«Էն. Պի. Էյ.»-ի մրցումներուն ծիրին մէջ հետաքրքրական ճակատումներ տեղի ունեցան շաբաթավերջին: Երէկ Պոսթըն Սելթիքս իր դաշտին վրայ անակնկալ պարտութիւն մը կրեց Աթլանթա Հոքսէն, յետ երկարաձգման:
Մրցումը ընդհանրապէս վերիվայրումներով ընթացաւ, երկու խումբերը փոխանակուեցան իւրաքանչիւր մասերու առաւելութիւնը: Առաջին մասին, Պոսթըն պահ մը 12 կէտի առաւելութիւն ունեցաւ, բայց Բ. մասին Աթլանթա 4 կէտի առաւելութիւն ունեցաւ մինչեւ կիսախաղ: Գ. մասին, Աթլանթայի առաւելութիւնը հասաւ 9 կէտի, բայց Պոսթըն վերադարձաւ 8 կէտով յառաջանալով: 4-րդ մասին Պոսթըն շարունակեց եւ առաւելութիւնը հասցուց 10-ի, սակայն Աթլանթա վերադարձաւ 2 կէտի առաւելութիւն ունենալով` 98-100: Վերջին վայրկեանը շատ տաք էր, ուր մանաւանդ Պոսթըն առիթ ունէր յաղթելու, երբ Ճէյսըն Թէյթըմ ազատ հարուածներ կորսնցուց վճռական ժամին: Վերջին 2 երկվայրկեաններուն, Թրէյ Եանկ իր կարգին կորսնցուց ազատ հարուածներ, եւ մրցումը աւարտեցաւ 104-104 արդիւնքով: Սակայն երկարաձգումին, Պոսթըն 2 կէտէն աւելի չկրցաւ յառաջ երթալ, մինչ Աթլանթա աւելի լաւ էր եւ մրցումը աւարտեց 115-119 արդիւնքով: Պոսթըն, որ 2025-ը սկսած էր 2 յաջորդական յաղթանակներով, վերջին իր 7 մրցումներուն 4-րդ պարտութիւնը կրեց եւ անկայուն վիճակ մը ունի:
Ճէյսըն Թէյթըմ 23 կէտ նշանակեց երէկ, մինչ Ճէյլըն Պրաուն 24 կէտ եւ 11 ռիպաունտ ձեռք ձգեց: Տերեք Ուայթ եւ Փէյթըն Փրիչըրտ յաջորդաբար 21 եւ 20 կէտեր նշանակեցին, բայց պահեստի մարզիկները, լաւ ելոյթ չկրցան ունենալ:
Աթլանթայէն 5 մարզիկներ 10-է աւելի կէտեր նշանակեցին: Թրէյ Եանկ (28 կէտ եւ 11 էսիսթ), Տայսըն Տենիըլզ (23 կէտ), Օնիեքա Օքոնկվու (19 կէտ), Տիանտրէ Հանթըր (16 կէտ) եւ Ճէյլըն Ճոնսըն (14 կէտ) լաւ ելոյթներ ունեցան ի նպաստ Աթլանթայի, որ յաջորդական վերջին 3 մրցումներն ալ յաղթեց:
Քլիվլենտ Քեվելիրզ 124-117 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Մինեսոթա Թիմպըրվուլվզը, այս վերջինին դաշտին վրայ: Տոնավըն Միջել 36 կէտ եւ 8 ռիպաունտ ձեռք ձգեց, մինչ Տարիըս Կարլենտ 29 կէտ աւելցուց ի նպաստ Քլիվլենտի, որ վերստին գրաւեց առաջին դիրքը` 1 մրցումով գերազանցելով Օքլահոմա Սիթի Թանտըր, որ օր մը առաջ պարտութիւն մը կրած էր Տալաս Մեւրիքսէն` 106-98 արդիւնքով:
Մինեսոթայի մարզիկ Անթոնի Էտուըրտծ 28 կէտ նշանակեց, մինչ Ճուլիըս Ռենտըլ 20 կէտ եւ 14 ռիպաունտ ձեռք ձգեց:
Շաբաթ օր Տալասի մէջ տեղի ունեցած մրցումին, Քայրի Ըրվինկ շատ լաւ ելոյթ մը ունեցաւ` գլխաւորելով եւ ղեկավարելով Տալասի յարձակումները: Ան 25 կէտ նշանակեց եւ բազմիցս օգնեց խմբակիցներուն իր էսիսթներով եւ սթիլներով: Սփենսըր Տինուիտի եւ Փի. Ճէյ. Ուաշինկթըն 16-ական կէտեր նշանակեցին, մինչ Նաժի Մարշըլ 14 կէտ եւ 10 ռիպաունտ ձեռք ձգեց ի նպաստ Տալասի, որ 3 յաջորդական պարտութիւններ կրած էր իր վերջին մրցումներուն:
Օքլահոմա, որ կը խաղար առանց իր աստղին` Շէյ Կիլճիըս – Ալեքսանտրի, չկրցաւ կառավարել մրցումը: Ճէյլըն Ուիլիամս 19 կէտ նշանակեց` ըլլալով Թանտըրի առաւելագոյն կէտ նշանակող մարզիկը:
Ստորեւ` շաբաթավերջի մրցումներուն արդիւնքները.
ՇԱԲԱԹ
Տիթրոյիթ Փիսթընզ – Ֆինիքս Սանզ 121-125
Լոս Անճելըս Լէյքըրզ – Պրուքլին Նեթց 102-101
Սան Անթոնիօ Սփըրզ – Մեմֆիս Կրիզլիզ 112-140
Տալաս Մեւրիքս – Օքլահոմա Սիթի Թանտըր 106-98
Մայեմի Հիթ – Տենվըր Նակեթց 113-133
Նիւ Օրլինզ Փելիքընզ – Եութա Ճեզ 136-123
Շիքակօ Պուլզ – Չարլոթ Հորնեթց 123-125
Միլուոքի Պաքս – Թորոնթօ Ռեփթըրզ 130-112
Նիւ Եորք Նիքս – Մինեսոթա Թիմպըրվուլվզ 99-116
Պոսթըն Սելթիքս – Օրլանտօ Մեճիք 121-94
ԵՐԷԿ
Փորթլենտ Թրէյլ Պլէյզըրզ – Հիուսթըն Ռոքեթց 103-125
Մինեսոթա Թիմպըրվուլվզ – Քլիվլենտ Քեվելիրզ 117-124
Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզ – Ուաշինկթըն Ուիզըրտծ 122-114
Պոսթըն Սելթիքս – Աթլանթա Հոքս 115-119
Ինտիանա Փէյսըրզ – Ֆիլատելֆիա 76-ըրզ 115-102