«Էն. Պի. Էյ.»-ի մրցումները շարունակուեցան շաբաթավերջին, երբ 2023-ի ախոյեան Տենվըր Նակեթց մայրաքաղաք Ուաշինկթընի մէջ 122-113 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց Ուաշինկթըն Ուիզըրտծէն:
Պէտք է ըսել, որ Տենվըր հակառակ Նիքոլա Եոքիչի լաւ խաղարկութեան, այս տարի բաւական ձախող ելոյթներ կ՛ունենայ եւ իր 7-րդ պարտութիւնը կրեց վերջին 11 մրցումներուն:
Երէկ Եոքիչ 56 կէտ եւ 16 ռիպաունտ ձեռք ձգեց, մինչ իր խմբակիցները` Սթրոթըր (18 կէտ), Պրաուն (14 կէտ), Փորթըր (11 կէտ) եւ Ուեսթպրուք (7 կէտ, 10 ռիպաունտ եւ 12 էսիսթ) բաւարար արդիւնաւէտ չէին Ուաշինկթընի դէմ: Ճորտըն Փուլ 39 կէտ նշանակեց ի նպաստ Ուաշինկթընի, մինչ Շամփանյի (23 կէտ), Վալոնսիունաս (20 կէտ եւ 12 ռիպաունտ) եւ Պաթլըր (12 կէտ) բաւական լաւ ձեւով զսպեցին մրցակիցը` արձանագրելով իրենց առաջին յաղթանակը 16 պարտութիւններէ ետք:
Մեմֆիս Կրիզլիզ շնորհիւ Ճա Մըրենթի հերոսութիւններուն կրցաւ 127-121 արդիւնքով յաղթական վերադառնալ ախոյեան Պոսթըն Սելթիքսի դաշտէն:
Մըրենթ 32 կէտ, 9 ռիպաունտ եւ 9 էսիսթ ձեռք ձգեց, մինչ Ճերըն Ճեքսըն 27 կէտ եւ 9 ռիպաունտ աւելցուց ի նպաստ Մեմֆիսի, որ իր վերջին 10 մրցումներուն 8-րդ յաղթանակը արձանագրեց, մանաւանդ օգտուելով Մըրենթի վերադարձէն:
Պոսթընի մարզիկներէն Ճրու Հոլիտէյ (23 կէտ), Ճէյլըն Պրաուն (22 կէտ) եւ Փէյթըն Փրիչըրտ (22 կէտ) բաւական դժուար մրցում ունեցան, մանաւանդ Ճէյսըն Թէյթըմի (17 կէտ եւ 13 ռիպաունտ) «լուռ» մրցումէն ետք:
Լոս Անճելըս Լէյքըրզ իր վերջին 10 մրցումներէն 7-րդը պարտուեցաւ Աթլանթայի մէջ, երբ երկարաձգումին 134-132 արդիւնքով տեղի տուաւ Թրէյ Եանկի Հոքսի դիմաց:
Եանկ 3 կէտնոց կողով մը նշանակեց մրցումի աւարտէն 7 երկվայրկեան առաջ` հաստատելով Լէյքըրզի դէմ յաղթանակը, հակառակ անոր որ Լըպրոն Ճէյմս եւ Անթոնի Տէյվիս միասնաբար 77 կէտ նշանակեցին ի նպաստ Լէյքըրզի: Թրէյ Եանկ 31 կէտ նշանակեց եւ 20 էսիսթ կատարեց, եւ Աթլանթա իր յաջորդական 6-րդ մրցումին յաղթեց:
Ֆինիքս Սանզ կը շարունակէ իր անհաւասարակշիռ խաղաձեւը, եւ առանց վիրաւոր Քեւին Տիւրենթի կրեց իր 7-րդ պարտութիւնը վերջին 10 մրցումներուն:
Մայեմի Հիթ 10 կէտի առաւելութեամբ յաղթեց Ֆինիքսին: Պեմ Ատեպայօ 25 կէտ եւ 12 ռիպաունտ ձեռք ձգեց:
Ստորեւ` շաբաթավերջի մրցումներուն արդիւնքները.
Ֆիլատելֆիա 76-ըրզ – Օրլանտօ Մեճիք 102-94
Աթլանթա Հոքս – Լոս Անճելըս Լէյքըրզ 134-132
Պոսթըն Սելթիքս – Միլուոքի Պաքս 111-105
Շիքակօ Պուլզ – Ինտիանա Փէյսըրզ 123-132
Սան Անթոնիօ Սփըրզ – Սաքրամենթօ Քինկզ 113-140
Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզ – Մինեսոթա Թիմպըրվուլվզ 90-107
Փորթլենտ Թրէյլ Պլէյզըրզ – Եութա Ճեզ 99-141
Չարլոթ Հորնեթց – Քլիվլենտ Քեվելիրզ 102-116
ԵՐԷԿ
Նիւ Օրլինզ Փելիքընզ – Օքլահոմա Սիթի Թանտըր 109-119
Ուաշինկթըն Ուիզըրտծ – Տենվըր Նակեթց 122-113
Նիւ Եորք Նիքս – Տիթրոյիթ Փիսթընզ 111-120
Թորոնթօ Ռեփթըրզ – Տալաս Մեւրիքս 118-125
Պոսթըն Սելթիքս – Մեմֆիս Կրիզլիզ 121-127
Մայեմի Հիթ – Ֆինիքս Սանզ 121-111


