Այսօր կը վերադառնայ «Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ի կազմակերպած «Չեմփիընզ լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքը` մէկ ամիս եւ 10 օր բացակայելէ ետք, ուր տեղի կ՛ունենան 7-րդ եւ նախավերջին շաբթուան մրցումները:
Նշենք, որ 24 խումբեր պիտի հասնին նաք աութի յաջորդ հանգրուանին: Առաջին 8 խումբերը պիտի հասնին 1/8-րդ հանգրուան եւ վիճակաձգութիւններուն առաւելութիւն ունենալով իրենց դաշտին վրայ կատարելու դարձի մրցումը:
9-րդէն 24-րդ դիրքերը գրաւող խումբերը իրար դէմ պիտի մրցին (վիճակաձգութեամբ), ուր 9-էն 16-րդ դիրքերը գրաւող խումբերը դարձին իրենց դաշտին վրայ խաղալու առաւելութիւն պիտի ունենան:
Պէտք է ըսել, որ Փարիզ Սեն Ժերմենի նման խումբեր 24-էն դուրս են տակաւին, եւ վաղը Մանչեսթըր Սիթիի դէմ դժուար մրցումն ալ շատ յոյս չի տար ֆրանսական խումբին, որ դիրքը բարելաւէ:
Սիթի (22-րդ) իր կարգին լաւ դիրքի վրայ չէ, մինչ ախոյեան Ռէալ Մատրիտ (20-րդ) յոյսով է, որ բարելաւէ իր դիրքը` վերջին շաբթուան մրցումներուն:
Ստորեւ կը ներկայացնենք այսօրուան եւ վաղուան մրցումներուն յայտագիրը.
ԱՅՍՕՐ
Աթալանթա – Շթուրմ Կրաց
Մոնաքօ – Ասթոն Վիլա
Աթլեթիքօ Մատրիտ – Պայեր Լեւերքուզըն
Պենֆիքա – Պարսելոնա
Պոլոնիա – Տորթմունտ
Ֆ. Ք. Պրիւժ – Եուվենթուս
Կարմիր Աստղ Պելկրատ – ՓՍՎ Այնտհովըն
Լիվըրփուլ – Լիլ
Սլովան Պրաթիսլաւա – Շթութկարթ
ՎԱՂԸ
Լայփցիկ – Սփորթինկ Լիզպոն
Շախտիոր Տոնեցք – Պրեսթ
Ա. Սէ. Միլան – Ժերոնա
Արսենալ – Տինամօ Զաղրեպ
Սելթիք – Եանկ Պոյզ
Ֆեյենուրտ – Պայերն Միւնիխ
Փարիզ Սեն Ժերմեն – Մանչեսթըր Սիթի
Ռէալ Մատրիտ – Զալցպուրկ
Սփարթա Փրակա – Ինթեր Միլան