
Ֆութպոլի վիճակագրութեան եւ պատմութեան միջազգային ֆետերասիոնը` IFFHS, հրապարակեց 2014 տարուան լաւագոյն իրաւարարներուն դասաւորումը, որուն ընտրութեան մասնակցած են 55 երկիրներու լրագրողները եւ մասնագէտները:
Առաջին դիրքը կը գրաւէ իտալացի Նիքոլա Ռիցոլի, որ սուլած է շարք մը կարեւորագոյն մրցումներ, որոնց կարգին` 2014-ի Մոնտիալի աւարտական մրցումը: Ան ստացած է 131 կէտ:
2-րդ դիրքը գրաւեց անգլիացի Հաուըրտ Ուեպ` 78 կէտով, իսկ 3-րդ դիրքը` Ֆելիքս Պրիխ (61 կէտ):