Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Թենիս. Ճոքովիչ Կը Պատրաստուի Աւստրալիոյ Թենիսի Բաց Մրցաշարքին

December 6, 2024
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Նովաք Ճոքովիչ իր 2025 տարուան պատրաստութիւններուն պիտի սկսի մասնակցելով Պրիզպընի մրցաշարքին` լաւապէս պատրաստուելու իր 25-րդ կրան շլեմի տիտղոսին համար, վերստին իր փայլքը գտնելու նպատակով` 2024-ի ոչ յուսադրիչ տարիէն վերջ:

Պրիզպընի մրցաշարքը կը սկսի 29 դեկտեմբերին եւ կ՛աւարտի 5 յունուարին, եւ պիտի ըլլայ առաջին գործակցութիւնը Անտի Մարէյի հետ, որ անցեալ նոյեմբերին սկսաւ մարզել Ճոքովիչը:

Սերպ աստղը 10 անգամ շահած է Աւստրալիոյ բաց մրցաշարքը, եւ 11-րդ տիտղոս մը զինք պիտի ամրապնդէ թենիսի պատմութեան մէջ իբրեւ կրան շլեմի առաւելագոյն տիտղոսակիր: Տղոց պարագային ան 24 տիտղոսներով արդէն իսկ առաջինն է, բայց այժմ 24 տիտղոսները զինք կը դասեն աւստրալիացի Մարկարեթ Քորթի հետ միասին նոյն դիրքին վրայ:

Աղջկանց պատմական թենիսվումըն Քորթ 24 տիտղոս շահած էր 1960-էն 1973 ժամանակամիջոցին:

«Շատ ուրախ եմ աւստրալիական մթնոլորտին մէջ սկսելու տարին եւ մրցելու «Փաթ Ռաֆթըր»-ի անուան մարզական աւանին մէջ: Կը սպասեմ աւստրալիացի համակիրներուն ստեղծած նոյն մթնոլորտը մրցաշարքի մը, որ պէտք է յիշատակելի ըլլայ», ըսաւ լաւատես Ճոքովիչ:

Այս տարի Ճոքովիչ Մելպուռնի մէջ հասած էր կիսաւարտական, ուր պարտութիւն մը կրած էր աւելի ուշ ախոյեան դարձած իտալացի Եաննիք Սինըրէն: 2024-ը Ճոքովիչի համար բաւական անբախտ տարի մըն էր, ուր ան ձախողեցաւ որեւէ մրցաշարք շահիլ: Ան Փարիզի Ողիմպիականին միայն կրցաւ շահիլ տիտղոս մը, որ կը պակսէր իր տիտղոսներու պահարանէն:

Ան իր ասպարէզի նպատակը դրած էր Ողիմպիական տիտղոս մը շահիլը, եւ 37 տարեկանին իր երազը իրականացուց` աւարտականին յաղթելէ ետք սպանացի Քարլոս Ալքարասին:

Բացի Ողիմպիականէն, Ճոքովիչ չկրցաւ կասեցնել Սինըր – Ալքարաս զոյգին յառաջխաղացքը: Վերջիններս երկուքական կրան շլեմի տիտղոսներ շահեցան այս տարի: Պէտք է ըսել նաեւ, որ Ճոքովիչ շատ քիչ մրցաշարքերու մասնակցեցաւ այս տարի, կարեւոր մրցաշարքերու վրայ կեդրոնանալով միայն, բայց նոյեմբեր ամսուն, երբ նոր մարզիչ նշանակեց Անտի Մարէյը, յստակ էր, թէ ան կ՛ուզէ վերադառնալ իր մակարդակին:

Մարէյ եղած է Ճոքովիչի մրցակից իր թենիսի ասպարէզին մէջ եղած օրերուն, բայց Աւստրալիոյ մէջ միշտ ալ պարտուած էր իր սերպ մրցակիցէն: Պրիզպընի յառաջիկայ մրցաշարքին, Մարէյ պիտի ըլլայ առաջին անգամ թրիպիւններուն վրայ իբրեւ մարզիչ:

 

Նախորդը

«Էն. Պի. Էյ.» Լէյքըրզ Պարտութիւն Մը Եւս Կրեց

Յաջորդը

Հեծելարշաւ. Ռեմքօ Էվենեփուլ Վիրաբուժութեան Ենթարկուեցաւ

RelatedPosts

Պասքեթպոլ.  ՀՄԸՄ Պարտութեամբ Սկսաւ Տարեշրջանը
Մարզական

Պասքեթպոլ. ՀՄԸՄ Պարտութեամբ Սկսաւ Տարեշրջանը

October 26, 2026
Ըմբշամարտ.  Մալխաս Ամոյեան Դուրս Մնաց
Մարզական

Ըմբշամարտ. Մալխաս Ամոյեան Դուրս Մնաց

October 26, 2026
ՌԱՖ. Ծառուկեան Նուաճեց Ախոյեանի Գօտին
Մարզական

ՌԱՖ. Ծառուկեան Նուաճեց Ախոյեանի Գօտին

October 26, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.