Անգլիոյ «Փրեմիեր լիկ»-ի 15-րդ հանգրուանին, օդի աննպաստ պայմաններուն պատճառով յետաձգուած էր Էվըրթըն-Լիվըրփուլ «տերպիի մրցումը» բան մը, որմէ պէտք էր օգտուէին մրցակից խումբերը, որոնց կարգին` վերջին 7 տարիներուն 6 անգամ ախոյեան հանդիսացած Մանչեսթըր Սիթի:
Սիթի, որ սկզբունքով դիւրին մրցում մը պէտք էր ունենար Քրիսթըլ Փելեսի դէմ, 4-րդ վայրկեանէն կոլ մը ստացաւ քոլոմպիացի Տանիէլ Միւնոսի միջոցով: 30-րդ վայրկեանին նորվեկիացի Էրլինկ Հաալանտ նշանակեց Սիթիի հաւասարութեան կոլը:
56-րդ վայրկեանին քոռնըրէ մը ետք ֆրանսացի կեդրոնի յետսապահ Լաքրուա նշանակեց Փելեսի 2-րդ կոլը` անակնկալի բերելով բոլորը:
68-րդ վայրկեանին Ռիքօ Լուիս գեղեցիկ կոլ մը նշանակեց ի նպաստ Սիթիի, բայց վայրկեան մը ետք կոշտ ֆաուլ մը կատարեց եւ դեղին քարտ ստացաւ: 84-րդ վայրկեանին ֆաուլ մը եւս եւ կարմիր քարտ` Ռիքօ Լուիսին: Այս ձեւով Կուարտիոլայի խումբը Նոթինկհամ Ֆորեսթի դէմ յաղթանակէն ետք ըստ երեւոյթին ինքզինք լաւապէս չէ վերագտած:
Մանչեսթըր քաղաքի աւելի հռչակաւոր Եունայթըտը, հակառակ լաւ խաղալուն, զարմանալիօրէն պարտութիւն մը կրեց իր դաշտին վրայ Նոթինկհամ Ֆորեսթէն 3-2 արդիւնքով: Պէտք է ըսել, որ հովն ալ իր դերը ունէր Նոթինկհամի 2-րդ կոլին մէջ, ուր Նոթինկհամ իր առիթները կոլի վերածեց, մինչ Եունայթըտ շատ առիթներ կորսնցուց հանգիստ յաղթանակ մըն ալ ձեռքէն փախցնելով:
Միլենքովիչ, Կիպզ-Ուայթ եւ Վուտ նշանակեցին Ֆորեսթի կոլերը: Հոյլունտ եւ Պրունօ Ֆեռնանտեշ նշանակեցին Եունայթըտի կոլերը: Եունայթըտի յաջորդական 2-րդ պարտութիւնն էր այս, եւ յառաջիկայ շաբաթ անիկա պիտի մրցի Սիթիի դաշտին վրայ, Մանչեսթըր քաղաքի տերպիին:
Գերմանիոյ «Պունտըսլիկա»-ի 13-րդ հանգրուանին, պարագլուխի դիրքը գրաւող Պայերն Միւնիխ 4-2 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Հայտընհայմը:
Պայերնի մարզիչ Վենսան Քոմփանի կարելի եղածին չափ կ՛ուզէ հանգստացնել իր մարզիկները եւ զանոնք միշտ փորձել` հաւասարապէս առիթ տալով պահեստի մարզիկներուն ալ, զանոնք մրցումի մթնոլորտի մէջ պահելու համար:
Ուփամեքանօ, Մուսիալա (2) եւ Կորեցքա նշանակեցին Պայերնի կոլերը, մինչ Հոնսաք եւ Տորշ` Հայտընհայմի կոլերը:
