Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Էն. Պի. Էյ.» Օքլահոմա Յաղթեց Քլիվլենտի

January 18, 2025
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Էն. Պի. Էյ.»-ի այժմու լաւագոյն խումբերը` Քլիվլենտ Քեվելիրզ եւ Օքլահոմա Սիթի Թանտըր, իրար դէմ մրցեցան այս տարեշրջանի իրենց 40-րդ մրցումին, Օքլահոմայի մէջ, ուր իրար դէմ կը մրցէին «Էն. Պի. Էյ.»-ի լաւագոյն յարձակողական խումբը ընդդէմ լաւագոյն պաշտպանողականին: Անցեալ 8 յունուարին Քլիվլենտի մէջ Քեվելիրզ 7 կէտի առաւելութեամբ յաղթած էր, սակայն երէկ Օքլահոմա կրցաւ լաւ ձեւով զսպել մրցակիցը` պահպանելով իր լաւագոյն պաշտպանող խումբին առաջին դիրքը: Թանտըր, որ իր վերջին 19 մրցումներուն 18-ն յաղթած էր, կրցաւ մրցումին սկիզբէն տիրապետել մրցակիցին եւ մինչեւ 42 կէտով ալ հեռանալ, բայց Քլիվլենտ վերջին մասին աւելի լաւ խաղալով տարբերութիւնը 20-ի նուազեցուց` 114-134 արդիւնքով տեղի տալով:

Այժմու երկու լաւագոյն կարտերը իրար դէմ կը մրցէին, եւ Օքլահոմայի մարզիկ Շէյ Կելճիըս – Ալեքսանտր եղաւ մրցումին` աստղը` նշանակելով 40 կէտ եւ կատարելով 8 էսիսթ, Տոնավըն Միջել, որ վերջին մրցումին 35 կէտ նշանակած էր, բաւական վատ ելոյթ ունեցաւ եւ 20 վայրկեանի ընթացքին միայն 8 կէտ նշանակեց: Տարիըս Կարլենտ (20 կէտ) եւ Ճերըթ Էլըն (13 կէտ) միակ մարզիկներն էին, որոնք 10-է աւելի կէտ կրցան նշանակել Օքլահոմայի դէմ, մինչ Թանտըրի 6 մարզիկներ առնուազն 10 կէտերով դուրս եկան: Շէյի կողքին (40 կէտ) Լուկենց Տորթ (22 կէտ), Ճէյլըն Ուիլիամս (19 կէտ), Այզիա Ճօ (12 կէտ), Պրենտըն Քարլսըն (11 կէտ) եւ Ալեքս Քարուսօ (10 կէտ) եղան Թանտըրի հերոսները, որոնք այժմ Քլիվլենտի նման 40 մրցումներէն 34-ը յաղթանակով աւարտած են, 6 պարտութեան կողքին:

Տեվըն Պուքըր 37 կէտ նշանակեց ի նպաստ Ֆինիքս Սանզի, որ 130-123 արդիւնքով յաղթական վերադարձաւ Ուաշինկթընի դաշտէն: Ուիզըրտծ, որ 24 կէտով ետ կը մնար, մրցումի վերջին մասին 3 կէտի նուազեցուց տարբերութիւնը` անակնկալի բերելով Սանզը, որ սակայն Պուքըրի եւ Տիւրենթի օգնութեամբ կրցաւ պահել իր առաւելութիւնը` անակնկալ պարտութեան կասկածը հեռացնելով:

Պուքըրի 3-րդ յաջորդական մրցումն էր, որուն 30-է աւելի կէտեր կը նշանակէր, մինչ Քեւըն Տիւրենթ 23 կէտ աւելցուց Ֆինիքսի հաշուոյն, որ իր վերջին 7 մրցումներուն 5-րդ յաղթանակը արձանագրեց:

Քիշոն Ճորճ իր ասպարէզի առաւելագոյն կէտերը նշանակեց (24 կէտ) ի նպաստ Ուաշինկթընի, որ 8-րդ յաջորդական պարտութիւնը կրեց:

Սանզ, որմէ շատ աւելին կը սպասուէր, այս տարեշրջանին 20 յաղթանակ ու 20 պարտութիւն կրած է եւ կը ձախողի հանգիստ յաղթանակ արձանագրել մրցակիցներու վրայ: Միայն 1 յաղթանակ կրցած է արձանագրել 10 կէտերէ աւելի տարբերութեամբ, հակառակ միշտ ալ մրցումները հանգիստ սկսելուն:

Հիւսթըն Ռոքեթց 127-132 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց Սաքրամենթօ Քինկզէն` այս վերջինիս դաշտին վրայ, Քալիֆորնիա: Արեւմտեան խումբերու այս ճակատումին, առաւելագոյն կէտերը նշանակեց Տըմար Տըրոզըն, որ 33 կէտ ձեռք ձգեց:

Մալիք Մոնք (26 կէտ) եւ Տոմանթաս Սապոնիս (20 կէտ եւ 14 ռիպաունտ) եղան Սաքրամենթոյի հերոսները:

Հիուսթընի լաւագոյն մարզիկներն էին Ճէյլըն Կրին (28 կէտ), Ալփերեն Շենկիւն (21 կէտ եւ 10 ռիպաունտ) եւ Էյմըն Թոմփսըն (20 կէտ եւ 10 ռիպաունտ):

Ստորեւ` երէկուան մրցումներուն արդիւնքները.

Տիթրոյիթ Փիսթընզ – Ինտիանա Փէյսըրզ 100-111
Ուաշինկթըն Ուիզըրտծ – Ֆինիքս Սանզ 123-130
Օքլահոմա Սիթի Թանտըր – Քլիվլենտ Քեվելիրզ 134-114
Սաքրամենթօ Քինկզ – Հիւսթըն Ռոքեթց 132-127
Փորթլենտ Թրէյլ Պլէյզըրզ – Լոս Անճելըս Քլիփըրզ 89-118

Նախորդը

Կաղանդ Պապան (Յարութ Հարպոյեան) Եւ Անոր Բարեկամները Այս Տարի Եւս Ուրախացուցին Արցախցի Մեծաթիւ Մանուկներ

Յաջորդը

Եունայթըտ Կը Բարելաւէ Իր Արդիւնքները

RelatedPosts

ՀՄԸՄ-ի Պուրճ Համուտի Մասնաճիւղի  Պասքեթպոլի Տարիքային Խումբերու  Վերակազմաւորման  Նուիրուած Ձեռնարկ
Մարզական

ՀՄԸՄ-ի Պուրճ Համուտի Մասնաճիւղի Պասքեթպոլի Տարիքային Խումբերու Վերակազմաւորման Նուիրուած Ձեռնարկ

October 1, 2026
Ուասլ.  Սաժես Յաղթեց  Եւ Հասաւ Կիսաւարտական
Մարզական

Ուասլ. Սաժես Յաղթեց Եւ Հասաւ Կիսաւարտական

October 1, 2026
Ազգերու Լիկա.  Հայաստան Ցաւալի Պարտութիւն Կրեց Մոնթենեկրոյէն
Մարզական

ՖԻՖԱ-ի Սեպտեմբերի Դասաւորումին Մէջ. Հայաստան Մնաց 107-րդ Դիրքին Վրայ

October 1, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.