Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Էն. Պի. Էյ.» Կոլտըն Սթէյթ Զսպեց Մինեսոթան

Յունուար 17, 2025
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Էն. Պի. Էյ.»-ի մրցումներուն Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզ երէկ կրցաւ պարտութեան մատնել Մինեսոթա Թիմպըրվուլվզը, այս վերջինիս դաշտին վրայ, 116-115 արդիւնքով:

Կոլտըն Սթէյթ, որ իր վերջին 2 մրցումները պարտութիւններով աւարտած էր, մրցումի սկիզբէն մինչեւ վերջ մնաց յաղթական, հակառակ անոր որ Մինեսոթա մանաւանդ երկրորդ կիսախաղին շատ մօտեցաւ եւ քիչ մնաց հասնէր վերջին երկվայրկեաններուն: Կոլտըն Սթէյթի առաւելութիւնը 24 կէտի հասաւ առաջին կիսախաղին, ուր Սթեֆ Քըրրի 7 յաջող 3 կէտնոց կողովներ նշանակեց ընդամէնը 31 կէտ նշանակելով: Էնտրու Հիկինզ 24 կէտ աւելցուց ի նպաստ Ուորիըրզի, մինչ Պատի Հիլտ (18 կէտ), Տենիս Շրոտըր (12 կէտ) եւ սենթըր Թրէյս Ճեքսըն-Տէյվիս (15 ռիպաունտ) իրենց ձեւով օգտակար դարձան Ուորիըրզին:

Անթոնի Էտուըրտծ եւ Տոնթէ Տիվինչենցօ 28-ական կէտ նշանակեցին Մինեսոթայի հաշուոյն, ինչ որ սակայն բաւարար չէր:

Քանատայի մէջ Թորոնթօ Ռեփթըրզ 2022-էն ի վեր առաջին անգամ ըլլալով պարտութեան մատնեց Պոսթըն Սելթիքսը` 110-97 արդիւնքով: Ար. Ճէյ. Պարեթ 22 կէտ եւ 10 ռիպաունտ ձեռք ձգեց, մինչ Սելթիքսի լաւագոյն մարզիկն էր Ճէյսըն Թէյթըմ, որ 16 կէտ եւ 10 ռիպաունտ ձեռք ձգեց:

Ֆիլատելֆիա 76-ըրզ բաւական լաւ ելոյթ ունեցաւ Նիւ Եորք Նիքսի դէմ, որ սակայն Ճէյլըն Պրանսընի հերոսութիւններուն շնորհիւ յաղթեց երկարաձգման ընթացքին:

Ֆիլատելֆիա, որ իր յաջորդական 4-րդ պարտութիւնը կրեց, 5 անգամ հաւասարեցաւ, բայց չկրցաւ անցնիլ Նիւ Եորքին:

Առանց Ժոել Էմպիիտի, Թայրիս Մեքսի (33 կէտ) եւ Փոլ Ճորճ (26 կէտ) իրենց կարելին ըրին, սակայն դժուար էր կասեցնել Նիւ Եորքի յառաջխաղացքը:

Ճէյլըն Պրանսընի 38 կէտերուն կողքին, Միքալ Պրիճզ (23 կէտ), Օճի Անունոպի (17 կէտ) եւ Ճոշ Հարթ (10 կէտ, 17 ռիպաունտ եւ 12 էսիսթ) իրենց լաւագոյն մրցումներէն մէկը կատարեցին:

Լոս Անճելըս Լէյքըրզ 3 յաջորդական պարտութիւններ կրելէ ետք վերջապէս կրցաւ յաղթել Մայեմի Հիթի դէմ մրցումին: Առաջին կիսախաղին 14 կէտով ետ մնալէ ետք, Լէյքըրզ Բ. կիսախաղին բարելաւեց իր խաղարկութիւնը եւ յաղթանակ կերտեց 9 կէտի` առաւելութեամբ` 117-108 արդիւնքով:

Ռուի Հաշիմուրա 23 կէտ նշանակեց, մինչ Անթոնի Տէյվիս – Լըպրոն Ճէյմս զոյգը 22-ական կէտեր աւելցուցին ի նպաստ Լէյքըրզի: Տէյվիս ձեռք ձգեց նաեւ 11 ռիպաունտ, մինչ Օսթըն Ռիվզ 14 կէտ եւ 14 էսիսթ կատարեց:

Մայեմիի հերոսն էր այս տարեշրջանի աստղերէն Թայլըր Հերրօ, որ 34 կէտ նշանակեց:

Ստորեւ` երէկուան մրցումներուն արդիւնքները.

Ֆիլատելֆիա 76-ըրզ – Նիւ Եորք Նիքս 119-125
Թորոնթօ Ռեփթըրզ – Պոսթըն Սելթիքս 110-97
Սան Անթոնիօ Սփըրզ – Մեմֆիս Կրիզլիզ 115-129
Նիւ Օրլինզ Փելիքընզ – Տալաս Մեւրիքս 119-116
Միլուոքի Պաքս – Օրլանտօ Մեճիք 122-93
Շիքակօ Պուլզ – Աթլանթա Հոքս 94-110
Եութա Ճեզ – Չարլոթ Հորնեթց 112-117
Տենվըր Նակեթց – Հիուսթըն Ռոքեթց 108-128
Մինեսոթա Թիմպըրվուլվզ – Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզ 115-116
Լոս Անճելըս Լէյքըրզ – Մայեմի Հիթ 117-108
Լոս Անճելըս Քլիփըրզ – Պրուքլին Նեթց 126-67

Նախորդը

Կոչ` Լոս Անճելըսի Զօրակցութեան

Յաջորդը

Նէյմար. «Համաձայն Եմ Ռոնալտոյի…»

RelatedPosts

Պասքեթպոլ.  Սաժես Շահեցաւ «Չելենճ Քափ» Տիտղոսը
Մարզական

Պասքեթպոլ. Սաժես Շահեցաւ «Չելենճ Քափ» Տիտղոսը

Հոկտեմբեր 14, 2025
Բռնցքամարտ.   Կարէն Չուխաջեան Յաղթական
Մարզական

Բռնցքամարտ. Կարէն Չուխաջեան Յաղթական

Հոկտեմբեր 14, 2025
Նիքիթա Սիմոնեան` 99 Տարեկան
Մարզական

Նիքիթա Սիմոնեան` 99 Տարեկան

Հոկտեմբեր 14, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?