Օքլահոմայի «Փէյքոմ սենթըր»-ը երէկ ողողուած էր 18 հազարէ աւելի համակիրներով, ուր այս տարեշրջանի լաւագոյն խումբերէն Օքլահոմա Սիթի Թանտըր կը հիւրընկալէ Պրուքլին Նեթցը:
Շէյ Կիլճիըս Ալեքսանտր վերադարձած էր, եւ Օքլահոմա շատ հանգիստ ձեւով յաղթանակ մը արձանագրեց Նեթցի վրայ` 127-101 արդիւնքով:
Մրցումի սկիզբէն մինչեւ աւարտ, Պրուքլին չկրցաւ անցնիլ կամ նոյնիսկ հասնիլ Օքլահոմայի կէտերուն, վերջինս պահ մը իր առաւելութիւնը մինչեւ 29 կէտի հասցուց:
Շէյ 27 կէտ եւ 10 էսիսթ ձեռք ձգեց ի նպաստ Օքլահոմայի, որուն մարզիկներէն Այզիա Ճօ 24 կէտ աւելցուց:
Նեթցի լաւագոյն մարզիկներն էին Քամերոն Ճոնսըն եւ Թայրիս Մարթին, որոնք 15-ական կէտեր նշանակեցին:
Տենվըր Նակեթց Ֆլորիտայի մէջ այցելեց Օրլանտօ Մեճիքի դաշտը` պարտութեան մատնելով տեղւոյն խումբը` 113-100 արդիւնքով:
Վիրաւորներով հարուստ Օրլանտօ չկրցաւ զսպել վերջին քանի մը տարիներու «Էն. Պի. Էյ.»-ի լաւագոյն աստղերէն Նիքոլա Եոքիչը, որ 20 կէտ 14 ռիպաունտ եւ 10 էսիսթ իրագործեց թրիփըլ տապըլով մը եւս:
Տենվըրէն Քրիսթիան Պրաուն 20 կէտ եւ 11 ռիպաունտ աւելցուց եւ Ճամալ Մարէյ 19 կէտով բաւականացաւ Նակեթցի հաշուոյն:
Օրլանտոյի լաւագոյն մարզիկն էր Ուենտել Քարթըր, որ 16 կէտ եւ 13 ռիպաունտ ձեռք ձգեց: Փաուլօ Պանչերօ, որ վերադարձած էր վիրաբուժութենէ, միայն 10 կէտ նշանակեց ի նպաստ Օրլանտոյի:
Լոս Անճելըսի «տերպ»-ին Քլիփըրզ իր դաշտին վրայ 116-102 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց:
Իվիցա Զուպաց (21 կէտ եւ 19 ռիպաունտ), Ճէյմս Հարտըն (21 կէտ եւ 12 էսիսթ) եւ Նորմըն Փաուըլ (22 կէտ), ինչպէս նաեւ Քուայ Լենըրտ (19 կէտ) եղան Քլիփըրզի լաւագոյնները: Քլիփըրզ մանաւանդ Քուայ Լենըրտի վերադարձով 4 յաջորդական յաղթանակ արձանագրեց եւ շատ բարելաւած է իր խաղի մակարդակը:
Լէյքըրզի վեթերան Լըպրոն Ճէյմս 25 կէտ եւ 11 էսիսթ կատարեց, մինչ Անթոնի Տէյվիս 16 կէտ եւ 10 ռիպաունտ ձեռք ձգեց միայն:
Ստորեւ` երէկուան մրցումներուն արդիւնքները.
Մայեմի Հիթ – Սան Անթոնիօ Սփըրզ 128-107
Օրլանտօ Մեճիք – Տենվըր Նակեթց 100-113
Օքլահոմա Սիթի Թանտըր – Պրուքլին Նեթց 127-101
Միլուոքի Պաքս – Ֆիլատելֆիա 76-ըրզ 123-109
Սաքրամենթօ Քինկզ – Ուաշինկթըն Ուիզըրտծ 123-100
Փորթլենտ Թրէյլ Պլէյզըրզ – Շիքակօ Պուլզ 113-102
Լոս Անճելըս Քլիփըրզ – Լոս Անճելըս Լէյքըրզ 116-102