«Էմ. Էմ. Էյ.»-ի (խառն մարտարուեստի խաղեր) մարտիկ Արման Ծառուկեան, որ պիտի մրցէր «Եու. Էֆ. Սի. 311»-ի հիմնական մրցումին թեթեւ կշիռի տիտղոսին համար, մրցումի ազդանշանէն քանի մը ժամ առաջ յայտնած է, թէ մէջքի սուր ցաւեր ունի եւ պիտի չկարենայ մասնակցիլ մրցումին:
«Եու. Էֆ. Սի.»-ի նախագահ Տանա Ուայթ յայտարարեց, թէ Ծառուկեանի յաջորդ մրցումը տիտղոսի համար չի կրնար ըլլալ: «Արմանի վերադարձը վիրաւորուելէն ետք կրնայ տեւել քանի մը ամիս», յայտնած է Ծառուկեանի գործակալութեան զրուցակիցը:
Ռուս իսլամ Մախաչեւի դէմ մրցումին, Արման Ծառուկեանի փոխարէն հանդէս եկաւ պրազիլցի Ռենաթօ Մոյքանօ: Մախաչեւ առաջին ռաունտին իսկ խեղդելու ձեւով պարտութեան մատնեց իր մրցակիցը` մնալով տիտղոսակիր:
28 տարեկան Ծառուկեան 22 յաղթանակ եւ 3 պարտութիւն ունի: Ան «Եու. Էֆ. Սի.»-ի մրցումներուն մասնակցած է 11 մենամարտի` յաղթելով 9-ն: