Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Չանչարեւիչ Վիրաւոր Վիճակով Աւարտեց Մրցումը

December 7, 2024
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայաստանի փոխախոյեան Նոա ակումբի բերդապահ Օկնյեն Չանչարեւիչ, քանի մը օր առաջ Հայաստանի բարձրագոյն դասակարգի գծով կարեւոր մրցումի մը պահուն վիրաւորուած էր, բայց ինքզինք գտնելէ ետք շարունակած էր մրցումը մինչեւ աւարտ:

Հայաստանի ազգային խումբի բերդապահ Չանչարեւիչ, որ Արարատ-Արմենիայի հետ յետաձգուած մրցումին հերոսական ելոյթ ունեցաւ, մեծ ցաւերու մէջ էր, կորսնցուցած էր իր ուշքը, սակայն քանի մը վայրկեան դարմանուելէ ետք դաշտին վրայ եւ նկատի ունենալով, որ փոխարինումի առիթ չկար, ոտքի կանգնեցաւ նոյնիսկ մէկ ձեռքով` դէմ դնելով մրցակից խումբի վերջին վայրկեաններու առիթներուն, եւ օգնեց Նոային, որ 1-0 արդիւնքով յաղթէ:

Պէտք է ըսել, որ օտար երկիրներու մէջ մասնակցող հայ մարզիկներն ալ լաւ ելոյթներ կ՛ունենան` Հայաստանի ու հայութեան անունը բարձր պահելով:

ՍԼՈՎԱՔԻՈՅ ախոյեանութեան 16-րդ հանգրուանի մրցումներուն Սլովան Պրաթիսլաւա 6-0 արդիւնքով ծանր պարտութեան մատնեց Քոմարնօ խումբը:

Հայաստանի ազգային խումբի յառաջապահ Տիգրան Բարսեղեան 2 կոլ նշանակեց պարագլուխի դիրքը գրաւող Սլովանի հետ:

26 մրցումներու ընթացքին Բարսեղեան 16 կոլ նշանակած է եւ կատարած 6 ԷՍԻՍԹ:

ԼԵՀԱՍՏԱՆԻ ախոյեանութեան 17-րդ հանգրուանի մրցումներուն, Փոկոն 4-3 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Զակլեպը: Հայաստանի ազգային խումբի միջնապահ Վահան Պիչախչեան գեղեցիկ հարուածով մը նշանակեց Փոկոնի 2-րդ կոլը:

Նշենք, որ Փոկոն կը գրաւէ Լեհաստանի ախոյեանութեան 8-րդ դիրքը: Պիչախչեան այս տարեշրջանին մասնակցած է 16 մրցումներու` նշանակելով 2 կոլ եւ կատարելով 4 էսիսթ:

 

 

Նախորդը

«Էն. Պի. Էյ.» Քլիվլենտ Իր 20-րդ Յաղթանակը Արձանագրեց

Յաջորդը

Ճատրակ. 12 Մասնակիցներ Պիտի Մասնակցին Նիւ Եորքի Աշխարհի Ախոյեանութեան

RelatedPosts

Հեծելարշաւ.  Ուաքիմ, Ապտալլա Եւ Աքիքի` «Մաունթըն Պայք»-ի Լիբանանի Ախոյեաններ
Մարզական

Հեծելարշաւ. Ուաքիմ, Ապտալլա Եւ Աքիքի` «Մաունթըն Պայք»-ի Լիբանանի Ախոյեաններ

September 17, 2026
Սերկէյ Պօղոսեան Ոչ Եւս Է
Մարզական

Սերկէյ Պօղոսեան Ոչ Եւս Է

September 17, 2026
Հայաստանի Ազգային Խումբին Նոր Շապիկը Նուիրուած` Մշակութային Ժառանգութեան
Մարզական

Հայաստանի Ազգային Խումբին Նոր Շապիկը Նուիրուած` Մշակութային Ժառանգութեան

September 17, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.