Մարզական

Եւրոպական Ֆութպոլ.  Սիթի Չկրցաւ Յաղթել Պրենթֆորտի Դաշտին Վրայ

Եւրոպական Ֆութպոլ. Սիթի Չկրցաւ Յաղթել Պրենթֆորտի Դաշտին Վրայ

Անգլիոյ «Փրեմիեր լիկ»-ի 21-րդ հանգրուանի մրցումներուն, պարագլուխի դիրքը գրաւող Լիվըրփուլ 1-1 արդիւնքով հաւասարութեամբ բաւարարուեցաւ Նոթինկհամ Ֆորեսթի «անտառ»-ին մէջ: Քրիս Վուտ 8-րդ վայրկեանին նշանակեց Նոթինկհամի կոլը, մինչ Տիոկօ Ճոթա 66-րդ վայրկեանին նշանակեց հաւասարութեան կոլը: Անցեալ 4 տարիներու ախոյեան Մանչեսթըր Սիթի 2-0 արդիւնքով յառաջանալէ ետք Պրենթֆորտի դաշտին վրայ 2 կոլ ստացաւ մրցումի վերջին 8 վայրկեաններուն: Ֆիլ Ֆոտըն 66-րդ եւ 78-րդ վայրկեաններուն նշանակեց...

Համաշխարհային Ձմեռնային Խաղեր.  Հայաստան Կը Մասնակցի Ուսանողական Մարզական Խաղերուն

Համաշխարհային Ձմեռնային Խաղեր. Հայաստան Կը Մասնակցի Ուսանողական Մարզական Խաղերուն

Հայաստանի ուսանողական մարզական ֆետերասիոնը, Հայաստանի Հանրապետութեան կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարարութեան աջակցութեամբ կը մասնակցի Թորինոյի (Իտալիա) մէջ տեղի ունեցող Համաշխարհային ուսանողական ձմեռնային խաղերուն: Ըստ «Արմենփրես»-ի, Հայաստանի Հանրապետութեան պատուիրակութեան մաս կը կազմեն 9 մարզիկներ, որոնք հանդէս կու գան սառոյցի վրայ պարի, սնոպորտի, լեռնադահուկարշաւի եւ այլ մարզաձեւերու մէջ: Պատուիրակութեան ղեկավարը Հայաստանի ուսանողական մարզական ֆետերասիոնի նախագահ Յովհաննէս Գաբրիէլեանն է: Պատուիրակութեան մաս կը...

Արթուր Սերոբեան Միացաւ Շերիֆ Թիրասոլի

Արթուր Սերոբեան Միացաւ Շերիֆ Թիրասոլի

Արարատ-Արմենիա խումբի յառաջապահ Արթուր Սերոբեան միացաւ մոլտովական Շերիֆ Թիրասոլ խումբին: Երկու կողմերն ալ կատարած են բոլոր անհրաժեշտ գործընթացները եւ ստորագրած են աշխատանքային պայմանագիրը: Սերոբեան, որ աջ թէ ձախ ծայրի յառաջապահ (Ուինկ) դիրքի վրայ ալ կը խաղայ, 2023-ին փորթուգալեան Քասա Փիա խումբին ալ մաս կազմած է: 21 տարեկան Սերոբեան 19 տարեկանին միացած է նաեւ Հայաստանի ազգային խումբին եւ մասնակցած է 18...

«Էն. Պի. Էյ.»  Քլիվլենտ Յաղթեց Ինտիանայի Մէջ

«Էն. Պի. Էյ.» Քլիվլենտ Յաղթեց Ինտիանայի Մէջ

2 օր առաջ պարտուելէ ետք իր դաշտին վրայ, Քլիվլենտ Քեվելիրզ 127-117 արդիւնքով կրցաւ պարտութեան մատնել Ինտիանա Փէյսըրզը` այս վերջինիս դաշտին վրայ: Ինտիանա, որ իր վերջին 6 մրցումներուն կը յաղթէր, մեծ դժուարութիւն ունեցաւ Քլիվլենտի դէմ, որ բնաւ առիթ չտուաւ մրցակիցին, որ միայն անգամ մը 2 կէտի առաւելութիւն ունեցաւ ամբողջ մրցումի տեւողութեան: Տոնավըն Միչել 35 կէտ նշանակեց «Էն. Պի. Էյ.»-ի լաւագոյն խումբի...

Թենիս. Ճոքովիչ Մրցանիշ Իրագործեց.  Հապիպ, Ռուտ Եւ Ժենկ Դուրս Մնացին

Թենիս. Ճոքովիչ Մրցանիշ Իրագործեց. Հապիպ, Ռուտ Եւ Ժենկ Դուրս Մնացին

Թենիսի պատմութեան ամէնէն շատ տիտղոսակիր թենիսմեն Նովաք Ճոքովիչ երէկ մրցանիշ մը եւս իրագործեց, երբ Աւստրալիոյ թենիսի բաց մրցաշարքին բարելաւեց զուիցերիացի Ռոժէ Ֆետերերի մրցանիշը` կատարելով 430-րդ մրցումը կրան շլեմի մրցաշարքերուն գծով: Սերպ Ճոքովիչ 3 ժամ տեւած մրցումին դուրս ձգեց փորթուգալցի 21 տարեկան Խայմէ Ֆարիան` 6-1, 6-7, 6-3 եւ 6-2 արդիւնքով: Ճոքովիչ մրցումէն ետք կրկնեց օր մը առաջ ռուս թենիսմեն Տանիլ Մետվետեւին...

Եւրոպական Ֆութպոլ.  Այսօր` Արսենալ – Թոթենհամ

Եւրոպական Ֆութպոլ. Այսօր` Արսենալ – Թոթենհամ

Այսօր Լոնտոնի մէջ Արսենալ յունուար ամսուան իր 9 մրցումներէն 5-րդը պիտի կատարէ իր դրացի-թշնամի Թոթենհամին դէմ «Լոնտոնի տերպի» խաղին: Արսենալ այժմ լաւ վիճակի մէջ չի գտնուիր եւ 2025-ի իր առաջին մրցումը միայն յաղթանակով աւարտած է (Պրենթֆորտի դէմ), մինչ Պրայթընի (հաւասար), Նիւքեսըլի (0-2) եւ Եունայթըտի (փենալթիներով պարտուած) դէմ չկրցաւ լաւ ելոյթներ ունենալ: Թոթենհամի պարագան ալ նախանձելի չէ: Ան «Փրեմիեր լիկ»-ի իր...

Քվարացխելիա Այսօր Կրնայ Միանալ Փարիզ Սեն Ժերմենի

Քվարացխելիա Այսօր Կրնայ Միանալ Փարիզ Սեն Ժերմենի

Նափոլիի վրացի «Ուինկըր» (ծայրի յառաջապահ) Խվիչա Քվարացխելիա պիտի միանայ ֆրանսական Փարիզ Սեն Ժերմեն խումբին: Ըստ «Լ՛Էքիփ»-ի, վրացի 23 տարեկան աստղը արդէն իսկ Ֆրանսա կը գտնուի, եւ իր գործակատարը արդէն իսկ համաձայնութեան հասած է արագ շարժելով, մանաւանդ որ անգլիական խումբեր ալ գիծի մէջ մտած էին ձեռք ձգելու վրացի աստղը: Ան պիտի ստանայ 5 անգամ աւելի բարձր աշխատավարձ, առանց նոյնիսկ գիտնալու, թէ...

«Էն. Պի. Էյ.»  Մինեսոթա Եւ Էտուըրտծ Փայլեցան Ուաշինկթընի Մէջ

«Էն. Պի. Էյ.» Մինեսոթա Եւ Էտուըրտծ Փայլեցան Ուաշինկթընի Մէջ

«Էն. Պի. Էյ.»-ի երէկուան մրցումներուն, Անթոնի Էտուըրտծ շատ լաւ ելոյթ ունեցաւ Միացեալ Նահանգներու մայրաքաղաք Ուաշինկթընի մէջ, ուր իր 41 կէտերէն 20-ը նշանակեց 4-րդ եւ վերջին մասին` Ուիզըրտծի դէմ մրցումին: Մինեսոթա, որ իր 4-րդ յաղթանակը արձանագրեց վերջին 5 մրցումներուն, շատ լաւ ելոյթ չունեցաւ, եւ մրցումը վճռուեցաւ միայն վերջին մասին, ուր Էտուըրտծ եղաւ խումբին աստղը: Էտուըրտծ, որ շաբաթ օր իրաւարարին դէմ անվայել...

Թենիս. Խաչանով Յաղթեց. Աւանէսեան Պարտուեցաւ

Թենիս. Խաչանով Յաղթեց. Աւանէսեան Պարտուեցաւ

Աւստրալիոյ թենիսի բաց մրցաշարքը շարունակուեցաւ երէկ, եւ իր առաջին մրցումին, թիւ 19 դասուած Կարէն Խաչանով 7-6, 6-3 եւ 6-3 արդիւնքով դուրս ձգեց ֆրանսացի Ատրիան Մանարինոն եւ այժմ պիտի մրցի քանատացի Կապրիէլ Տիալոյի դէմ (թիւ 86): Տանիլ Մետվետեւ 3 ժամ պայքարէ ետք դժուար յաղթանակ արձանագրեց թայլանտցի Քասիտիթ Սամրեժի դէմ (թիւ 418)` 6-2, 4-6, 3-6, 6-1 եւ 6-2 արդիւնքով: Աղջկանց մրցումներուն, Էլինա...

Եւրոպական Ֆութպոլ. Պարսելոնա Ծանր Պարտութեան Մատնեց Ռէալը (5-2.  Մանչեսթըր Եունայթըտ Դուրս Ձգեց Արսենալը

Եւրոպական Ֆութպոլ. Պարսելոնա Ծանր Պարտութեան Մատնեց Ռէալը (5-2. Մանչեսթըր Եունայթըտ Դուրս Ձգեց Արսենալը

Կիրակի գիշեր Ժետտայի «Ապտալլա թագաւոր»-ի անուան մարզական աւանին մէջ տեղի ունեցաւ Սպանիոյ գերբաժակի աւարտական «Քլասիքօ»-ն` Պարսելոնայի եւ Ռէալ Մատրիտի միջեւ: Մրցումը սկսաւ Պարսելոնայի ճնշումով, բայց 5-րդ վայրկեանին հակայարձակումի մը վրայ ֆրանսացի Քիլիան Էմպափէ նշանակեց Ռէալ Մատրիտի իր ասպարէզի առաջին կոլը` «Քլասիքօ»-ի մրցումի ընթացքին: 22-րդ վայրկեանին Լեվանտովսքիի փոխանցումէն օգտուելով` Լամին Եամալ նշանակեց Պարսելոնայի հաւասարութեան կոլը: 28-րդ վայրկեանին Ինիկօ Մարթինես (Պարսելոնա) վիրաւորուեցաւ...

Ֆութսալ.  Հայաստանի Բերդապահը Աշխարհի Լաւագոյնը Ընտրուեցաւ

Ֆութսալ. Հայաստանի Բերդապահը Աշխարհի Լաւագոյնը Ընտրուեցաւ

Ժաքօ ֆութսալ մրցանակի 2024-ի հանդիսութեան, Հայաստանի ազգային խումբի բերդապահ Լուան Միւլըր Պարպուա ընտրուեցաւ աշխարհի լաւագոյն բերդապահ: Ֆութսալի բերդապահ Միւլըր, իր ակումբին` Փալմայի հետ 2024-ին շահած էր «Չեմփիընզ լիկ»-ը, որ տեղի ունեցած էր Երեւանի մէջ: Փալմա ֆութսալ խումբը, որ Սպանիոյ Մայորքա շրջանի խումբն է, շահած էր նաեւ միջցամաքամասային բաժակը: Ծնունդով պրազիլցի Միւլըր 2019-էն 2020 խաղցած է նաեւ Հայաստանի Լէօ ֆութսալ խումբին...

«Էն. Պի. Էյ.»  Ինտիանա Վերջ Դրաւ Քլիվլենտի Յաղթանակներու Երթին

«Էն. Պի. Էյ.» Ինտիանա Վերջ Դրաւ Քլիվլենտի Յաղթանակներու Երթին

Երէկ Ինտիանա Փէյսըրզ բաւական թոյլ կիսախաղէ մը ետք սքանչելի Բ. կիսախաղ մը ցուցաբերեց` 68 կէտ նշանակելով, նոյն պահուն միայն 40 կէտ ստանալով Քլիվլենտէն, որ 12 անյաղթ մրցումներէ ետք պարտուեցաւ իր դաշտին վրայ` 108-93 արդիւնքով: Քլիվլենտ 15 կէտի առաւելութիւն ունէր մրցումի սկիզբը, եւ վերջին անգամ 8 դեկտեմբերին պարտութիւն կրած էր Մայեմի Հիթէն, այս վերջինիս դաշտին վրայ, Ֆլորիտայի մէջ: Տարիըս Կարլենտ 20...

