«Եու. Էֆ. Սի.» խառն մենամարտի թեթեւ կշիռի (70 քկ) դասակարգի առաջին դիրքին համար տիտղոսի մրցումը տեղի կ՛ունենայ այս կիրակի, ուր Հայաստանը ներկայացնող Արման Ծառուկեան պիտի մրցի տիտղոսակիր իսլամ Մախաչեւի դէմ:
«Բաղձալի տիտղոսի նուաճման պարագային վերջ կու տամ իմ ասպարէզիս: Այդ մէկը պարզապէս պիզնըս կ՛ըլլայ… եթէ այդ մենամարտէն ետք ախոյեան դառնամ, կը մտածեմ միայն գումար բերող մենամարտերու մասին», ըսաւ Արման Ծառուկեան:
Իր վերջին մրցումին, Ծառուկեան «Եու. Էֆ. Սի. 300»-ի ընթացքին յաղթած էր պրազիլցի Չարլզ Օլիվէյրային` կէտերու առաւելութեամբ (28-29, 29-28 եւ 29-28):
«Այս լաւագոյն մենամարտն է, որ կրնամ ունենալ: Ինչպէս կ՛ըսեն` մէկ փամփուշտով երկու նապաստակ: Որովհետեւ թէ՛ վրէժի մրցում կ՛ըլլայ, թէ՛ ալ տիտղոսային պայքար: Այնպէս որ, եթէ այս շաբաթավերջին գրաւի պիտի մասնակցիք, ինծի վստահեցէ՛ք, եւ ես ձեզ յուսախաբ չեմ դարձներ:
Յաղթելու պարագային, մենք ամբողջ գիշերը պիտի տօնենք: Կը ցանկամ ընտանիքիս եւ խումբիս հետ տօնել: Ապա կը մեկնիմ Հայաստան, Վրաստան եւ Ռուսիա:
Կեանքիս մեծ մասը ապրած եմ այդ շրջանները: Ես պարզապէս շնորհակալութիւն կը յայտնեմ բոլոր այդ մարդոց, որոնք օգնեցին ինծի եւ առիթ կու տամ իրենց, որ գօտին բռնեն: Բայց գօտին կը մնայ Ռուսիա», աւելցուց Ծառուկեան:
Միւս կողմէ, այլ հարցազրոյցի մը ընթացքին, Արման Ծառուկեան յայտնած է, որ կը ցանկար մենամարտիլ բոլոր ժամանակներու պատմական դէմք Պրուս Լիի դէմ:
«Կը ցանկայի մենամարտիլ Պրուս Լիի դէմ: Ինծի կը թուի, որ անոր շատ գովաբանած են: Թէ ան մէկ հարուածով մարդոց նաք-աութի կ՛ենթարկէր, ոսկորներ կը կոտրէր, այդ բաները միայն առասպելներ են: Ինչո՞ւ հիմա «Եու. Էֆ. Սի.»-ի մէջ չկան մարտիկներ, որոնք նոյն բաները կրնան ընել»:
Պրազիլցի Չարլզ Օլիվէյրա այժմէն իսկ կ՛ուզէ մրցիլ Ծառուկեան-Մախաչեւ մրցումին յաղթականին դէմ: «Ես նոյնիսկ առաջարկեցի «Եու. Է. Սի.»-իին դառնալ պահեստային` այս մենամարտին համար: Անոնք ինծի ըսին, որ սպասեմ: Հետեւաբար ես Միացեալ Նահանգներ եմ եւ կը սպասեմ, թէ ո՛վ կը դառնայ ախոյեան, որուն դէմ պիտի խաղամ: Երբ «Եու. Էֆ. Սի.»-ն ըսաւ, որ սպասեմ, ես փոքր արձակուրդ առի, ժամանակ անցընելու ընտանիքիս, կնոջս եւ աղջկաս հետ: Ես խնդրեցի առաջին կարգի տոմս` դիտելու մրցումը», ըսաւ Օլիվէյրա, որ 45 մրցում կատարած է «Էմ. Էմ. Էյ.»-ի գծով եւ 35 յաղթանակ արձանագրած: