Մարզական

«Էն. Պի. Էյ.»  Տալաս Կրկնեց Իր Յաղթանակը` Օքլահոմայի Մէջ

«Էն. Պի. Էյ.» Տալաս Կրկնեց Իր Յաղթանակը` Օքլահոմայի Մէջ

Տալաս Մեւրիքս իր վերջին 7 մրցումներուն միայն 2 յաղթանակ արձանագրած է, եւ այդ երկուքն ա` Օքլահոմա Սիթի Թանտըրի դէմ: 60 օր առաջ 8 կէտի առաւելութեամբ յաղթելէ ետք շատեր ըսին, թէ Տալաս բախտի բերմամբ կրցած է յաղթել Թանտըրի, որ երէկ իր դաշտին վրայ նոյնիսկ պարտուեցաւ Մեւրիքսէն, 121-115 արդիւնքով: Սփենսըր Տինուիտի 28 կէտ նշանակեց ի նպաստ Տալասի, մինչ Փի. Ճէյ. Ուաշինկթըն 22...

Ռանոս Կը Հեռանայ Մէօնշընկլատպախէն

Փոխանցումներու Կարճ Լուրեր

- ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ազգային խումբի յառաջապահ Հրանդ-Լէոն Ռանոս իր ասպարէզը պիտի շարունակէ Գերմանիոյ Բ. դասակարգի Քայզըրսլաութըրն խումբին հետ: 21 տարեկան ֆութպոլիստը Մէօնշընկլատպախէն միացաւ 6 ամսուան համար վարձակալական հիմունքով: - ՊԱՅԵՐՆ ՄԻՒՆԻԽ պաշտօնապէս յայտարարեց, թէ ձեռք ձգած է Հոֆենհայմի 19 տարեկան կեդրոնի յետսապահ Թոմ Պիշոֆը: Ան ազատ գործակալի կարգավիճակով պիտի միանայ Պայերնի, երբ անոր պայմանագրութիւնը աւարտի այս ամառ: - ԵԳԻՊՏԱՑԻ յառաջապահ Օմար...

Պասքեթպոլ.  Այս Կիրակի` ՀՄԸՄ – Սանթրալ

Պասքեթպոլ. Այս Կիրակի` ՀՄԸՄ – Սանթրալ

Այսօր կը սկսի Տիք Մըհտիի մէջ տեղի ունենալիք «Ֆետերէյշըն Քափ»-ի պասքեթպոլի մրցաշարքը, որ վերջնականապէս 6 խումբերով տեղի պիտի ունենայ: Սկզբունքով 10 ակումբներ պիտի մասնակցէին այս մրցաշարքին, սակայն Ռիատի, Հուփս, Էն. Էս. Էյ. եւ Թատամոն Հարաժել քաշուեցան անկէ զանազան պատճառներով: Ա. խմբակին մաս պիտի կազմեն Մարիսթ (Շանվիլ), Անդրանիկ եւ Անթունիէ, իսկ Բ. խմբակին մաս պիտի կազմեն ՀՄԸՄ, Սանթրալ եւ Մէյրուպա: Այսօր...

Ճատրակ.  Ռոպերթ Յովհաննիսեան` Տղոց, Իսկ Սուսաննա Կապոյեան` Աղջկանց Ախոյեան

Ճատրակ. Ռոպերթ Յովհաննիսեան` Տղոց, Իսկ Սուսաննա Կապոյեան` Աղջկանց Ախոյեան

Տիգրան Պետրոսեանի անուան ճատրակի տուն-մարզադպրոցին մէջ տեղի ունեցաւ ճատրակի 2025-ի ախոյեանութիւնը, որ թիւ 85-ը կը կրէր տղոց պարագային եւ 80-ը` աղջկանց մօտ: Տղոց ախոյեան դարձաւ մեծ վարպետ Ռոպերթ Յովհաննիսեան, որ վերջին հանգրուանին պարտութեան մատնեց Մամիկոն Ղարիպեանը 6,5 կէտով: Բ. դիրքը գրաւեց Արթուր Դաւթեան, որ 5,5 կէտ ձեռք ձգեց` չնչին առաւելութիւն ունենալով Սարգիս Սարգսեանի վրայ: Ստորեւ` 10 վարպետներու վերջնական դասաւորումը. ԿԷՏ...

Ռանոս Կը Հեռանայ Մէօնշընկլատպախէն

Ռանոս Կը Հեռանայ Մէօնշընկլատպախէն

Հայաստանի ազգային խումբի եւ Պորուսիա Մէօնշընկլատպախի յառաջապահ Հրանդ-Լէոն Ռանոս մօտ օրէն պիտի փոխէ իր ակումբը, ըստ գերմանացի լրագրող Ֆլորիան Փլեթենպերկի: 21 տարեկան Հրանդ-Լէոն Ռանոս պիտի միանայ «Պունտըսլիկա»-ի ակումբներէն Քայզըրսլաութըրնի: Ան փոխ պիտի տրուի Քայզըրսլաութըրնին` վարձակալական հիմունքներով: Նշենք, որ Ռանոսի այժմու պայմանագիրը` Մէօնշընկլատպախի հետ, կ՛երկարի մինչեւ 2027-ի յունիս: Այժմ անոր գործակալը բանակցութիւններու մէջ կը գտնուի, եւ միայն անոր վարձակալութեան գծով քանի...

«Էն. Պի. Էյ.»  Շէյ 54 Կէտ Նշանակեց Եութայի Դէմ

«Էն. Պի. Էյ.» Շէյ 54 Կէտ Նշանակեց Եութայի Դէմ

Երէկ «Էն. Պի. Էյ.»-ի մրցումներուն Օքլահոմա Սիթի Թանտըրի աստղ Շէյ Կիլճիըս - Ալեքսանտր իր ասպարէզի առաւելագոյն կէտերը նշանակեց` 54 կէտ, Թանտըրը առաջնորդելով 36-րդ յաղթանակին, 9 կէտի առաւելութեամբ Եութա Ճեզի վրայ: Միւս կողմէ, Քլիվլենտ Քեվելիրզ իր 43-րդ մրցումին կրեց պարտութիւն մը` Հիւսթընի մէջ, տեղւոյն Ռոքեթցէն, 1 կէտի տարբերութեամբ: Հիւսթըն վերջին երկվայրկեաններուն կրցաւ շահիլ մրցումը` օգտուելով Քլիվլենտի չար բախտէն: 10 երկվայրկեան մնացած,...

«Չեմփիընզ Լիկ». Մանչեսթըր Սիթիի Դիրքը Վտանգուեցաւ.  Պայերն Ծանր Պարտութիւն Կրեց

«Չեմփիընզ Լիկ». Մանչեսթըր Սիթիի Դիրքը Վտանգուեցաւ. Պայերն Ծանր Պարտութիւն Կրեց

«Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ի կազմակերպած «Չեմփիընզ լիկ»-ի 7-րդ շաբթուան մրցումներուն անակնկալ արդիւնքներ արձանագրուեցան, եւ մեծ խումբեր վտանգուած դիրքեր կը գրաւեն եւ նոյնիսկ դուրս մնալու վրայ են, եթէ յառաջիկայ շաբաթ «սպասուած» արդիւնքները չարձանագրեն: Այդ վտանգուած դիրքերը գրաւող խումբերէն մէկն է Անգլիոյ ախոյեան Մանչեսթըր Սիթի, որ չորեքշաբթի գիշեր Փարիզի մէջ մրցումի մը 2-0 արդիւնքով յառաջ երթալէ ետք Փարիզ Սեն Ժերմենի դէմ, 4...

Թենիս.  Սապալենքա Յաղթեց, Շվիանթեք Պարտուեցաւ

Թենիս. Սապալենքա Յաղթեց, Շվիանթեք Պարտուեցաւ

Երէկ տեղի ունեցան Աւստրալիոյ թենիսի բաց մրցաշարքի աղջկանց կիսաւարտականի մրցումները, որոնց ծիրին մէջ թիւ 1 թենիսվումըն Արինա Սապալենքա 1 ժամ 27 վայրկեան մրցումէ մը ետք բաւական դիւրին յաղթանակ մը տարաւ թիւ 12 թենիսվումըն սպանացի Փաուլա Պատոզայի դէմ: Առաջին սեթին պիելոռուս մարզիկը 6-4 արդիւնքով յաղթեց Պատոզային, որ 2-րդ սեթին 6-2 արդիւնքով տեղի տուաւ 26 տարեկան Սապալենքայի դիմաց, որ յաջորդական երրորդ աւարտականին...

Ճատրակ.  ՀՄԸՄ Անթիլիասի Խումբը Գ. Դիրքը Գրաւեց

Ճատրակ. ՀՄԸՄ Անթիլիասի Խումբը Գ. Դիրքը Գրաւեց

ՀՄԸՄ Անթիլիասի ճատրակի խումբը մասնակցեցաւ Լիբանանի ճատրակի Բ. դասակարգի ախոյեանութեան, որ տեղի ունեցաւ անցեալ շաբաթավերջին: Միեւնոյն ժամանակ տեղի ունեցաւ նաեւ առաջին դասակարգի ախոյեանութիւնը: ՀՄԸՄ Անթիլիասի խումբը գրաւեց 3-րդ դիրքը` Բ. դասակարգի մրցումներուն:

«Չեմփիընզ Լիկ». Պարսելոնա Շատ Դժուար Յաղթանակ Մը Արձանագրեց.  Լիվըրփուլ Անսխալ

«Չեմփիընզ Լիկ». Պարսելոնա Շատ Դժուար Յաղթանակ Մը Արձանագրեց. Լիվըրփուլ Անսխալ

«Չեմփիընզ լիկ»-ի 7-րդ շաբթուան մրցումները սկսան երեքշաբթի օր, երբ Լիզպոնի մէջ Պենֆիքա շատ լաւ կիսախաղ մը ունեցաւ Պարսելոնայի դէմ, որ սակայն Բ. կիսախաղին ինքն իրեն գերազանցելով յաղթական վերադարձաւ Սպանիա: 2-րդ վայրկեանին Պենֆիքայի յոյն յառաջապահ Վանճելիս Փաւլիտիս բացաւ մրցումին հաշիւը: 13-րդ վայրկեանին լեհ յառաջապահ Ռոպերթ Լեվանտովսքի փենալթիով նշանակեց Պարսելոնայի հաւասարութեան կոլը, որուն պատասխանեց նոյնինքն Փուլիտիս, որ մինչեւ 30-րդ վայրկեան ամբողջացուցած էր...

Անչելոթթի Կ՛ուզէ Լքել Ռէալ Մատրիտը

Անչելոթթի Կ՛ուզէ Լքել Ռէալ Մատրիտը

Ռէալ Մատրիտի իտալացի մասնագէտ մարզիչ Քարլօ Անչելոթթի որոշած է հեռանալ իր պաշտօնէն` այս եղանակի աւարտին, նոյնիսկ եթէ Ռէալ Մատրիտ ամէն կարելի տիտղոսները շահի: Լուրեր շրջան կ՛ընեն, թէ Պայեր Լեւերքուզընի երիտասարդ մարզիչ Զաւի Ալոնսօ զինք պիտի փոխարինէ, հակառակ որ անոր պայմանագրութիւնը կ՛աւարտի 2026-ի յունիսին: «Ռէալի մասին խօսակցութիւններ կան, եւ հանգիստ կը վերաբերիմ այդ խօսակցութիւններուն: Արդէն բաւարար անհանգստանալու պատճառներ ունիմ եւ այդ...

«Եու. Էֆ. Սի.»  Ծառուկեան Պատմեց, Թէ Ի՛նչ Պատահած Է Հետը

«Եու. Էֆ. Սի.» Ծառուկեան Պատմեց, Թէ Ի՛նչ Պատահած Է Հետը

«Եու. Էֆ. Սի.»-ի թեթեւ կշիռի առաջին դիրքը գրաւող մենամարտիկ Արման Ծառուկեան նշեց, թէ ի՛նչ պայմաններու մէջ վիրաւորուած է ախոյեան իսլամ Մախաչեւի դէմ կայանալիք մրցումէն առաջ: «Ամէն ինչ լաւ էր, բայց վերջին օրը փորձէն ետք քնանալու գացի եւ սկսայ ցաւ զգալ մէջքիս բաժինը: Այդ ցաւին պատճառով ամբողջ գիշերը չկրցայ քնանալ: Յաջորդ օրը մտածեցի, որ ամէն ինչ լաւ կրնայ ըլլալ, եւ ասուլիսէն...

