Մարզական

Բռնցքամարտ.  Յովհաննէս Պաչքով Նաք-Աութով Յաղթական

Բռնցքամարտ. Յովհաննէս Պաչքով Նաք-Աութով Յաղթական

Թոքիոյի Ողիմպիական խաղերու պրոնզէ մետալակիր, աշխարհի քառակի պրոնզէ մետալակիր, Եւրոպայի եռակի ախոյեան Յովհաննէս Պաչքով (63,5 քկ) 6-րդ յաղթանակը տարաւ բռնցքամարտի իր արհեստավարժ ասպարէզին ընթացքին: 32 տարեկան մարտիկը Տուպայի մէջ ճակատեցաւ Թանզանիոյ ներկայացուցիչ Սվահիպու Ռամազանի դէմ եւ յաղթեց նաք-աութով: Նշենք, որ գիւմրեցի բռնցքամարտիկը արհեստավարժ ռինկի վրայ 6 մրցումներ կատարած է եւ տարած նոյնքան յաղթանակ:

Չեմփիընզ Լիկ.  Ռէալ Մատրիտ, Պայերն Միւնիխ, Լիվըրփուլ  Եւ Փարիզ Սեն Ժերմեն Յաղթեցին

Չեմփիընզ Լիկ. Ռէալ Մատրիտ, Պայերն Միւնիխ, Լիվըրփուլ Եւ Փարիզ Սեն Ժերմեն Յաղթեցին

Երեքշաբթի գիշեր, «Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ի «Չեմփիընզ լիկ»-ի 6-րդ շաբթուան մրցումներուն, ախոյեան Ռէալ Մատրիտ կրցաւ 3-2 արդիւնքով յաղթական դուրս գալ Աթալանթայի դաշտէն, մինչ Ինթեր Միլան չկրցաւ դրական արդիւնքով վերադառնալ Գերմանիայէն, ուր պարտութիւն մը կրեց Պայեր Լեւերքուզընէն` ստանալով «Չեմփիընզ լիկ»-ի առաջին կոլը: Լիվըրփուլ 1-0 արդիւնքով դժուարութեամբ յաղթեց Ժիրոնայի դաշտին վրայ, ուր յամառ Ժերոնա պայքարեցաւ մինչեւ վերջ` կասեցնելու Լիվըրփուլի յարձակումները: Պայերն Միւնիխ...

Նոյըր Հաւանաբար Վերադառնայ 2025-ին

Նոյըր Հաւանաբար Վերադառնայ 2025-ին

Պայերն Միւնիխի մարզիչ Վենսան Քոմփանի վերջերս յայտնեց, որ բերդապահ Մանուէլ Նոյըր շատ հաւանական է, որ այս տարի դաշտ չներկայանայ «կարմիրներ»-ուն հետ: «Մանուէլ Նոյըր կողոսկրի կոտրուածք ունի: Ան շատ հաւանաբար այս տարի այլեւս չխաղայ: Յոյսով ենք, որ ան յունուար 2025-ին կը վերադառնայ», ըսաւ Քոմփանի: 38 տարեկան Նոյըր անցեալ շաբթուան կիսուն Գերմանիոյ բաժակի մրցաշարքին գծով Պայեր Լեւերքուզընի դէմ մրցումին յարձակում մը կասեցնելու...

«Ֆիֆփրօ»-ի 2024-ի Լաւագոյն 11-ին Մէջ  Մեսսի Եւ Ռոնալտօ` Բացակայ

«Ֆիֆփրօ»-ի 2024-ի Լաւագոյն 11-ին Մէջ Մեսսի Եւ Ռոնալտօ` Բացակայ

Արհեստավարժ ֆութպոլիստներու միութեան միջազգային ֆետերասիոնը` «Ֆիֆփրօ» հրապարակեց 2024-ի տարուան խորհրդանշական հաւաքականը: Շաբաթ մը առաջ յայտնի դարձած էին եւ հրապարակուած թեկնածու մարզիկներուն անունները, իսկ այժմ կազմակերպութիւնը ներկայացուցած է խորհրդանշական հաւաքականի վերջնական տարբերակը: Հակառակ անոր որ թեկնածու մարզիկներու կարգին էին Լիոնել Մեսսի եւ Քրիսթիանօ Ռոնալտօ, սակայն այս զոյգէն ոչ մէկը ներկայ էր վերջնական 11-ին մէջ: Ստորեւ` լաւագոյն կազմը. ԲԵՐԴԱՊԱՀ.- Էտերսոն (Մանչեսթըր Սիթի)...

Էնտրիք Շատ Ուրախ Չէ…

Էնտրիք Շատ Ուրախ Չէ…

Ռէալ Մատրիտի 18 տարեկան յառաջապահ Էնտրիք մտադիր չէ յունուարին վարձավճարով տեղափոխուելու ուրիշ խումբ, հակառակ անոր որ յաւելեալ ժամանակ կը ցանկայ խաղալ: Ըստ «Մարքա»-ի, պրազիլցի Էնտրիք վճռական ձեւով տրամադրուած է խումբի մարզիչ Քարլօ Անչելոթթիին ապացուցելու սպանական ակումբին հետ խաղալու իրաւունքը եւ կը ցանկայ սպասել իրեն եկած առիթին: Էնտրիք այս տարեշրջանը կը նկատէ իբրեւ փորձութիւն` իր համբերութեան, մարմինին եւ միտքին համար: Եթէ...

«Էն. Պի. Էյ.»  Եաննիս Անթեթոքումփոյի 37 Կէտերը Օգնեցին Պաքսին

«Էն. Պի. Էյ.» Եաննիս Անթեթոքումփոյի 37 Կէտերը Օգնեցին Պաքսին

«Էն. Պի. Էյ.»-ի «Էմիրէյթց Քափ»-ի մրցումներու քառորդ աւարտականին, Միլուոքի Պաքս 114-109 արդիւնքով դժուար յաղթանակ մը տարաւ Օրլանտօ Մեճիքի դէմ եւ հասաւ Արեւելեան շրջանի աւարտական: Յոյն «հսկայ» Եաննիս Անթեթոքումփօ 37 կէտ նշանակեց ի նպաստ Միլուոքիի, որուն մարզիկներէն Տեմիըն Լիլըրտ իր 28 կէտերէն 15-ը նշանակեց վերջին մասին, դժուարութեամբ պարտութեան մատնելով Օրլանտոն, որմէ կը բացակային Փաուլօ Պանչերոն եւ գերմանացի Ֆրանց Վակնըրը: Անթեթոքումփօ 7...

Պայերն Միւնիխ Մրցանշային Եկամուտ Ունեցած Է Անցեալ Տարեշրջանէն

Պայերն Միւնիխ Մրցանշային Եկամուտ Ունեցած Է Անցեալ Տարեշրջանէն

Գերմանիոյ Պայերն Միւնիխ ակումբը 2023-2024 տարեշրջանէն մրցանշային եկամուտ ձեռք ձգած է: Նախորդ տնտեսական տարուան ընթացքին, Պայերնի ընդհանուր եկամուտը, որուն մէջ կը ներառուի պասքեթպոլի եւ ֆութպոլի ակումբներու եկամուտները, կազմած է 1,017 միլիառ եւրօ: Պայերն Միւնիխ Ա. Կէ. ընկերութիւնը, որ կը ղեկավարէ ֆութպոլի ուղղութիւնը, 951,5 միլիոն եւրոյի (մրցանիշ) եկամուտ ձեռք ձգած է: Ակումբի շահը նախքան հարկերու վճարումը նախորդ հաշուետու ժամանակաշրջանին համեմատ աճած...

«Էն. Պի. Էյ.»  Նիւ Եորք Նիքս Յաղթեց Թորոնթոյին

«Էն. Պի. Էյ.» Նիւ Եորք Նիքս Յաղթեց Թորոնթոյին

Նիւ Եորք Նիքս «Էն. Պի. Էյ.»-ի տարեշրջանի իր 24-րդ մրցումին կրցաւ 113-108 արդիւնքով յաղթական վերադառնալ Թորոնթօ Ռեփթըրզի դաշտէն` ձեռք ձգլով իր 15-րդ յաղթանակը, մինչ Թորոնթօ կրեց իր 18-րդ պարտութիւնը: Քարլ Անթոնի Թաունզ 24 կէտ եւ 15 ռիպաունտ ձեռք ձգեց ի նպաստ Նիքսի, որ իր 5-րդ յաղթանակը տարաւ վերջին 6 մրցումներուն: Մրցումը հաւասար կ՛ընթանար, երբ Թաունզ աւարտէն 36 երկվայրկեան առաջ լէյափով...

«Միխայիլ Վորոնին» Բաժակ.  Արթուր Դաւթեան` Ոսկի Մետալակիր

«Միխայիլ Վորոնին» Բաժակ. Արթուր Դաւթեան` Ոսկի Մետալակիր

Հայաստանի մարմնամարզութեան հաւաքականի անդամները յաջող ելոյթներ ունեցան «Միխայիլ Վորոնին»-ի անուան բաժակի մրցաշարքին: Մոսկուայի «Տինամօ» համալիրին մէջ տեղի ունեցած մրցաշարքին, Հայաստանի հաւաքականի անդամ, Ողիմպիական խաղերու արծաթէ մետալակիր, աշխարհի եւ Եւրոպայի ախոյեան Արթուր Դաւթեան դարձաւ մրցաշարքի բազմամարտի ոսկի մետալակիր: Հայաստանի երիտասարդական ազգային խումբի անդամ Համլեթ Մանուկեան երիտասարդներու մրցումներուն բազմամարտի երրորդ դիրքը գրաւեց` շահելով պրոնզ մետալ: Նշենք, որ ըստ «Արմէնփրես»-ի, այս մրցաշարքին մասնակցած...

Ռուսիոյ Ախոյեանութեան  Երթի Մրցումներէն Ետք.  Էտուարտ Սփերձեան` Լաւագոյն Մարզիկներու Կարգին

Ռուսիոյ Ախոյեանութեան Երթի Մրցումներէն Ետք. Էտուարտ Սփերձեան` Լաւագոյն Մարզիկներու Կարգին

Աշխարհահռչակ «Օփթա» վիճակագրական կայքը հրապարակած է Ռուսիոյ բարձրագոյն դասակարգի երթի լաւագոյն մարզիկներու անուանացանկը: Լաւագոյն մարզիկները ընտրուած են` օգտագործելով ամէն մարզիկի բոլոր դրական եւ բացասական գործողութիւններուն հանրագումարը: Օրինակ, դրական կէտեր տրուած են կոլի (10), էսիսթի (6), թաքըլի (2), փոխանցումի համար (0,2): Բացասական կէտեր տրուած են սխալմամբ իր բերդին մէջ նշանակելու, քարտ ստանալու, ֆաուլ կատարելու համար եւ այլն: Ցանկին մաս կը կազմէ...

Միխայիլ Անթոնիօ Մէկ Տարի Հեռու  Պիտի Մնայ Ֆութպոլէն

Միխայիլ Անթոնիօ Մէկ Տարի Հեռու Պիտի Մնայ Ֆութպոլէն

Ուեսթ Համի յառաջապահ Միխայիլ Անթոնիօ, որ շաբաթ օր իր «Ֆեռարի»-ով արկած մը ունեցած էր, վերաբուժութեան ենթարկուեցաւ եւ ըստ նախնական լուրերուն 1 տարի հեռու պիտի մնայ կանաչ դաշտերէն: Ժամայքացի յառաջապահը, որ Ուեսթ Համին մաս կը կազմէ 2015-էն ի վեր, 268 մրցում կատարած է` նշանակելով 68 կոլ: Ան 2016-ին եւ 2017-ին հրաւիրուեցաւ Անգլիոյ ազգային խումբ, սակայն մերժեց: Ան Ժամայքայի հետ սկսաւ խաղալ...

Տեն Էշուորթի Հրաժարականի  Պատճառները Պարզուեցան

Տեն Էշուորթի Հրաժարականի Պատճառները Պարզուեցան

Մանչեսթըր Եունայթըտի նախկին մարզական տնօրէն Տեն Էշուորթ շաբաթավերջին իր հրաժարականը ներկայացուցած էր` տարակարծութիւններ ունենալէ ետք ակումբի գործադիր տնօրէն Օմար Պերատայի հետ: Ըստ «Թոքսփորթ»-ի, Էշուորթի հրաժարականին հիմնական պատճառը առանցքային որոշումներ կայացնելու կարելիութենէն զրկուած ըլլալն է: Ան հինգ ամիս առաջ միացած էր Եունայթըտին, 2 տարի Նիւքեսըլի հետ նոյն պաշտօնին վրայ ըլլալէ ետք: Պերատայի հետ տարակարծութիւնները սկսած են, երբ այս վերջինը նախաձեռնած էր...

Նանի Լքեց Ֆութպոլը

Նանի Լքեց Ֆութպոլը

Փորթուգալցի ֆութպոլիստ Նանի 38 տարեկանին որոշեց վերջ տալ իր ասպարէզին: Նանի այս ամառ միացած էր փորթուգալեան Էսթրելլա Ամատորա ակումբին, որուն հետ 11 հանդիպումներու մաս կազմած էր` նշանակելով 1 կոլ: Վերջին հինգ հանդիպումներուն Լուիշ Նանի միայն մէկ մրցումի դաշտ ներկայացաւ: «Եկած է հրաժեշտի ժամանակը, ես որոշեցի աւարտել արհեստավարժ ֆութպոլիստի ասպարէզս: Անմոռանալի ճանապարհ մըն էր, ես կ՛ուզէի շնորհակալութիւն յայտնել իւրաքանչիւր անձի, որ...

Տել Փիերոն Կը Խօսի «Սերի Ա.»-ի  Թեկնածուներուն Մասին

Տել Փիերոն Կը Խօսի «Սերի Ա.»-ի Թեկնածուներուն Մասին

Եուվենթուսի եւ Իտալիոյ ազգային խումբի պատմական մարզիկներէն Ալեսանտրօ Տել Փիերօ խօսած է Իտալիոյ «Սերի Ա.»-ին մասին: Թէ ո՞վ պիտի շահի Սքուտեթթոն (ախոյեանութիւնը)... «Սիրտս կ՛ըսէ Եուվենթուսը... Բայց եթէ անկեղծ ըլլանք, այս տարեշրջանը կրնայ Աթալանթայինը ըլլալ, մանաւանդ որ Կասփերինիի խումբը պատրաստ է քայլ մը առջեւ ալ երթալու», ըսած է անկեղծ Տել Փիերոն: Պէտք է ըսել, որ այս տարեշրջանին բաւական մրցակցութիւն կայ քանի...

Ճատրակ.  Լիրեն Անմիջապէս Պատասխանեց` Շահելով 12-րդ Ճակատումը

Ճատրակ. Լիրեն Անմիջապէս Պատասխանեց` Շահելով 12-րդ Ճակատումը

Օր մը առաջ կորսնցնելէ ետք 11-րդ ճակատումին, աշխարհի ախոյեան Տինկ Լիրեն անսխալ մրցումէ մը ետք պարտութեան մատնեց հնդիկ վարպետ Կուքեշ Տին 12-րդ ճակատումին: Այժմ արդիւնքը 6-6 է, եւ տակաւին 2 ճակատում կայ: Հաւասարութեան պարագային պիտի շարունակուին ճակատումները, մինչեւ յաղթականի հռչակումը: Չինացի Լիրենը կը փորձէ պահել իր տիտղոսը, մինչ Կուքեշ կը փորձէ դառնալ ամէնէն երիտասարդ աշխարհի ախոյեանը 18 տարեկանին: Նշենք, որ...

«Ֆորմիւլա 1».  Տարեշրջանի Աւարտին Նորիս Մտաւ «Մաքլարեն»-ի Պատմութեան Էջերուն Մէջ

«Ֆորմիւլա 1». Տարեշրջանի Աւարտին Նորիս Մտաւ «Մաքլարեն»-ի Պատմութեան Էջերուն Մէջ

2024 տարին «Ֆորմիւլա 1»-ի աշխարհին մէջ եղաւ յատկանշական «Մաքլարեն»-ի համար, որ Լանտօ Նորիսի միջոցով դարձաւ ինքնաշարժներու աշխարհի ախոյեան 1998-էն ետք առաջին անգամ ըլլալով: Ճիշդ է, որ Օսքար Փիասթրին ալ դեր ունեցած էր տարեշրջանին ընթացքին, բայց կիրակի օրուան Ապու Տապիի կրան փրիին Նորիս իր հերոսական ելոյթով իր ետին ձգեց «Ֆեռարի»-ները, որոնք իրենց կարգին կը փորձէին ախոյեան դառնալ: Նորիս, որ իր ամբողջ...

Եւրոպական Ֆութպոլ.  Քոլ Փալմըրի Մրցանիշը  Եւ Նափոլիի Պարտութիւնը

Եւրոպական Ֆութպոլ. Քոլ Փալմըրի Մրցանիշը Եւ Նափոլիի Պարտութիւնը

Անգլիոյ «Փրեմիեր լիկ»-ի 15-րդ հանգրուանին, Լոնտոնի տերպիին Թոթենհամ 2-0 արդիւնքով յառաջանալէ ետք 4-3 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց Չելսիէն: Սոլանքէ եւ Քուլուշեւսքի նշանակեցին Թոթենհամի առաջին երկու կոլերը` 11 վայրկեանի ընթացքին, մինչ Սանչօ, Քոլ Փալմըր (փենալթի) եւ Էնզօ Ֆեռնանտես պատասխանեցին մինչեւ 73-րդ վայրկեան: 84-րդ վայրկեանին Փալմըր անգամ մը եւս փենալթիով կոլ նշանակեց` արձանագրելով Չելսիի համար մրցանիշ մը: Փալմըր 2024-ին «Փրեմիեր լիկ»-ի մէջ...

Ճատրակ.  Շանթ Սարգսեան Կը Մնայ Առաջին Դիրքի Վրայ

Ճատրակ. Շանթ Սարգսեան Կը Մնայ Առաջին Դիրքի Վրայ

Հայաստանի ճատրակի տղոց հաւաքականի անդամ Շանթ Սարգսեան կը մնայ առաջին դիրքին վրայ, Քաթարի «Մասթըրզ»-ի բաց մրցաշարքին, 5-րդ հանգրուանէն ետք: 9 հանգրուաններէ կազմուած այս մրցաշարքին, Շանթ Սարգսեան 4,5 կէտ ունի եւ հնդիկ վարպետ Մուրալ Քարթիքէեանի հետ կը գրաւէ պարագլուխի դիրքը: Հայաստանի միւս ներկայացուցիչները` Հայկ Մարտիրոսեան եւ Տիգրան Յարութիւնեան, 3,5 կէտ ունին: Նշենք, որ մրցաշարքը կ՛աւարտի 12 դեկտեմբերին:

Ծանրաբարձութիւն.  Ալեքսանտրա Գրիգորեան` Պրոնզ Մետալակիր

Ծանրաբարձութիւն. Ալեքսանտրա Գրիգորեան` Պրոնզ Մետալակիր

Հայաստանի ծանրաբարձութեան աղջկանց ազգային խումբի անդամ, 19 տարեկան Ալեքսանտրա Գրիգորեան պրոնզէ մետալ շահեցաւ Պահրէյնի մէջ ընթացող աշխարհի ախոյեանութեան 55 քկ կշիռի մրցումներուն: Ալեքսանտրա Գրիգորեան երկամարտի մրցումներուն 205 քկ արդիւնք (85+120 քկ) ձեռք ձգեց: Արաշէի մրցումներուն ան 85 քկ կրցաւ բարձրացնել: Էփոլէ-Ժըթէի մրցումին 120 քկ արդիւնք ձեռք ձգելով ան շահեցաւ փոքր արծաթէ մետալ: Երկամարտի պրոնզէ իր մետալը Հայաստանի առաջին մետալն է...

Ճատրակ.  Կուքեշ Տի Յաղթեց  11-րդ Ճակատումը

Ճատրակ. Կուքեշ Տի Յաղթեց 11-րդ Ճակատումը

Աշխարհի ախոյեանութեան ճակատումը հնդիկ վարպետ Կուքեշ Տոմարաճուի (Կուքեշ Տի) եւ Տինկ Լիրենի միջեւ կը շարունակուի: 4-րդ ճակատումէն 10-րդ ճակատումները հաւասարութեամբ աւարտելէ ետք, 11-րդ մրցումին Կուքեշ Տի կրցաւ սպիտակ քարերով 29-րդ շարժումին յաղթել այժմու ախոյեան Տինկ Լիրենի: Լիրեն, որ միայն առաջին ճակատումին կրցած էր յաղթել, միշտ ալ պաշտպանողական խաղ կը կիրարկէր` զարմացնելով բոլոր մասնագէտները: 18 տարեկան հնդիկ վարպետը տակաւին 3 մրցում...

Page 153 of 1275 1 … 152 153 154 … 1,275

Արխիւներ