Հիլալի պրազիլցի յառաջապահ Նէյմար վերջերս կարճ հարցազրոյցի մը ընթացքին համաձայն եղած է Քրիսթիանօ Ռոնալտոյի կարծիքին. «Սէուտական Արաբիան հաճելի կերպով զարմացուց ինծի: Ես նման բան չէի սպասէր: Մարդիկ, երկիրը, քաղաքները, մշակոյթը, ամէն ինչ արագ կը զարգանայ հոս: Համաձայն եմ Քրիսթիանոյի հետ. այսօր Սէուտական Արաբիոյ ախոյեանութիւնը աւելի զօրաւոր է, քան Ֆրանսայի «Լիկ 1»-ը: Ես լաւ գիտեմ Ֆրանսայի ախոյեանութիւնը, որ բարձր մակարդակի մրցաշարք է: «Լիկ 1»-ը ունի իր զօրաւոր կողմերը, բայց Սէուտական Արաբիոյ արհեստավարժ լիկայի մակարդակը արագօրէն կ՛աճի, իսկ խաղցողներն ալ աւելի լաւ կ՛ըլլան», ըսաւ Նէյմար, որ Հիլալի հետ 2024-ին միայն 2 ելոյթ ունեցած է` վաստակելով… 101 միլիոն եւրօ:
32 տարեկան պրազիլցի աստղը ընդամէնը 42 վայրկեան խաղցած է, մինչ այդ ան ծունկի ետեւի խաչաձեւ կապաններու վիրաբուժութեան ենթարկուած էր: