Քրիսթիանօ Ռոնալտօ, որ 5 փետրուարին 40 տարեկան պիտի դառնայ, Սէուտական Արաբիոյ Նասր խումբին հետ իր պայմանագրութիւնը երկարաձգեց «չնչին» գումարի փոխարէն:
Ան պիտի ստանայ «միայն» 183 միլիոն եւրօ 1 տարուան համար: Օրական շահելով 550 հազար եւրօ` ան կը դառնայ աշխարհի ամէնէն «սուղ» մարզիկը:
Ռոնալտօ կ՛երազէ մնալ Սէուտական Արաբիա` մասնակցելու 2026-ի Մոնտիալին: