Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Էն. Պի. Էյ.» Լէյքըրզ Պարտութիւն Մը Եւս Կրեց

December 6, 2024
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Էն. Պի. Էյ.»-ի մրցումները շարունակուեցան երէկ, եւ Լոս Անճելըս Լէյքըրզ Մայեմիի մէջ 93-134 արդիւնքով ծանր պարտութիւն մը կրեց Մայեմի Հիթէն:

Լէյքըրզի 6-րդ պարտութիւնն էր իր վերջին 8 մրցումներուն, եւ վերջին երկու մրցումներուն միասնաբար 70 կէտի տարբերութեամբ:

Մայեմի պահ մը 43 կէտի առաւելութիւն ունեցաւ Լէյքըրզի վրայ: Թայլըր Հերրօ 31 կէտ նշանակեց ի նպաստ Մայեմիի, մինչ Ճիմի Պաթլըր (17 կէտ) եւ Պեմ Ատեպայօ (14 կէտ եւ 10 ռիպաունտ) եղան Մայեմիի լաւագոյն մարզիկներէն:

Լըպրոն Ճէյմս 29 կէտ նշանակեց, մինչ Ռուի Հաշիմուրա 14 կէտ աւելցուց ի նպաստ Լէյքըրզի:

Օրլանտօ Մեճիք իր 16-րդ յաղթանակը արձանագրեց 24-րդ մրցումին, 106-102 արդիւնքով յաղթելէ ետք Ֆիլատելֆիա 76-ըրզին, այս վերջինիս դաշտին վրայ: Գերմանացի Ֆրանց Վակնըր 35 կէտ նշանակեց ի նպաստ Օրլանտոյի, ինչ որ պատճառ դարձաւ Ֆիլատելֆիոյ 15-րդ պարտութեան (20 մրցումներու ընթացքին): Ֆիլատելֆիոյ մարզիչ Նիք Նըրս յայտնեց, թէ յոյս ունի, որ Էմպիիտ այս շաբաթ վերադառնայ: Այս տարի Ֆիլատելֆիա շատ վիրաւորներ կ՛ունենայ: Ժոել Էմպիիտ, Փոլ Ճորճ, Անտրէ Տրումընտ եւ Քայլ Լաուրի անգամ մը եւս բացակայեցան: Ճերըթ Մաքէյն 24 կէտ նշանակեց եւ կը մնայ թիւ 1 թեկնածու` շահելու այս տարուան «Ռուքի աֆ տը Եիր» (տարուան լաւագոյն նորեկը) տիտղոսը: Թայրիս Մեքսի 16 կէտ աւելցուց ի նպաստ Ֆիլատելֆիոյ:

Պոսթըն Սելթիքս 130-120 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Տիթրոյիթ Փիսթընզը: Ճէյլըն Պրաուն (28 կէտ) եւ Քրիսթափս Փորզինկիս (26 կէտ) եղան Պոսթընի լաւագոյն մարզիկները: Պոսթըն վերջին 10 մրցումներուն 9-րդ յաղթանակը արձանագրեց:

Քէյտ Քանինկհամ 27 կէտ եւ 14 էսիսթ ձեռք ձգեց ի նպաստ Տիթրոյիթի: Տիթրոյիթ 20 հատ յաջող 3 կէտնոց կողովներ արձանագրեց այս մրցումին:

Ստորեւ` մրցումներուն արդիւնքները:

Ֆիլատելֆիա 76-ըրզ – Օրլանտօ Մեճիք 102-106
Մայեմի Հիթ – Լոս Անճելըս Լէյքըրզ 134-93
Պրուքլին Նեթց – Ինտիանա Փէյսըրզ 99-90
Պոսթըն Սելթիքս – Տիթրոյիթ Փիսթընզ 130-120
Միլուոքի Պաքս – Աթլանթա Հոքս 104-119
Լոս Անճելըս Քլիփըրզ – Մինեսոթա Թիմպըրվուլվզ 80-108

 

 

Նախորդը

Կարճ Լուրեր Ֆութպոլի Աշխարհէն

Յաջորդը

Թենիս. Ճոքովիչ Կը Պատրաստուի Աւստրալիոյ Թենիսի Բաց Մրցաշարքին

RelatedPosts

Պասքեթպոլ.  ՀՄԸՄ Պարտութեամբ Սկսաւ Տարեշրջանը
Մարզական

Պասքեթպոլ. ՀՄԸՄ Պարտութեամբ Սկսաւ Տարեշրջանը

October 26, 2026
Ըմբշամարտ.  Մալխաս Ամոյեան Դուրս Մնաց
Մարզական

Ըմբշամարտ. Մալխաս Ամոյեան Դուրս Մնաց

October 26, 2026
ՌԱՖ. Ծառուկեան Նուաճեց Ախոյեանի Գօտին
Մարզական

ՌԱՖ. Ծառուկեան Նուաճեց Ախոյեանի Գօտին

October 26, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.