Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Կարճ Լուրեր Ֆութպոլի Աշխարհէն

December 6, 2024
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

– ԹԷԵՒ Պարսելոնա այս ձմրան փոխանցումներու պատուհանին բացման կարողութիւն չունի ոեւէ մարզիկ ձեռք ձգելու, բայց ակումբը կը շարունակէ լրջօրէն հետեւիլ տաղանդաւոր մարզիկներու: Այժմ Պարսելոնա իր կեդրոնացումը ուղղած է 21 տարեկան խրուաթ Մարթին Պաթուրինայի, որ Տինամօ Զաղրեպի հետ լաւ ելոյթներ կ՛ունենայ:

– ԸՍՏ «Մարքա»-ի, պրազիլցի յառաջապահ Նէյմար մինչեւ 2024-2025 տարեշրջանի աւարտը պիտի մնայ Հիլալի հետ: Ըստ որոշ տեղեկութիւններու, Նէյմար կրնայ հեռանալ սէուտական ակումբէն, սակայն աւելի ուշ յստակացաւ, թէ վիրաւոր Նէյմար պիտի մնայ Հիլալի հետ:

– ՔՐԻՍԹՈՖԸՐ Նքունքու, որ ժամանակին եղած է Փարիզ Սէն Ժերմենի սան, այժմ ուշադրութիւնը գրաւած է փարիզեան կազմին: Ըստ «Տը Սան»-ի, Փարիզ Սեն Ժերմեն յոյս ունի ձեռք ձգելու Չելսիի միջնապահը` զայն փոխանակելով յառաջապահ Ռանտալ Քոլօ-Մուանիի հետ: Չելսի մտադիր է յառաջապահ ձեռք ձգել, սակայն լոնտոնեան ակումբը այդքան ալ հետաքրքրուած չէ նման փոխանակումներով:

– ՄԻՒՆԻԽԻ Պայերն ակումբը այս շաբաթ ուրախ լուր մը ստացաւ, երբ ձախ ծայրի քանատացի յետսապահ Ալֆոնսօ Տէյվիս հաւանութիւն յայտնեց երկարաձգելու իր պայմանագրութիւնը` աւելի նուազ աշխատավարձով: Նախապէս շշուկներ կային, թէ Տէյվիս կրնայ մեկնիլ Ռէալ Մատրիտ, եւ Պայերն կը մտածէր փոխարինողի մասին:

– Ա. ՍԷ. ՄԻԼԱՆԻ միջնապահ Թիճանի Ռէյնտերս իր կարգին ուրախ է իր ակումբին հետ եւ կ՛ուզէ երկարաձգել իր պայմանագրութիւնը: Մեծ թիւով խումբեր հետաքրքրուած էին Ռէյնտերսը ձեռք բերելու գծով, սակայն նետերլանտցի միջնապահը ուրախ կը թուի ըլլալ Միլանի մէջ:

– ՍՊԱՆԻՈՅ ախոյեան Ռէալ Մատրիտ հետաքրքրուած է Այնթրախթ Ֆրանքֆորթի միջնապահ Հիւկօ Լարսոնի ծառայութիւններով, Շուէտացի ֆութպոլիստը, որ Մալմոյի սան է, 20 տարեկան է եւ փայլուն ապագայ կը խոստանայ:

– ԱՐԺԱՆԹԻՆՑԻ վեթերան յառաջապահ Լիոնել Մեսսի որոշեց տարի մը եւս մնալ Ինթեր Մայեմիի հետ:

8 անգամ ոսկի գնդակ շահած Մեսսիի պայմանագիրը կ՛աւարտէր այս տարեշրջանի աւարտին, բայց ան շատ ուրախ է Մայեմիի մէջ եւ կ՛ուզէ տարի մը եւս մնալ:

– ՊՐԱԶԻԼՑԻ յառաջապահ Վինիսիուս Ճունիոր կրնայ լքել Ռէալ Մատրիտը, եթէ… Ռէալ Մատրիտ 1 միլիառ եւրօ ստանայ որեւէ խումբէ: Այս գինը որոշուած է իբրեւ փոխանցումի փոխհատուցում: Վստահաբար բաւական դժուար բան մըն է, որ ակումբ մը այդքան մեծ գումար վճարէ 1 մարզիկի համար: Պատմութեան ամէնէն «սուղ» փոխանցումը եղած է, երբ Նէյմար Պարսելոնան լքելով միացած էր Փարիզ Սեն ժերմենի` 222 միլիոն եւրոյի փոխարէն:

– ՓԱՐԻԶ Սեն Ժերմենի իտալացի բերդապահ Ճիանլուիճի Տոննարումա դժգոհ է ֆրանսական ակումբին մէջ իր դիրքէն: Տոննարումա դժգոհ է մարզիչ Լուիս Էնրիքէէն, որ Պայերն Միւնիխի դէմ մրցումէն ի վեր զինք պահեստի դիրքի վրայ կը նստեցնէ:

– ՖՐԱՆՍԱՑԻ պատմական միջնապահ Զինետին Զիտան կրնայ ըլլալ Փարիզ Սէն Ժերմենի յաջորդ մարզիչը: Զիտան կրնայ փոխարինել Էնրիքէն, եթէ փարիզեան ակումբը ձախողի «Չեմփիընզ լիկ»-ի յաջորդ հանգրուան հասնիլ:

Նախորդը

Պարտաւոր Ենք Բարձրանալ

Յաջորդը

«Էն. Պի. Էյ.» Լէյքըրզ Պարտութիւն Մը Եւս Կրեց

RelatedPosts

Պասքեթպոլ.  ՀՄԸՄ Պարտութեամբ Սկսաւ Տարեշրջանը
Մարզական

Պասքեթպոլ. ՀՄԸՄ Պարտութեամբ Սկսաւ Տարեշրջանը

October 26, 2026
Ըմբշամարտ.  Մալխաս Ամոյեան Դուրս Մնաց
Մարզական

Ըմբշամարտ. Մալխաս Ամոյեան Դուրս Մնաց

October 26, 2026
ՌԱՖ. Ծառուկեան Նուաճեց Ախոյեանի Գօտին
Մարզական

ՌԱՖ. Ծառուկեան Նուաճեց Ախոյեանի Գօտին

October 26, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.