Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Թենիս. «Ծեր» Ճոքովիչ Յաղթեց «Երիտասարդ» Ալքարասի

January 22, 2025
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Սերպ թենիսմեն Նովաք Ճոքովիչ երէկ բարձր մակարդակի թենիս ցուցաբերեց եւ պարտութեան մատնեց 14 տարի աւելի երիտասարդ սպանացի Քարլոս Ալքարասը` 4-6, 6-4, 6-3 եւ 6-4 արդիւնքով:

10 անգամ Աւստրալիոյ բաց մրցաշարքի ախոյեան Ճոքովիչ առաջին սեթի վերջերուն ձախ ոտքի ցաւ զգաց եւ ուղղուեցաւ դուրս դարմանուելու կարճ թայմ-աութէ մը ետք եւ մրցումի կէսերուն լրջօրէն կը մտածէր քաշուիլ մրցումէն: Ան յայտնեց, որ եթէ 2 սեթով ետ մնար եւ ցաւ զգար, պիտի քաշուէր մրցումէն, բայց ան շարունակեց պայքարը եւ 11-րդ տիտղոսի երազը կանգուն պահեց:

«Կ՛ուզէի լքել մրցումը… Համակիրներուն բարձր մակարդակի թենիս ցոյց տուինք: Համակիրներն ալ շուարած էին զո՛վ քաջալերել: Անոնք վստահ տեսան առաջին սեթին, որ բնական ձեւով չէի վազեր եւ գրեթէ անշարժ կը մնայի… Թերեւս իրենք ալ կը սպասէին, որ լքեմ մրցումը: Պէտք է խոստովանիմ, որ միտքէս անցաւ այդ, բայց… յարմար ժամանակ չգտայ եւ շարունակեցի` մոռնալով ցաւը: Մեծ յաղթանակ էր, եւ հպարտ եմ իմ մակարդակովս: Դժուար մրցակից մը եւս ունիմ ուրբաթ օր` յանձին Զվերեւի, որ շատ լաւ վիճակի մէջ է: Պարզապէս կ՛ուզեմ յառաջ անցնիլ եւ լաւ թենիս ցուցադրել: Առաջին անգամը չէ, որ հոս, մանաւանդ Աւստրալիոյ մէջ ցաւով կը խաղամ: 2021-ին եւ 2023-ին նոյն ձեւի բաներ անցուցի», նշեց Ճոքովիչ:

Գերմանացի Զվերեւ 3 ժամ 32 վայրկեան պայքարէ ետք դուրս ձգեց թիւ 11 դասուած ամերիկացի Թոմի Փոլը` 7-6, 7-6, 2-6 եւ 6-1 արդիւնքով:

Թիւ 2 դասուած Զվերեւ այս մրցաշարքի իր 2-րդ սեթը կորսնցուց միայն 5 մրցումներու ընթացքին:

2023-ին Ճոքովիչ (7-6, 7-5) կրցած էր յաղթել Զվերեւի` մարզիկներու վերջին ճակատումին, Սինսինաթիի մէջ: 15 ճակատումներէն 9-ն Ճոքովիչ յաղթած է, սակայն պէտք է ըսել, որ 37 տարեկան սերպ աստղը իր թենիսի վերջին ամիսները կը վայելէ, մինչ 10 տարի աւելի երիտասարդ Զվերեւ տակաւին իր բարձունքին վրայ է:

Այսօր տեղի կ՛ունենայ թիւ 1 թենիսմեն Եաննիք Սինըրի եւ աւստրալիացի Ալեքս Տը Մինաորի (թիւ 8) մրցումը, որուն յաղթականը պիտի մրցի Պեն Շելթըն (թիւ 21) – Լորենցօ Սոնեկօ (թիւ 55) մրցումի յաղթականին դէմ, կիսաւարտականին:

Աղջկանց քառորդ աւարտականի մրցումներուն, թիւ 12 դասուած սպանացի Փաուլա Պատոզա 7-5 եւ 6-4 արդիւնքով անակնկալի բերաւ թիւ 3 ամերիկացի Քոքօ Կաֆը, մինչ թիւ 1 թենիսվումըն Արինա Սապալենքա 2-րդ սեթը կորսնցնելէ ետք կրցաւ պարտութեան մատնել  թիւ 32 Անասթազիա Փաւլիուչենքովան` 6-3 արդիւնքով:

Սապալենքա մրցումի աւարտին յայտնեց, որ յաջորդաբար երկրորդ մրցումը ըլլալով իր մէջը վախ մտաւ եւ կասկած ունէր, թէ կրնայ պարտուիլ:

Այսօր տեղի կ՛ունենան քառորդ աւարտականի մնացեալ երկու մրցումները, ուր թիւ 2 դասուած Իկա Շվիանթեք (Լեհաստան) պիտի մրցի ամերիկացի Էմմա Նաւարոյի (թիւ 8) դէմ, իսկ Մետիսըն Քիչ (թիւ 14) պիտի մրցի ուքրանացի Էլինա Սվեթոլինայի (թիւ 27) դէմ:

Նախորդը

134-Ամեակ. Այժմէական Եւ Թելադրական Խոհեր Անցեալէն

Յաջորդը

«Էն. Պի. Էյ.» Քլիվլենտ Յաղթեց Ֆինիքսին

RelatedPosts

Հեծելարշաւ.  Լիբանան 4-րդ Պրոնզէ Մետալ Մըն Ալ Շահեցաւ
Մարզական

Հեծելարշաւ. Լիբանան 4-րդ Պրոնզէ Մետալ Մըն Ալ Շահեցաւ

October 14, 2026
«Չեմփիընզ Լիկ».  Այսօր` Մանչեսթըր Սիթի – Փարիզ Սեն Ժերմեն
Մարզական

«Չեմփիընզ Լիկ». Այսօր` Մանչեսթըր Սիթի – Փարիզ Սեն Ժերմեն

October 14, 2026
Բռնցքամարտ.  Այսօր Կը Սկսի Երիտասարդներու  Աշխարհի Ախոյեանութիւնը
Մարզական

Բռնցքամարտ. Այսօր Կը Սկսի Երիտասարդներու Աշխարհի Ախոյեանութիւնը

October 14, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.