Հայաստանի ազգային խումբի եւ Կրասնոտարի միջնապահ Էտուարտ Սփերձեանը կրնայ շարունակել իր ասպարէզը Փարիզ Սեն Ժերմենի հետ:
«Սփորթ»-ի համաձայն, ֆրանսական ակումբը լուրջ հետաքրքրութիւն ցուցաբերած է 24 տարեկան ֆութպոլիստին նկատմամբ:
Կը հաղորդուի, որ փարիզեան կազմը պատրաստ է միջնապահին համար 20 միլիոն եւրօ վճարելու: Նոյն ժամանակ, աղբիւրը կը նշէ, որ Կրասնոտարի սեփականատէր Սերկէյ Կալիցքի չի ցանկար բաժնուիլ խումբին խմբապետէն` մինչեւ այս տարեշրջանի աւարտը:
Նշենք, որ անցեալ ամառ Փարիզ Սեն Ժերմեն Կրասնոտարին վճարած էր 20 միլիոն եւրօ, 25 տարեկան Մատվէյ Սաֆոնովի համար:
Այս տարեշրջանին Սփերձեան մասնակցած է 24 հանդիպումներու` նշանակելով 6 կոլ եւ կատարելով երեք էսիսթ: