Աշխարհի թիւ 19 դասուած թենիսմեն Կարէն Խաչանով Աւստրալիոյ թենիսի բաց մրցաշարքի իր Բ. հանգրուանի մրցումին դուրս ձգելէ ետք քանատացի Կապրիէլ Տիալոն` 7-6, 4-6, 6-3 եւ 6-3 արդիւնքով, հասաւ Գ. հանգրուան, 3 ժամ 14 վայրկեան տեւող մրցումին:
Խաչանով այս մրցումին 10 էյս կատարեց եւ այժմ իր դէմ պիտի ունենայ ամերիկացի Ալեքս Միքելսընը (թիւ 42), որ առաջին հանգրուանին դուրս ձգած էր յոյն Սթեֆանոս Ցիցիփասը:
Թիւ 5 դասուած Տանիլ Մետվետեւ (Ռուսիա) անակնկալ պարտութիւն մը կրեց թիւ 121 թենիսմեն Լերնըր Թինէն (Միացեալ Նահանգներ), որ 19 տարեկանին գրեթէ 5 ժամ տեւող մրցումին անակնկալի բերաւ Մետվետեւը` 6-3, 7-6, 6-7 1-6 եւ 7-6 (10-7) արդիւնքով: