26-28 դեկտեմբերին Նիւ Եորքի (Միացեալ Նահանգներու) մէջ տեղի կ՛ունենայ ճատրակի արագ եւ կայծակնային աշխարհի ախոյեանութիւնը, ինչպէս կը յայտնէ Հայաստանի ճատրակի ֆետերասիոնի քարտուղարութիւնը:
Հայաստան պիտի ունենայ 12 մասնակից: Տղոց հաւաքականին մաս պիտի կազմեն Զաւէն Անդրէասեան, Կարէն Գրիգորեան, Հայկ Մ. Մարտիրոսեան, Տիգրան Լ. Պետրոսեան, Շանթ Պետրոսեան, Ռոպերթ Յովհաննիսեան, Արամ Յակոբեան եւ Էմին Օհանեան:
Աղջկանց մրցաշարքին կը մասնակցին Աննա Սարգսեան, Լիլիթ Մկրտչեան, Էլինա Դանիէլեան եւ Մարիամ Մկրտչեան: