Պարսելոնայի նախկին բերդապահ Վիքթոր Վալտես ֆութպոլիստի իր արհեստավարժ ասպարէզը պիտի շարունակէ Մանչեսթըր Եունայթըտի հետ:
Ինչպէս կը հաղորդէ «Տը Միրըր» կայքը, անգլիական ակումբին հետ 32 տարեկան սպանացիին պայմանագրութիւնը նախատեսուած է 18 ամիսով:
Նշենք, որ Վալտես, որ երկար ժամանակէ ի վեր ապաքինումի ընթացքին մէջ է` իր ստացած վնասուածքին պատճառով, նախորդ հոկտեմբերէն ի վեր կը մարզուէր «Կարմիր սատանաներուն» հետ: