Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Էն. Պի. Էյ.» Քլիվլենտ Իր 20-րդ Յաղթանակը Արձանագրեց

December 7, 2024
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Քլիվլենտ Քեվելիրզ այս տարեշրջանի իր յաջող ելոյթները կը շարունակէ եւ երէկ 126-114 արդիւնքով յաղթելով 2023-ի ախոյեան Տենվըր Նակեթցին ձեռք ձգեց իր 20-րդ յաղթանակը, 23 մրցումներու ընթացքին:

Քլիվլենտ, որ պարտուած է միայն ախոյեան Պոսթըն Սելթիքսէն եւ Աթլանթա Հոքսէն (2 անգամ), անգամ մը եւս իր խմբային խաղով տպաւորեց, ուր 4 մարզիկներ 20 կէտերէ աւելի նշանակեցին: Տոնավըն Միչել (28 կէտ), Տարիըս Կարլենտ (24 կէտ), Քրիս Լըվերթ (21 կէտ) եւ Էվըն Մոպլի (20 կէտ) լաւ վիճակի մէջ էին, մինչ սենթըր Ճերըթ Էլըն 8 կէտ եւ 15 ռիպաունտ ձեռք ձգեց:

Տենվըրի աստղ Նիքոլա Եոքիչ թրիփըլ տապըլ իրագործեց 27 կէտ, 20 ռիպաունտ եւ 11 էսիսթ ձեռք ձգելով, մինչ Մայքըլ Փորթըր 24 կէտ աւելցուց ի նպաստ Տենվըրի, որ 9-րդ պարտութիւնը կրեց իր 20-րդ մրցումին:

Տալաս Մեւրիքս 137-101 արդիւնքով յաղթական վերադարձաւ Ուաշինկթըն Ուիզըրտծի դաշտէն: Ուաշինկթըն իր 11-րդ յաջորդական պարտութիւնը կրեց, մինչ Տալաս իր վերջին 11 մրցումներէն 10-ն յաղթած է: Քայրի Ըրվինկի վերադարձով, Լոքա Տոնչիչ, Տանիէլ Կաֆորտ եւ Քուենթըն Կրայմզ հանգիստ մրցում մը ունեցան: Ըրվինկ (25 կէտ) Տոնչիչ (21 կէտ, 10 ռիպաունտ եւ 10 էսիսթ) խումբը առաջնորդեցին տարեշրջանի 15-րդ յաղթանակին` 23 մրցումներու ընթացքին, Արեւմտեան շրջանի 3-րդ դիրքը բաժնեկցելով Մեմֆիսի հետ:

Արեւմտեան շրջանի պարագլուխի դիրքը գրաւող Օքլահոմա Սիթի Թանտըր մեծ յաղթանակով վերադարձաւ Քանատայյէն` 129-92 արդիւնքով յաղթելէ ետք Թորոնթօ Ռեփթըրզին:

Շէյ Կիլճիըս – Ալեքսանտր 30 կէտ նշանակեց ի նպաստ Օքլահոմայի, որ 17-րդ մրցումը յաղթեց 22 մրցումներու ընթացքին:

Ստորեւ` երէկուան մրցումներուն արդիւնքները.

Քլիվլենտ Քեվելիրզ – Տենվըր Նակեթց 126-114
Ուաշինկթըն Ուիզըրտծ – Տալաս Մեւրիքս 101-137
Նիւ Եորք Նիքս – Չարլոթ Հորնեթց 125-101
Թորոնթօ Ռեփթըրզ – Օքլահոմա Սիթի Թանտըր 92-129
Մեմֆիս Կրիզլիզ – Սաքրամենթօ Քինկզ 115-110
Նիւ Օրլինզ Փելիքընզ – Ֆինիքս Սանզ 126-124
Սան Անթոնիօ Սփըրզ – Շիքակօ Պուլզ 124-139
Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզ – Հիւսթըն Ռոքեթց 99-93

 

Նախորդը

Ֆորմիւլա 1. «Մաքլարեն» Եւ «Ֆեռարի» Կը Մրցին. Համիլթըն Կ՛աւարտէ Իր «Մերսետես»-ի Ասպարէզը

Յաջորդը

Չանչարեւիչ Վիրաւոր Վիճակով Աւարտեց Մրցումը

RelatedPosts

Հեծելարշաւ.  Ուաքիմ, Ապտալլա Եւ Աքիքի` «Մաունթըն Պայք»-ի Լիբանանի Ախոյեաններ
Մարզական

Հեծելարշաւ. Ուաքիմ, Ապտալլա Եւ Աքիքի` «Մաունթըն Պայք»-ի Լիբանանի Ախոյեաններ

September 17, 2026
Սերկէյ Պօղոսեան Ոչ Եւս Է
Մարզական

Սերկէյ Պօղոսեան Ոչ Եւս Է

September 17, 2026
Հայաստանի Ազգային Խումբին Նոր Շապիկը Նուիրուած` Մշակութային Ժառանգութեան
Մարզական

Հայաստանի Ազգային Խումբին Նոր Շապիկը Նուիրուած` Մշակութային Ժառանգութեան

September 17, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.