Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Եւրոպական Ֆութպոլ. Այսօր` Պրենթֆորտ – Լիվըրփուլ Եւ Աթալանթա – Նափոլի

January 18, 2025
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Անգլիոյ «Փրեմիեր լիկ»-ի 22-րդ հանգրուանի կարեւորագոյն մրցումին, Պրենթֆորտ Լոնտոնի մէջ պիտի հիւրընկալէ պարագլուխի դիրքը գրաւող Լիվըրփուլը:

Պրենթֆորտ յաջորդաբար երկրորդ մրցումը ըլլալով դժուար մրցակից պիտի ունենայ, բայց վստահաբար քաջալերուած պիտի ըլլայ 4 օր առաջ Մանչեսթըր Սիթիի դէմ 2-0 արդիւնքով ետ մնալէ ետք 2 կոլ նշանակելով հաւասարութիւն մը խլած մրցումէն: Պրենթֆորտ, որ իր դաշտին վրայ առաջին 10 մրցումներէն 9-ը յաղթանակով աւարտած էր, գրեթէ անյաղթ էր իր դաշտին վրայ, հակառակ անոր որ Պրենթֆորտ իր վերջին 4 մրցումներուն յաղթանակ չէ արձանագրած (1 հաւասարութիւն եւ 3 պարտութիւն):

Հիւր խումբը Լիվըրփուլ իր կարգին շատ լաւ չսկսաւ 2025-ը եւ իր 4 մրցումներուն միայն մէկ յաղթանակ արձանագրած է (2 հաւասարութիւն եւ 1 պարտութիւն), եւ մարզիչ Առնը Սլոթի տղաքը պէտք է քիչ մը աւելի բարելաւեն իրենց խաղարկութիւնը` Սլոթի 2024-ի մրցանիշը պահպանելու համար: Սլոթ Ֆեյենուրտի եւ Լիվըրփուլի հետ իր 50 մրցումներուն ընթացքին 40 յաղթանակ եւ 9 հաւասարութիւն արձանագրած էր անցեալ տարի:

Կրնայ ըլլալ, որ Լիվըրփուլի կարգ մը աստղերը անորոշ վիճակի մէջ կը գտնուին, եւ այդ մէկը կրնայ պատճառ դառնալ վերջին անմակարդակ ելոյթներուն: Յետսապահներ Վիրճիլ Վան Տայքի, Թրենթ Ալեքսանտր – Առնոլտի, ինչպէս նաեւ յառաջապահ Մոհամէտ Սալահի պայմանագրութիւնները կ՛աւարտին 5 ամիսէն, եւ այդ մէկը կրնայ պատճառ ըլլալ վերջին անկայուն ելոյթներուն: Սալահ խումբին միակ մարզիկն է, որ ընդհանրապէս բարձր մակարդակի ֆութպոլ կը ցուցաբերէ այս տարեշրջանին, բայց Թրենթ եւ Վան Տայք նոյնքան լաւ չեն:

Երկրորդ դիրքը գրաւող Արսենալ պիտի հիւրընկալէ Ասթոն Վիլան: Արսենալ այս տարեշրջանին 10 մրցումներ կատարած է իր դաշտին վրայ, Լիվըրփուլէն 1 կէտ աւելի շահած է իր դաշտին վրայ (24 կէտ) եւ Նիւքեսըլէն ետք 2-րդ լաւագոյն խումբն է, որ իր վերջին 5 մրցումներուն 13 կէտ շահած է:

Կապրիել Ժեսուս Պուքայօ Սաքայի նման վիրաւորուեցաւ, բայց Արսենալ ունի շատ վտանգաւոր խաղցողներ, որոնք կոլ կրնան նշանակել որեւէ դիրքէ: Ասթոն Վիլա իր վերջին 3 մրցումներն ալ յաղթանակով աւարտած է եւ պիտի փորձէ առնուազն կէտ մը խլել լոնտոնեան խումբէն:

Ստորեւ` 22-րդ հանգրուանի յայտագիրը.

ԱՅՍՕՐ
Նիւքեսըլ – Պորնմաութ
Պրենթֆորտ – Լիվըրփուլ
Լեսթըր Սիթի – Ֆուլհամ
Ուեսթ Համ – Քրիսթըլ Փելես
Արսենալ – Ասթոն Վիլա

ՎԱՂԸ
Էվըրթըն – Թոթենհամ
Մանչեսթըր Եունայթըտ – Պրայթըն
Նոթինկհամ Ֆորեսթ – Սաութհեմփթըն
Իփսուիչ Սիթի – Մանչեսթըր Սիթի

ԵՐԿՈՒՇԱԲԹԻ
Չելսի – Վուլվզ

Իտալիոյ «Սերի Ա.»-ի 21-րդ հանգրուանին ծայր աստիճան հետաքրքրական մրցումներ տեղի պիտի ունենան: Աթալանթա Պերկամոյի մէջ պիտի հիւրընկալէ Նափոլին: Աթալանթա, որ տարեշրջանի սկիզբը շատ յաջող ելոյթներ կ՛ունենար ու արդիւնքներ ձեռք կը ձգէր եւ քանի մը շաբաթ ալ պարագլուխի դիրքը գրաւած էր, այս տարի տակաւին յաղթանակ չէ արձանագրած` հաւասարելով 2 անգամ եւ պարտուելով մրցում մը:

Բայց պէտք է ըսել, որ Աթալանթա, մանաւանդ իր «Ճեուիս» դաշտին վրայ միջին հաշուով 3 կոլ նշանակած է իր 9 մրցումներուն: Միւս կողմէ մրցակից Նափոլին, որ կը գրաւէ ախոյեանութեան պարագլուխի դիրքը, իր վերջին 5 մրցումներն ալ յաղթանակով աւարտած է, դաշտէն դուրս կատարած 10 մրցումներուն 23 կէտ ձեռք ձգած է եւ Ինթերի ետին կը գրաւէ Բ. դիրքը` օտար դաշտի վրայ առաւելագոյն կէտեր հաւաքող խումբերու դասաւորման մէջ:

Տարիներ առաջ սպասուած մրցում կը նկատուէր Եուվենթուս – Ա. Սէ. Միլան մրցումը, որ վերջին քանի մը տարիներուն քիչ մը աւելի շուքի տակ տեղի կ՛ունենայ` նկատի ունենալով, որ երկու խումբերն ալ համեմատաբար աւելի կը մասնակցին «Չեմփիընզ լիկ»-ի դիրքերու հասնելու համար եւ ոչ թէ ախոյեան դառնալու:

Եուվենթուս Իտալիոյ մէջ միակ խումբն է, որ տակաւին պարտութիւն չէ կրած` յաղթելով 7 մրցում եւ հաւասարութիւն արձանագրելով 13 մրցումներու ընթացքին:

Ա. Սէ. Միլան 2025-ին իր 4 մրցումներէն 3-ը յաղթած է եւ աւելի լաւ վիճակի մէջ կը գտնուի, քան Եուվէն, որ ընդհանրապէս… հաւասարութեան համար կը խաղայ:

Ախոյեան Ինթեր Միլան կրնայ այս հանգրուանին օգտուիլ մանաւանդ Աթալանթա – Նափոլի մրցումին արդիւնքէն, մանաւանդ եթէ Նափոլի չկարենայ յաղթել, աւելի մօտենալու Նափոլիին` նկատի ունենալով, որ Էմփոլի, որ 14-րդ դիրքը կը գրաւէ, իր վերջին 5 մրցումներուն յաղթանակ չէ արձանագրած` կրելով 4 պարտութիւններ:

Ստորեւ` 21-րդ հանգրուանի յայտագիրը.

Պոլոնիա – Մոնցա
Եուվենթուս – Ա. Սէ. Միլան
Աթալանթա – Նափոլի

ՎԱՂԸ
Ֆիորենթինա – Թորինօ
Քալիարի – Լեչէ
Փարմա – Վենեցիա
Վերոնա – Լացիօ Ռոմա
Ինթեր Միլան – Էմփոլի

ԵՐԿՈՒՇԱԲԹԻ
Քոմօ – Ուտինեզէ

Գերմանիոյ «Պունտըսլիկա»-ի 18-րդ հանգրուանին, պարագլուխի դիրքը գրաւող Պայերն Միւնիխ պիտի հիւրընկալէ Վոլֆսպուրկը:

Այս տարեշրջանին Պայերն Միւնիխ իր դաշտին վրայ կատարած 8 մրցումներուն 7 յաղթանակ արձանագրած է միայն ախոյեան Լեւերքուզընի կէտեր կորսնցնելով (1-1), մինչ Վոլֆսպուրկ, որ 7-րդ դիրքը կը գրաւէ, դաշտէն դուրս երրորդ լաւագոյն խումբն է Պայերնի եւ Լեւերքուզընի ետին եւ այս տարի իր 2 մրցումներն ալ յաղթած է:

Պայերնի վիրաւորները սկսած են վերադառնալ, եւ հետզհետէ խումբը կը բարելաւէ իր խաղարկութիւնը:

Պայեր Լեւերքուզըն իր «Պայարենա» դաշտին վրայ պիտի հիւրընկալէ Պորուսիա Մէօնշընկլատպախը:

Մէօնշընկլատպախ 11-րդ դիրքը կը գրաւէ, բայց երկու յաջորդական պարտութիւններով սկսաւ 2025-ը:

Պայեր Լեւերքուզըն իր վերջին 11 մրցումներն ալ յաղթանակով աւարտած է, եւ անցեալ տարուան ախոյեանը կը փորձէ օգտուիլ Պայերն Միւնիխի որեւէ սխալէ` աւելի եւս մօտենալու համար:

Ստորեւ` 18-րդ հանգրուանի յայտագիրը.

Շթութկարթ – Ֆրայպուրկ
Պայերն Միւնիխ – Վոլֆսպուրկ
Հայտընհայմ – Զանքթ Փաուլի
Պոխում – Ռետ Պուլ Լայփցիկ
Հոլշթայն Քիլ – Հոֆենհայմ
Պայեր Լեւերքուզըն – Պորուսիա Մէօնշընկլատպախ

ՎԱՂԸ
Ունիոն Պերլին – Մայնց
Վերտըր Պրեմըն Աուկզպուրկ

Սպանիոյ «Լա լիկա»-ի 20-րդ հանգրուանին, պարագլուխի դիրքը գրաւող Աթլեթիքօ Մատրիտ պիտի մրցի Լեղանեսի դաշտին վրայ: Լեղանես 16-րդ դիրքը կը գրաւէ, բայց քանի մը հանգրուան առաջ անակնկալի բերած էր Պարսելոնան, այս վերջինիս դաշտին վրայ:

Պարսելոնա (3-րդ) պիտի մրցի Խեթաֆէի դաշտին վրայ: 15-րդ դիրքը գրաւող Խեթաֆէ 2025-ին իր կատարած 3 մրցումներն ալ յաղթած է, բայց անշուշտ գերբաժակը նոր շահած Պարսելոնայի դէմ մրցիլը ամբողջովին տարբեր բան է:

Երկրորդ դիրքը գրաւող Ռէալ Մատրիտ իր դաշտին վրայ պիտի հիւրընկալէ 14-րդ դիրքը գրաւող Լաս Փալմասը: Այս վերջինն ալ անակնկալ արդիւնքով կրցած էր յաղթել Պարսելոնային (1-2) Քաթալոնիոյ մէջ… Ֆութպոլի մէջ ամէն բան կարելի է:

Ստորեւ` 20-րդ հանգրուանի յայտագիրը.

Ժիրոնա – Սեւիա
Լեղանես – Աթլեթիքօ Մատրիտ
Պեթիս – Ալավես
Խեթաֆէ – Պարսելոնա

ՎԱՂԸ
Սելթա – Աթլեթիքօ Պիլպաօ
Ռէալ Մատրիտ – Լաս Փալմաս
Օսասունա – Ռայօ Վայեքանօ
Վալենսիա – Ռէալ Սոսիետատ

ԵՐԿՈՒՇԱԲԹԻ
Վիարէալ – Մայորքա

Ֆրանսայի «Լիկ 1»-ի 18րդ հանգրուանին, Փարիզ Սեն Ժերմեն պիտի ըլլայ հիւրը Լանսին, որ 7-րդ դիրքը կը գրաւէ: Իր վերջին 5 մրցումներուն, Փարիզ Սեն Ժերմեն 1 կէտ աւելի կրցած է ձեռք ձգել, քան Լանսը (10 կէտ):

Ստորեւ` 18-րդ շաբթուան յայտագիրը.

Լանս – Փարիզ Սեն Ժերմեն
Ռենն – Պրեխթ
Լիոն – Թուլուզ

ՎԱՂԸ
Սենթ Էթիեն – Նանթ
Ռենս – Լը Հաւր
Անժէ – Օքսեռ
Մարսէյ – Սթրազպուրկ

 

Նախորդը

Թենիս. Ճոքովիչ, Ալքարաս Եւ Սապալենքա Յաղթեցին

Յաջորդը

«Կ՛ուզենք, Որ Իրանի Աջակցութիւնը Վայելող Խմբաւորումները Իրենց Զէնքերը Վար Դնեն» Կ՛ըսէ Իրաքի Արտաքին Գործոց Նախարարը

RelatedPosts

ՀՄԸՄ-ի Պուրճ Համուտի Մասնաճիւղի  Պասքեթպոլի Տարիքային Խումբերու  Վերակազմաւորման  Նուիրուած Ձեռնարկ
Մարզական

ՀՄԸՄ-ի Պուրճ Համուտի Մասնաճիւղի Պասքեթպոլի Տարիքային Խումբերու Վերակազմաւորման Նուիրուած Ձեռնարկ

October 1, 2026
Ուասլ.  Սաժես Յաղթեց  Եւ Հասաւ Կիսաւարտական
Մարզական

Ուասլ. Սաժես Յաղթեց Եւ Հասաւ Կիսաւարտական

October 1, 2026
Ազգերու Լիկա.  Հայաստան Ցաւալի Պարտութիւն Կրեց Մոնթենեկրոյէն
Մարզական

ՖԻՖԱ-ի Սեպտեմբերի Դասաւորումին Մէջ. Հայաստան Մնաց 107-րդ Դիրքին Վրայ

October 1, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.