«Եու. Էֆ. Սի.»-ն հաստատեց խառն մենամարտերու թեթեւ կշիռի (70 քկ) ախոյեանութեան տիտղոսի մրցումը, Հայաստանը ներկայացնող Արման Ծառուկեանի եւ «Եու. Էֆ. Սի.»-ի այժմու ախոյեան Իսլամ Մախաչեւի միջեւ մենամարտը:
Մենամարտը տեղի պիտի ունենայ 18 յունուար 2025-ին, Լոս Անճելըսի մէջ (Միացեալ Նահանգներ): Արման Ծառուկեան 25 մենամարտ ունեցած է մինչեւ օրս եւ 22 յաղթանակ արձանագրած, մինչ Մախաչեւ իր կատարած 27 մրցումներէն 26-ը յաղթած է: Մախաչեւ 2015-ին կրած էր իր միակ պարտութիւնը պրազիլցի Ատրիանօ Մարթինսէն:
Նշենք, որ 2019-ին Արման Ծառուկեան մրցած էր Մախաչեւի դէմ եւ իրաւարարներու որոշումով պարտութիւն մը կրած իր ռուս մրցակիցէն, որ մինչեւ հիմա կ՛ըսէ, թէ իր ամէնէն դժուար մրցումն էր այդ: