosts

Պէյրութ Մարաթոն Միութիւն.  «Փոյնթ Զիրօ» Մրցումը Յաջողութեամբ Աւարտեցաւ
Մարզական

Պէյրութ Մարաթոն Միութիւն. «Փոյնթ Զիրօ» Մրցումը Յաջողութեամբ Աւարտեցաւ

October 8, 2026
Ճիւտօ.  Նարեկ Վարդանեան Յաղթեց Իր Թուրք Մրցակիցին
Մարզական

Ճիւտօ. Նարեկ Վարդանեան Յաղթեց Իր Թուրք Մրցակիցին

October 8, 2026
Մարմնամարզութիւն.  Հայաստանի Հաւաքականը Ուսումնամարզական Հաւաք Կ՛ունենայ
Մարզական

Մարմնամարզութիւն. Հայաստանի Հաւաքականը Ուսումնամարզական Հաւաք Կ՛ունենայ

October 8, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.