Հայկական ֆութպոլը ունի հարուստ պատմութիւն եւ յիշարժան դէմքեր, որոնք տարիներու ընթացքին հպարտութիւն եղած են հազարաւոր հայ համակիրներու համար: Խորհրդային Միութեան օրերէն մինչեւ ժամանակակից ֆութպոլի աստղեր, շատ լաւ ֆութպոլիստներ անցած են ու կան, եւ այժմու արհեստական բանականութեան (Արթիֆիշըլ Ինթելիճընս) համակարգով կազմուած է Հայաստանի պատմութեան լաւագոյն ֆութպոլիստներէն կազմուած հաւաքական մը` հիմնուելով անոնց պատմական եւ ժամանակակից ձեռքբերումներուն, ինչպէս նաեւ անոնց խաղային վարպետութեան եւ ազդեցութեան վրայ:
Համակարգերը 4-3-3 խաղաձեւ յարմար գտած է, եւ մարզիկները կը կազմուին հետեւեալ անուններէն.
ԲԵՐԴԱՊԱՀ.- Ռոմա Պերեզովսքի – պատմական բերդապահ, աւելի քան 90 ելոյթներ ազգային խումբին հետ: Հսկայ ազդեցութիւն ունէր թէ՛ իբրեւ խմբապետ եւ թէ՛ իբրեւ վարպետօրէն զսպած հարուածներու բերդապահ:
ՅԵՏՍԱՊԱՀՆԵՐ.- Աջ կողմի պաշտպան` Յովհաննէս Զանազանեան: Խորհրդային Միութեան ժամանակ փայլուն մարզիկ թէ՛ պաշտպանութեան եւ թէ՛ յարձակումներու առումով: 1966-էն 1975 եղած է Արարատի հերոսներէն` շահելով Խորհրդային Միութեան ախոյեանութիւնը (1973) եւ բաժակը (1973 եւ 1975), ինչպէս նաեւ 1972-ի Ողիմպիականի պրոնզէ մետալը:
Ձախ ծայրի պաշտպան` Արարատ Առաքելեան: Ազգային խումբի (2005-էն 2011) եւ ակումբի (Բանանց) մակարդակով զօրաւոր եւ կայուն մարզիկ:
Կեդրոնի պաշտպան` Սարգիս Յովսէփեան: Հայկական ֆութպոլի պատմական մարզիկներէն մէկը, որ 133 մրցում կատարած է ազգային խումբին հետ (1992-2012) հռչակաւոր էր իր թաքըլներով եւ հանդարտ ու առաջնորդի կարողութեամբ: Վարազդատ Հարոյեան` Ազգային խումբի այժմու խմբապետ, օդէն գնդակներու մեծ կարողութիւններու տէր եւ շատ հանդարտ ձեւով պաշտպանելու ունակութիւն ունեցող անձ:
ՄԻՋՆԱՊԱՀՆԵՐ.- Արթուր Պետրոսեան` կեդրոնական միջնապահ, առիթներ ստեղծելու թիւ 1 մարզիկ, որ մեծ դեր կը խաղար Հայաստանի հաւաքականին հետ (1992-էն 2004): Հազուագիւտ են իրմէ աւելի լաւ փոխանցումներ կատարող միջնապահները:
Հենրիխ Մխիթարեան` հայկական ֆութպոլի ամէնէն տարածուած անունը` Եւրոպայի Ռոմայի եւ այժմ Ինթեր Միլանի հետ:
Խորէն Յովհաննէսեան` յարձակող միջնապահ, Խորհրդային Միութեան պատմութեան լաւագոյն ֆութպոլիստներէն, որ յաճախ կը կոչուի բոլոր ժամանակներու լաւագոյն հայ ֆութպոլիստ: Արարատի ոսկի դարաշրջանի աստղ:
ՅԱՌԱՋԱՊԱՀՆԵՐ.- Մուրա Մովսիսեան` աջ ծայրի յառաջապահ, արդիւնաւէտ յարձակող, որ փայլուն ելոյթներ ունեցած է թէ՛ ազգային խումբին հետ եւ ակումբներու մակարդակով, ինչպէս` Ռէալ Սոլթ Լէյքի եւ Սպարտակ Մոսկուայի հետ:
Էտկար Մանուչարեան` ձախ ծայրի յառաջապահ, թեքնիքով շատ վարպետ ֆութպոլիստ, հռչակաւոր դարձած է իր կոլերով եւ էսիսթներով, յատկապէս Այաքսի եւ ազգային խումբին հետ:
Էտուարտ Մարգարով` յառաջապահ, Խորհրդային Միութեան պատմական յառաջապահ, որ իր կոլերով եւ էսիսթներով, յատկապէս Այաքսի եւ ազգային խումբին հետ:
Էտուարտ Մարգարով` յառաջապահ, Խորհրդային Միութեան պատմական յառաջապահ, որ իր կոլերով հռչակաւոր էր թէ` ազգային խումբի, թէ՛ Արարատի հետ իր փայլուն ասպարէզով:
Մարզիչ` Նիքիթա Սիմոնեան, Խորհրդային Միութեան օրերուն պատմական մարզիչ եւ մարզիկ, որ կարողութիւն ունէր խումբը առաջնորդելու իր մեծ փորձառութեամբ եւ մարտավարական հմտութիւններով: