Մարզական

Վալտես Մէկուկէս Տարուան Պայմանագրութիւն Մը Ստորագրեց Մանչեսթըր Եունայթըտի Հետ

Վալտես Մէկուկէս Տարուան Պայմանագրութիւն Մը Ստորագրեց Մանչեսթըր Եունայթըտի Հետ

Պարսելոնայի նախկին բերդապահ Վիքթոր Վալտես ֆութպոլիստի իր արհեստավարժ ասպարէզը պիտի շարունակէ Մանչեսթըր Եունայթըտի հետ: Ինչպէս կը հաղորդէ «Տը Միրըր» կայքը, անգլիական ակումբին հետ 32 տարեկան սպանացիին պայմանագրութիւնը նախատեսուած է 18 ամիսով: Նշենք, որ Վալտես, որ երկար ժամանակէ ի վեր ապաքինումի ընթացքին մէջ է` իր ստացած վնասուածքին պատճառով, նախորդ հոկտեմբերէն ի վեր կը մարզուէր «Կարմիր սատանաներուն» հետ:

Լիբանանեան Պասքեթպոլ.  ՀՄԸՄ Անթիլիաս – Անդրանիկ Պէյրութ` 52-39

Նշմար. 2014-Ը` ՀՄԸՄ Անթիլիասի Աղջիկներուն Տարին

ՅԱԿՈԲ ՃԷՐԷՆԵԱՆ 2014 թուականը եղաւ ՀՄԸՄ Անթիլիասի աղջիկներուն համար լաւ տարի մը` նկատի ունենալով, որ անոնք յաջողեցան ձեռք ձգել Լիբանանի պասքեթպոլի աղջկանց բաժակի մրցաշարքին տիտղոսը: Արդեօք 2015-ը պիտի ըլլա՞յ այն տարին, որ մեր խումբը պիտի դառնայ Լիբանանի ախոյեան: Ատիկա բնականաբար դիւրին չէ, որովհետեւ բաւական ճիգ պէտք է թափուի, հսկայական աշխատանք պէտք է տարուի` բոլոր մակարդակներուն վրայ եւ մարզիկ, մարզիչ ու...

Լիբանանեան Պասքեթպոլ.  Տղոց Ա. Դասակարգի Ախոյեանութեան  7-րդ Հանգրուանին Յայտագիրը

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Տղոց Ա. Դասակարգի Ախոյեանութեան Դարձի Մրցումներուն Յայտագիրը Հրապարակուեցաւ

Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը երէկ հրապարակեց տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան դարձի մրցումներուն յայտագիրը, որ կը սկսի յառաջիկայ երեքշաբթի, 13 յունուարին: Ինչպէս ծանօթ է, երթի մրցումները կ՛աւարտին կիրակի, 11 յունուարին: ՀՄԸՄ-ի խումբը դարձի մրցումներուն, իր դաշտին` «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտին վրայ չորս մրցում ունի կատարելիք: Ինչ կը վերաբերի աղջկանց ախոյեանութեան, ֆետերասիոնը նոր յայտագիր մը հրապարակեց երթի...

Լիբանանի Պասքեթպոլի Ֆետերասիոնին Մէկ Պատուիրակութիւնը Այցելեց Նախարար Հըննաուիի

PROFOTO Երէկ` չորեքշաբթի, 7 յունուարին, Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնին մէկ պատուիրակութիւնը` գլխաւորութեամբ նախագահ Ուալիտ Նասսարի, այցելեց երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար Ապտել Մութթալեպ Հըննաուիի: Պատուիրակութեան մաս կը կազմէին ֆետերասիոնի անդամներ Ժորժ Սապունճեան, Ֆատի Թապեթ, Ռամի Ֆաուազ եւ Հատի Ղըմրաուի: Պատուիրակութիւնը նախարարին իր շնորհաւորութիւնները փոխանցեց Նոր տարուան առիթով եւ մաղթեց, որ այս Նոր տարին լիբանանեան մարզաշխարհին համար ըլլայ բախտաբեր տարի մը եւ լիբանանցի...

Տիւյաթլոն.  Լիբանանեան Պատուիրակութիւնը Մեկնեցաւ Եգիպտոս

Տիւյաթլոն. Լիբանանեան Պատուիրակութիւնը Մեկնեցաւ Եգիպտոս

Երէկ երեկոյեան Պէյրութի միջազգային օդակայանէն Եգիպտոս մեկնեցաւ Լիբանանի Տիւյաթլոնի պատուիրակութիւնը` իր մասնակցութիւնը բերելու համար Տիւյաթլոնի (հեծելարշաւ եւ վազք) արաբական ախոյեանութեան: Պատուիրակութիւնը կը գլխաւորէ Լիբանանի Թրիաթլոնի ֆետերասիոնի գանձապահ Պետիկ Լոճիկեան: Իսկ մարզիկներն են` Գէորգ Ալթունեան, Քարոլ Պոյաճեան եւ Հաննա Պու Ֆարհաթ: Նշենք, որ մրցումները տեղի պիտի ունենան վաղը` ուրբաթ, 9 յունուարին:

Յորդանանի Արքայազունը Պիտի Մասնակցի ՖԻՖԱ-ի Նախագահի Ընտրութեան

Ֆութպոլի միջազգային ֆետերասիոնին` ՖԻՖԱ-ի փոխնախագահ, ինչպէս նաեւ Յորդանանի եւ Արեւմտեան Ասիոյ ֆութպոլի ֆետերասիոններու նախագահ, Յորդանանի արքայազունը Ալի Պըն Հիւսէյն պաշտօնական յայտարարութեամբ մը ելոյթ ունենալով ըսաւ, որ պիտի մասնակցի յառաջիկայ մայիսին տեղի ունենալիք ՖԻՖԱ-ի նախագահի ընտրութեան: 39 տարեկան արքայազունը իր կատարած յայտարարութեան մէջ ըսաւ. «Ես որոշեցի մասնակցիլ ՖԻՖԱ-ի նախագահի ընտրութիւններուն, որովհետեւ զգացի, որ ֆութպոլը սկսած է շեղիլ իր իսկական առաքելութենէն: Ան...

Ֆութսալ. Յստակացան «Ֆայնըլ-Ֆոր»-ի Մրցումներուն Իրենց Տոմսերը Ապահովող Խումբերուն Անունները

Լուսանկարը՝ ԱՏՆԱՆ ՀԱԺ ԱԼԻի Լիբանանի ֆութսալի ախոյեանութեան «ֆայնըլ էյթ»-ի մրցումներուն իրենց կատարած երկրորդ ճակատումներուն յաղթանակներ արձանագրելով` Պէյրութի դրամատունը, Մայատին, Լիբանանեան բանակն ու Ֆայհա Թրիփոլի ապահովեցին «Ֆայնըլ ֆոր»-ի մրցումներուն իրենց տոմսերը: Պէյրութի դրամատունը, որ առաջին մրցումին 10-0 արդիւնքով յաղթած էր Քալամունի, երկրորդին արձանագրեց 7-1 արդիւնքով յաղթանակ մը: Մայատին 6-3 արդիւնքով  յաղթեց «Էյ. Եու. Էս. Թի.»ին (առաջինին` 3-0), Լիբանանեան բանակը 9-1 արդիւնքով...

Մոսկուայի Բանակայինները Հետաքրքրուած` Գէորգ Նաճարեանով

Իր հրապարակած մէկ լուրին մէջ, ArmSport.am հայկական լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ 16 տարեկան հայ միջնապահով` Գէորգ Նաճարեանով հետաքրքրուած են Մոսկուայի Բանակայինները: Ան Ղազախստանի ֆութպոլի պատանիներու հաւաքականին խմբապետն է: Նախորդ դեկտեմբերին ան փորձառական շրջան մը ունեցաւ վերոնշեալ ակումբին հետ եւ լաւ տպաւորութիւն ձգեց: Ռուսական ակումբը անոր առաջարկած է այս ամիս ժամանել Մոսկուա եւ մասնակցիլ բարեկամական երկու մրցումի, որմէ ետք շատ...

IFFHS. Տարուան Լաւագոյն Իրաւարարներուն Եռեակը

Նիքոլա Ռիցոլի Ֆութպոլի վիճակագրութեան եւ պատմութեան միջազգային ֆետերասիոնը` IFFHS, հրապարակեց 2014 տարուան լաւագոյն իրաւարարներուն դասաւորումը, որուն ընտրութեան մասնակցած են 55 երկիրներու լրագրողները եւ մասնագէտները: Առաջին դիրքը կը գրաւէ իտալացի Նիքոլա Ռիցոլի, որ սուլած է շարք մը կարեւորագոյն մրցումներ, որոնց կարգին` 2014-ի Մոնտիալի աւարտական մրցումը: Ան ստացած է 131 կէտ: 2-րդ դիրքը գրաւեց անգլիացի Հաուըրտ Ուեպ` 78 կէտով, իսկ 3-րդ դիրքը`...

«Էն. Պի. Էյ.» Նովիցքի` 7-րդ Դիրքին Վրայ

«Էն. Պի. Էյ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան ամէնէն արդիւնաւէտ խաղացողներուն ցանկին մէջ գերմանացի Տըրք Նովիցքի շրջանցեց Մոզոս Մելռունին եւ գրաւեց 7-րդ դիրքը: Տալաս Մավըրիքսին մաս կազմող Նովիցքի իր պատմական կէտը ապահովեց Պրուքլին Նեթցի դէմ տեղի ունեցած մրցումին, երբ իր նշանակած կէտերուն ընդհանուր հաշիւը բարձրացուց 27,412 կէտի: «Էն. Պի. Էյ.»-ի ամէնէն արդիւնաւէտ պասքեթպոլիստներու ցանկին մէջ 6-րդ դիրքը կը գրաւէ Շաքիլ Օ՛նիլ, որ իր...

Լիբանանեան Պասքեթպոլ.  Տղոց Ա. Դասակարգի Ախոյեանութեան  7-րդ Հանգրուանին Յայտագիրը

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Տղոց Ա. Դասակարգի Ախոյեանութեան 7-րդ Հանգրուանին Յայտագիրը

Ուրբաթ, 9 յունուարին տեղի կ՛ունենայ Լիբանանի տղոց պասքեթպոլի Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 7-րդ եւ երթի վերջին հանգրուանի բացման մրցումը: Շաբաթ, 10 յունուարին տեղի կ՛ունենան երկու մրցումներ, իսկ այս հանգրուանը կ՛աւարտի կիրակի, 11 յունուարին: ՀՄԸՄ-ի խումբը իր մրցումը պիտի կատարէ շաբաթ, 10 յունուարին, երեկոյեան ժամը 17:00-ին, «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտին վրայ հիւրընկալելով Թատամոնը: Ստորեւ` յայտագիրը. ՈՒՐԲԱԹ, 9 ՅՈՒՆՈՒԱՐ...

Ֆրանսայի Ֆութպոլի Բաժակի Մրցաշարք. Միլիտոսեանի Խումբը Մրցաշարքէն Դուրս Ձգեց Մարսէյը

Ֆրանսայի ֆութպոլի բաժակի մրցաշարքի 1 - 32-րդ հանգրուանին ծիրին մէջ, Մարսէյ, որ հիւրը եղաւ Կրենոպլի, դուրս մնաց մրցաշարքէն, երբ փենալթիներով 5-4 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց անկէ: Մրցումին 120 վայրկեանները աւարտեցան 2-2 արդիւնքով, ինչ որ պատճառ դարձաւ, որ դիմուի փենալթիներուն: Նշենք, որ ոչ արհեստավարժ ախոյեանութեան  մասնակցող Կրենոպլը իր կազմին մէջ ունի Հայաստանի ֆութպոլի երիտասարդներու եւ ազգային հաւաքականներու նախկին յառաջապահ, 21 տարեկան...

Քաւանի Եւ Լաւես Հեռացուեցան Փարիզ Սեն Ժերմէնի Փորձերէն

Ֆրանսական Փարիզ Սեն Ժերմենի յառաջապահ Էտինսոն Քաւանի եւ Էզեքիել Լաւես ժամանակաւորապէս պիտի մարզուին առանց իրենց խմբակիցներուն եւ յառաջիկայ երկու մրցումներուն պիտի չմասնակցին, յայտնեց մայրաքաղաքի կազմին մարզիչը` Լորան Պլան: «Անոնց վարքը դարձած է անընդունելի: Որոշած ենք տուգանել զանոնք եւ անոնց դէմ մարզական պատժամիջոցներ որդեգրել: Անոնք մէկ շաբաթ հեռացուեցան խումբին կատարած փորձերէն եւ երկու մրցումի պիտի չմասնակցին», Պլանի կատարած յայտարարութիւնը մէջբերեց «Լա...

Իր Կազմին Միացնելու Համար Անտըրլեխթի 2 Միջնապահ.  Տորթմունտ 25 Միլիոն Եւրօ Պատրաստ Է Վճարելու

Իր Կազմին Միացնելու Համար Անտըրլեխթի 2 Միջնապահ. Տորթմունտ 25 Միլիոն Եւրօ Պատրաստ Է Վճարելու

Իր հրապարակած մէկ լուրին մէջ «Պիլտ» կը հաղորդէ, որ իր կազմին միացնելու համար Անտըրլեխթի երկու միջնապահներ Տենիս Փրաթը եւ Եուրի Թիլեմանսը, Պորուսիա Տորթմունտ պատրաստ է անոնց ակումբին վճարելու 25 միլիոն եւրօ: 20 տարեկան Փրաթ այս տարեշրջանին մասնակցած է 26 մրցումի` դառնալով 6 կոլի հեղինակ, մինչ 17 տարեկան Թիլեմաս նշանակած է մէկ կոլ` 25 մրցումի ընթացքին:  

Այսօր` Թենիսի 2014 Տարուան Մրցանակաբաշխութիւն

Լիբանանի թենիսի ֆետերասիոնը իր հրապարակած պաշտօնական մէկ հաղորդագրութեան մէջ նշեց, որ երեքշաբթի, 6 յունուար 2015-ին, Մոն Լա Սալի մէջ (Այն Սաատէ) տեղի պիտի ունենայ Լիբանանի թենիսի 2014 տարուան մրցանակաբաշխութիւնը բոլոր ախոյեաններուն (երկսեռ), որոնք տարբեր դասակարգերու մէջ տիրացան մրցանակներու: Այս մրցանակաբաշխութիւնը տեղի պիտի ունենայ երեկոյեան ժամը ճիշդ 17:00-ին:

Ռոնալտօ Բարձրացաւ 3-րդ Դիրք

Ինչպէս ծանօթ է, նախորդ շաբաթավերջին «Լա Լիկա»-ի 17-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ Ռէալ Մատրիտ 2-1 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց Վալենսիայէն: Մայրաքաղաքի կազմին կոլը փենալթիով նշանակեց փորթուգալցի  յառաջապահ Քրիսթիանօ Ռոնալտօ: Իր նշանակած այս կոլով Ռոնալտօ բարձրացաւ 3-րդ դիրք` Սպանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան մրցումներուն գծով փենալթիներով նշանակուած կոլերով շրջանցելով Լուպոսլաւ Փենեւը: Ռոնալտոյէն շատ փենալթի նշանակած են Հիւկօ Սանչես (56 կոլ) եւ Ռոնալտ Քէօման...

Մենտես. «Ռոնալտօ Փարիզ Սեն Ժերմենի Պիտի Չմիանայ»

Ռէալ Մատրիտի եւ Փորթուգալի ֆութպոլի ազգային խումբի յառաջապահ Քրիսթիանօ Ռոնալտոյի գործավարը` Ժորժէ Մենտես, իր կատարած մէկ յայտարարութեան ընթացքին ըսաւ, որ Ռոնալտօ պիտի չմիանայ Փարիզ Սեն Ժերմենի, որովհետեւ ֆութպոլիստի իր արհեստավարժ ասպարէզը պիտի աւարտէ արքայական ակումբին հետ: Մէջբերելով անոր խօսքերը` «Թելեֆութ» կը հաղորդէ, որ ատիկա երբե՛ք պիտի չպատահի, ինչ ալ ըլլան պայմանները: Ռոնալտօ, որ 2009-էն ի վեր մաս կը կազմէ Ռէալ...

Ժիհատ Սալամէ` «Ռիփլէ»-ի Վաղուան Հիւրը

Վաղը` չորեքշաբթի, 7 յունուարին «Ռիփլէյ» մարզական յայտագիրին, որ ուղղակիօրէն կը պատկերասփռուի «Օ. Թի. Վի.» կայանէն, հիւրը պիտի ըլլայ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան մարզական յանձնախումբի նախագահ, ողիմպիական դասախօս, Մոն լա Սալի նախագահ Ժիհատ Սալամէ, որ ընդհանուր գիծերու մէջ մարզական նիւթերու շուրջ պիտի տայ յատուկ բացատրութիւններ, ինչպէս նաեւ պիտի խօսի այն վտանգին մասին, որ կը սպառնայ սառեցնել լիբանանեան մարզական կեանքը: Յայտագիրը,  որ...

Ա. Սէ. Միլան Եւ Լացիօ Ռոմա Կը Պատրաստուին Մարզիկներու Փոխանակման

Ճիամփաուլօ Փացցինի «Քոթիտիանօ սփորթիվօ» կայքը կը հաղորդէ, որ այս ամսուան ընթացքին շատ հաւանաբար Ա. Սէ. Միլան եւ Լացիօ Ռոմա իրարու հետ մարզիկներու փոխանակում կատարեն: Աշխարհի գործող ախոյեան Գերմանիոյ ֆութպոլի ազգային խումբին մարզիկներէն Միրոսլաւ Քլոզը հաւանաբար տեղափոխուի Միլանօ, մինչ հռոմէական ակումբը կրնայ օժտուիլ Ճիամփաուլօ Փացինիով: Նշենք, որ վերոնշեալ երկու մարզիկները շատ քիչ խաղաժամանակ կը ստանան եւ համաձայն են այս փոխանակումը կատարելու:...

Ռոպեն. «Նէօյըր Արժանի Է Ոսկի Գնդակին»

Պայէրն Միւնիխի միջնապահ Արժեն Ռոպենի կարծիքով, իր ակումբին խմբակիցը` Մանուէլ Նէօյըր, արժանի է ոսկի գնդակին: «Անոր կարելիութիւններուն մասին չեմ կրնար խօսիլ, բայց ան արժանի է այդ տիտղոսին: Փափաքս է, որ ան տիրանայ ոսկի գնդակին», Ռոպենի խօսքերը կը մէջբերէ պաւարիական ակումբին պաշտօնական կայքը: Այս տիտղոսին համար կը պայքարին նաեւ Քրիսթիանօ Ռոնալտօ (Ռէալ Մատրիտ) եւ Լիոնել Մեսսի (Պարսելոնա): Տիտղոսակիրին անունը պիտի յստականայ...

Page 1273 of 1274 1 … 1,272 1,273 1,274

Արխիւներ