«Էն. Պի. Էյ.»  Լըպրոն Ճէյմս 121-րդ Թրիփըլ Տապըլը Իրագործեց

«Էն. Պի. Էյ.» Լըպրոն Ճէյմս 121-րդ Թրիփըլ Տապըլը Իրագործեց

«Էն. Պի. Էյ.»-ի մրցումները շարունակուեցան երէկ, եւ Լոս Անճելըս Լէյքըրզի վեթերան աստղ Լըպրոն Ճէյմս իր ասպարէզի 121-րդ թրիփըլ տապըլը իրագործեց` նշանակելով 21 կէտ, 13 էսիսթ եւ 10 ռիպաունտ, օր մը առաջ երկար ճամբորդելէ ետք իր խումբը Լէյքըրզը յաղթանակի առաջնորդելով Ուաշինկթըն Ուիզըրտծի դէմ մրցումին (111-88): Այս տարեշրջանի իր 9-րդ թրիփըլ տապըլը ձեռք ձգելով Լըպրոն յոգնութեան ոչ մէկ նշան ցոյց տուաւ երկար...

Թենիս.  Սինըր Եւ Շելթըն Հասան Կիսաւարտական

Թենիս. Սինըր Եւ Շելթըն Հասան Կիսաւարտական

Աւստրալիոյ թենիսի բաց մրցաշարքի կիսաւարտականի 4 մրցակիցներն ալ յստակացան, երբ երէկ ամբողջացան քառորդ աւարտականի տղոց եւ աղջկանց մրցումները: Աշխարհի թիւ 1 թենիսմեն իտալացի Եաննիք Սինըր 1 ժամ 50 վայրկեան մրցումէ մը ետք դիւրին յաղթանակ մը տարաւ աւստրալիացի Ալեքս Տը Մինաորի դէմ` 6-3, 6-2 եւ 6-1 արդիւնքով: Սինըր պիտի մրցի ամերիկացի Պեն Շելթընի դէմ, որ մօտ 4 ժամ պայքարէ ետք դուրս...

Մանչեսթըր Սիթի Ձեռք Ձգեց «Փրեմիեր Լիկ»-ի  Առաջին Ուզպեք Ֆութպոլիստը

Մանչեսթըր Սիթի Ձեռք Ձգեց «Փրեմիեր Լիկ»-ի Առաջին Ուզպեք Ֆութպոլիստը

Մանչեսթըր Սիթի ձեռք ձգեց իր առաջին մարզիկը` ձմեռնային փոխանցումներու պատուհանի ժամանակ: Ֆրանսայի Լանս ակումբի կեդրոնի յետսապահ Ապտուքոտիր Խուսանով եղաւ «Փրեմիեր լիկ»-ի պատմութեան առաջին ուզպեք ֆութպոլիստը: Խուսանով, որ յառաջիկայ ամիս 21 տարեկան կը դառնայ, 2023-էն ի վեր մաս կը կազմէ Լանսի, որուն հետ կատարած է 24 ելոյթ: Նախապէս պիելոռուսական ակումբի մարզիկ Խուսանով 2023-ին շահած է Ասիոյ 20 տարեկանէն վար ազգային խումբերու...

Ռոնալտոն 919-ի Հասաւ…

Ռոնալտոն 919-ի Հասաւ…

Սէուտական Արաբիոյ ախոյեանութեան 16-րդ հանգրուանին, Նասր խումբը 3-1 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Խալիժը, այս վերջինիս դաշտին վրայ: Քրիսթիանօ Ռոնալտօ 65-րդ եւ 98-րդ վայրկեաններուն նշանակեց իր ասպարէզի 918-րդ եւ 919-րդ կոլերը: Ներկայիս ան հաստատ քայլերով կ՛ուղղուի դէպի 1000-րդ կոլը: Ակումբներու գծով Ռոնալտօ 784 կոլ նշանակած է, իսկ ազգային խումբին հետ ան 135 կոլ նշանակած է:

Լիբանանեան Պասքեթպոլ.  Այսօր Կը Հրապարակուի Տղոց Ա. Դասակարգի  Ախոյեանութեան 2021-2022 Տարեշրջանի  Երթի Մրցումներուն Յայտագիրը

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. 2025-ի Ախոյեանութեան Օրէնքներ

Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնը ախոյեանութեան ուշացումին պատճառով տարբեր ձեւի օրէնքներով պիտի կատարէ այս տարուան ախոյեանութիւնը: Առաջին դասակարգի մասնակցող 12 խումբերն են Ռիատի, ՀՄԸՄ, Սաժես, Պէյրութ Ֆըրսթ, Մարիսթ (Շանվիլ), Անթունիէ, Հուփս, «Էն. Էս. Էյ.», Մէյրուպա, Անդրանիկ, Թատամոն Հարաժել եւ Քլիւպ Սանթրալ: Ամէն ակումբ 11 մրցում պիտի կատարէ երթուդարձի դրութեամբ, այնուհետեւ առաջին 3 դիրքերը գրաւող խումբերը պիտի հասնին ֆայնըլ ֆոր (կիսաւարտական), մինչ 4-րդ...

Բռնցքամարտ.  Չալոյեան Արհեստավարժ Իր Ասպարէզի Երկրորդ Յաղթանակը Արձանագրեց

Բռնցքամարտ. Չալոյեան Արհեստավարժ Իր Ասպարէզի Երկրորդ Յաղթանակը Արձանագրեց

Կարէն Տեմիրճեանի անուան մարզահամերգային համալիրին մէջ տեղի ունեցաւ «Այ. Պի. Էյ.»-ի չեմփիընզ նայթ» բռնցքամարտի երեկոն, որուն ընթացքին ռինկ բարձրացան 6 հայ բռնցքամարտիկներ, որոնցմէ 4-ը տպաւորիչ յաղթանակներ արձանագրեցին: Հայաստանի հաւաքականի անդամ Դաւիթ Չալոյեան արհեստավարժ ռինկի մէջ իր 2-րդ յաղթանակը տօնեց: Ողիմպիական խաղերու մասնակցող գիւմրեցի մարտիկը գերծանր կշիռի 92 քիլոկրամէն «Այ. Պի. Էյ.»-ի «Ուժեղագոյն ընտրանք» քառորդ աւարտականի գծով մրցեցաւ ռուս Վիթալի Քուտուխովի...

Ինթեր Միլան Շնորհաւորեց Մխիթարեանի 36-րդ Տարեդարձը

Ինթեր Միլան Շնորհաւորեց Մխիթարեանի 36-րդ Տարեդարձը

Երէկ հայկական ֆութպոլի պատմական մարզիկ, Հայաստանի ազգային խումբի բոլոր ժամանակներու լաւագոյն կոլ-սքորըր, Ինթեր Միլանի միջնապահ Հենրիխ Մխիթարեան նշեց իր ծննդեան 36-րդ տարեդարձը: Ինթեր շնորհաւորեց հայ ֆութպոլիստը իր տարեդարձին առիթով: «Ծնունդդ շնորհաւո՛ր, Հենրիխ Մխիթարեան: Այսօր (երէկ) հայ միջնապահը կը դառնայ 36 տարեկան: Ինթերի հետ ան կը նշէ իր 3-րդ տարեդարձը իբրեւ խումբի ֆութպոլիստ` 2022-ի ամրան միանալէ ետք: «Ներացուրի»-ի շապիկով ան նուաճեց...

«Էն. Պի. Էյ.»  Քլիվլենտ Յաղթեց Ֆինիքսին

«Էն. Պի. Էյ.» Քլիվլենտ Յաղթեց Ֆինիքսին

Ֆինիքս Սանզ երէկ դժուար մրցում մը ունեցաւ Օհայոյի մէջ, ուր այս տարեշրջանի լաւագոյն արդիւնքները, ձեռք ձգող խումբը` Քլիվլենտ Քեվելիրզ, իր 36-րդ յաղթանակը արձանագրեց: Քլիվլենտ մրցումի սկիզբէն տիրապետեց եւ Ֆինիքս մէկ անգամ միայն 1 կէտով կրցաւ անցնիլ Քեվելիրզին, որ պահ մը 32 կէտի ալ հասցուց իր առաւելութիւնը: Տոնավըն Միջել այս մրցումին նշանակեց 33 կէտ, որոնց 23-ը` Բ. կիսախաղին, մինչ Տարիըս Կարլենտ...

Page 145 of 1275 1 … 144 145 146 … 1,275

Արխիւներ