Թենիս.  Ցիցիփաս Եւ Քիրկիոս Դուրս Մնացին

Թենիս. Ցիցիփաս Եւ Քիրկիոս Դուրս Մնացին

Աւստրալիոյ թենիսի բաց մրցաշարքի առաջին հանգրուանի մրցումները շարունակուեցան երէկ, եւ յոյն Սթեֆանս Ցիցիփաս անակնկալ պարտութիւն մը կրեց աշխարհի թիւ 42 դասուած Ալեքս Միքելսընէն` 7-5, 6-3, 2-6 եւ 6-4 արդիւնքով: Թիւ 12 դասուած յոյն թենիսմենը անակնկալի առջեւ գտնուեցաւ 20 տարեկան մրցակիցին դէմ եւ չկրցաւ քայլ պահել անոր արագ խաղին հետ: Աւստրալիոյ համակիրները անհամբեր կը սպասէին իրենց տեղացի հերոս Նիք Քիրկիոսի ելոյթին:...

Ակնարկ.  Ի՞նչն Է Կարեւորը, Յաղթե՞լը, Թէ՞ Հրապուրելը

Ակնարկ. Ի՞նչն Է Կարեւորը, Յաղթե՞լը, Թէ՞ Հրապուրելը

ԿԱՐՕ Կ. Տարիներէ ի վեր, աւելի ճիշդ ըլլալու համար` 1980-ականներէն ի վեր ֆութպոլ կը դիտեմ, եւ տակաւին չեմ կրցած հասկնալ, թէ համակիրը ի՛նչ կը նախընտրէ: Կը հետեւիմ անգլիական «Փրեմիեր լիկ»-ի մրցումներուն, ուր համակիրները 90 վայրկեան կը քաջալերեն, եւ նոյնիսկ երբ իրենց նախասիրած խումբը պարտուած ըլլայ, կը շարունակեն քաջալերել: Այլ երկիրներ տարբեր է վիճակը: Գերմանիոյ մէջ աւելի զուսպ կ՛ըլլան համակիրները, անոնք...

Աւստրալիոյ Թենիսի Բաց Մրցաշարք.  Հատի Հապիպ Յաղթանակով Սկսաւ

Աւստրալիոյ Թենիսի Բաց Մրցաշարք. Հատի Հապիպ Յաղթանակով Սկսաւ

Աշխարհի թիւ 219 թենիսմեն Հատի Հապիպ, որ առաջին լիբանանցի թենիսմենն է կրան շլեմի մրցաշարքի մասնակցող, շատ լաւ ձեւով սկսաւ մրցաշարքը եւ պատմութիւն կերտեց յաղթելով իր առաջին մրցումին: 26 տարեկան Հապիպ 2 ժամ 35 վայրկեանի պէտք ունեցաւ դուրս ձգելու թիւ 65 դասուած չինացի թենիսմեն Եունչաուքեթէ Պուն` 7-6, 6-4 եւ 7-6 արդիւնքով: Հապիպի յաջորդ մրցակիցը պիտի ըլլայ թիւ 14 դասուած ֆրանսացի Ուկօ...

Անգլիոյ Երիտասարդներու «Փրեմիեր Լիկ».  Ֆին Կերակուսեան 1 Կոլ Եւ 2 Էսիսթ Կատարեց

Անգլիոյ Երիտասարդներու «Փրեմիեր Լիկ». Ֆին Կերակուսեան 1 Կոլ Եւ 2 Էսիսթ Կատարեց

Անգլիոյ երիտասարդներու (18 տարեկանէն վար) «Փրեմիեր լիկ»-ի 12-րդ հանգրուանին գծով Սանտըրլենտ 3-0 արդիւնքով ծանր պարտութեան մատնեց Տերպին, այս վերջինիս դաշտին վրայ: Սանտըրլենտի յարձակող միջնապահ Ֆին Կերակուսեան առաջին եւ երկրորդ կոլերուն փոխանցումները կատարելէ ետք 70-րդ վայրկեանին նշանակեց Սանտըրլենտի 3-րդ կոլը: Սանտըրլենտ 19 կէտով կը գրաւէ դասաւորման 4-րդ դիրքը` 3 կէտով ետ մնալով Տերպիէն: Առաջին դիրքը կը գրաւէ Մանչեսթըր Սիթի, որ 1...

Լուքաս Զելարայեան Իր Առաջին Ելոյթը Ունեցաւ… Եղբօր Հետ

Լուքաս Զելարայեան Իր Առաջին Ելոյթը Ունեցաւ… Եղբօր Հետ

Հայաստանի ազգային խումբի միջնապահ Լուքաս Զելարայեան, որ վերջերս լքած էր Սէուտական Արաբիոյ Ֆաթեհ ակումբը, երէկ իր առաջին մրցումը ունեցաւ իր նոր խումբին` Պելկրանոյի հետ: Արժանթինեան ակումբը բարեկամական մրցում մը ունեցաւ Ուրուկուէյի Ֆինիքս խումբին հետ եւ յաղթեց 4-0 արդիւնքով: Այս մրցումին ելոյթ ունեցաւ Լուքաս Զելարայեան, ապա փոխարինուեցաւ իր 20 տարեկան եղբօր` Կոնսալօ Զելարայեանի հետ, որ իր կարգին միացած է խումբին:  

Եւրոպական Ֆութպոլ.  Պայերն Եւ Ինթեր Միլան Յաղթեցին

Եւրոպական Ֆութպոլ. Պայերն Եւ Ինթեր Միլան Յաղթեցին

Շաբաթավերջին տեղի ունեցան «Պունտըսլիկա»-ի 16-րդ հանգրուանի մրցումները, 20 օրուան դադարէ ետք: Անցեալ տարուան ախոյեան Պայեր Լեւերքուզըն ուրբաթ գիշեր 3-2 արդիւնքով յաղթական վերադարձաւ Տորթմունտի դաշտէն: Պայեր Լեւերքուզըն անցեալ տարուան նման քիչ առիթներէ կոլեր կը նշանակէ առանց գնդակին տիրապետելու: Նաթան Թելլա եւ Փաթրիք Շիք առաջին 8 վայրկեաններուն արդէն իսկ կոլեր նշանակած էին ի նպաստ Լեւերքուզընի: Ճէյմի Կիթընզ 12-րդ վայրկեանին նշանակեց Տորթմունտի կոլը,...

«Էն. Պի. Էյ.»  Ճա Մըրենթ Կարեւոր Կէտեր Նշանակեց` Առաջնորդելով Կրիզլիզը

«Էն. Պի. Էյ.» Ճա Մըրենթ Կարեւոր Կէտեր Նշանակեց` Առաջնորդելով Կրիզլիզը

«Էն. Պի. Էյ.»-ի մրցումները շարունակուեցան երէկ, եւ Մեմֆիս Կրիզլիզ շատ կարեւոր յաղթանակ մը արձանագրեց Մինեսոթա Թիմպըրվուլվզի դէմ 127-125 արդիւնքով, այս վերջինիս դաշտին վրայ: Մրցումը գրեթէ հաւասար կ՛ընթանար, բայց վերջին վայրկեանին Ճա Մըրենթ, որ համեմատաբար «լուռ» մրցում մը ունեցաւ, 2 կարեւոր կողովներ նշանակեց` պատճառ դառնալով, որ Մեմֆիս յաղթէ Մինեսոթայի: Ճերըն Ճեքսըն (33 կէտ) եւ Տեզմընտ Պէյն (21 կէտ) եղան Մեմֆիսի լաւագոյն...

Եւրոպական Ֆութպոլ. Վաղը` Տարուան Առաջին «Քլասիքօ»-ն.  Այսօր` Թորինոյի Տերպին

Եւրոպական Ֆութպոլ. Վաղը` Տարուան Առաջին «Քլասիքօ»-ն. Այսօր` Թորինոյի Տերպին

Այս շաբաթավերջին տեղի պիտի ունենայ 2025-ի առաջին «Քլասիքօ»-ն` Ռէալ Մատրիտի եւ Պարսելոնայի միջեւ: Առաջին ճակատումը պիտի ըլլայ Սպանիոյ գերբաժակի աւարտականի գծով, Ժետտայի մէջ, Սէուտական Արաբիա, ուր Ռէալ Մատրիտ պիտի մրցի Պարսելոնայի դէմ: 2024-ին խումբերը 4 անգամ մրցեցան իրար դէմ, ուր Ռէալ Մատրիտ երկու յաղթանակ արձանագրելէ ետք (4-1 եւ 3-2) երկու պարտութիւն կրեց յաջորդ երկու մրցումներուն (2-1 եւ 4-0 արդիւնքով): Խումբերու...

Page 147 of 1275 1 … 146 147 148 … 1,275

Արխիւներ