Այնթրախթ Ֆրանքֆորթ 2-2 արդիւնքով հաւասարութիւն մը արձանագրեց Աուկզպուրկի հետ: Էքիթիքէ եւ Ուզուն նշանակեցին Ֆրանքֆորթի կոլերը, մինչ Թիեց եւ Էսենտէ` Աուկզպուրկի կոլերը, Պայերն Միւնիխի հետ տարբերութիւնը 6-ի հասցնելով: Անցեալ շաբաթ 4 կէտի նուազած էր Տորթմունտի հետ Պայերնի հաւասարութենէն ետք:
Անցեալ տարուան ախոյեան Պայեր Լեւերքուզըն 2-1 արդիւնքով յաղթեց Զանքթ Փաուլիի: Վիրց եւ Թահ նշանակեցին Լեւերքուզընի կոլերը:
Լայփցիկ 4 պարտութիւններէ ետք կրցաւ յաղթել Հոքշթայն Քիլի, այս վերջինիս դաշտին վրայ: Պենիամին Շեշքօ եւ Անտրէ Սիլվա նշանակեցին Լայփցիկի 2 կոլերը:
Սպանիոյ մէջ, «Լա լիկա»-ի 17-րդ հանգրուանէն ետք, Պարսելոնա անգամ մը եւս կարեւոր կէտեր կորսնցուց, երբ Պեթիսի դաշտէն 2-2 արդիւնքով հեռացաւ:
Լեվանտովսքի եւ Ֆեռան Թորես նշանակեցին Պարսելոնայի կոլերը: Պեթիս իր կոլերը նշանակեց Լօ Սելսոյի միջոցով (փենալթիով), երբ նոր դաշտ ներկայացած Ֆրանքի Տը Եոնկ փենալթի մը կատարեց, ըստ ՎԱՐ-ին, բան մը, որ ջղայնացուց մարզիչ Հանզի Ֆլիքը, որ վտարուեցաւ դաշտէն: Թորեսի կոլէն ետք (82-րդ վայրկեան) կը կարծուէր, թէ Պարսելոնա կ՛ուղղուի յաղթանակի, բայց 94-րդ վայրկեանին Տիաօ նշանակեց Պեթիսի 2-րդ կոլը:
Անշուշտ այս արդիւնքը օգտակար եղաւ Ռէալի համար, որ Ժիրոնայի դաշտին վրայ 3-0 արդիւնքով հանգիստ յաղթանակ մը արձանագրեց: Տելինկհամ, Կիւլեր եւ Էմպափէ նշանակեցին Ռէալի կոլերը, վերջինս այժմ 2 կէտով ետ կը մնայ Պարսայէն եւ մէկ մրցում պակաս կատարած է:
Ֆրանսայի «Լիկ 1»-ի 14-րդ հանգրուանի մրցումներուն, Փարիզ Սեն Ժերմեն սպիտակ հաւասարութեամբ աւարտեց Օքսեռի իր այցելութիւնը, մինչ Մոնաքօ 2-0 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Թուլուզը:
Իտալիոյ «Սերի Ա.»-ի 15-րդ հանգրուանին, ախոյեան Ինթեր Միլան, Հենրիխ Մխիթարեանի այս տարեշրջանի ամէնէն լաւ մրցումներէն մէկուն, 3-1 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Փարման:
Տիմարքօ, Պարելլա եւ Թիւրամ նշանակեցին Ինթերի կոլերը: Շատ հետաքրքրական մրցում էր Աթալանթա – Ա. Սէ. Միլան մրցումը (2-1), որուն ընթացքին «Եուրոփա լիկ»-ի ախոյեան Աթալանթա իր սքանչելի ելոյթները շարունակելով արձանագրեց իր յաջորդական 9-րդ յաղթանակը` բոլոր մրցաշարքերուն գծով: Պելճիքացի Շարլ Տը Քեթելայրէ եւ նիկերիացի Ատեմոլա Լուքման նշանակեցին Աթալանթայի կոլերը, մինչ Ալվարօ Մորաթա նշանակեց Միլանի կազմին միակ կոլը: