Թենիս. «Ծեր» Ճոքովիչ Յաղթեց «Երիտասարդ» Ալքարասի
Սերպ թենիսմեն Նովաք Ճոքովիչ երէկ բարձր մակարդակի թենիս ցուցաբերեց եւ պարտութեան մատնեց 14 տարի աւելի երիտասարդ սպանացի Քարլոս Ալքարասը` 4-6, 6-4, 6-3 եւ 6-4 արդիւնքով: 10 անգամ Աւստրալիոյ բաց մրցաշարքի ախոյեան Ճոքովիչ առաջին սեթի վերջերուն ձախ ոտքի ցաւ զգաց եւ ուղղուեցաւ դուրս դարմանուելու կարճ թայմ-աութէ մը ետք եւ մրցումի կէսերուն լրջօրէն կը մտածէր քաշուիլ մրցումէն: Ան յայտնեց, որ եթէ 2...




















