Իր հրապարակած մէկ լուրին մէջ, ArmSport.am հայկական լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ 16 տարեկան հայ միջնապահով` Գէորգ Նաճարեանով հետաքրքրուած են Մոսկուայի Բանակայինները: Ան Ղազախստանի ֆութպոլի պատանիներու հաւաքականին խմբապետն է:
Նախորդ դեկտեմբերին ան փորձառական շրջան մը ունեցաւ վերոնշեալ ակումբին հետ եւ լաւ տպաւորութիւն ձգեց:
Ռուսական ակումբը անոր առաջարկած է այս ամիս ժամանել Մոսկուա եւ մասնակցիլ բարեկամական երկու մրցումի, որմէ ետք շատ հաւանաբար անոր կրնայ առաջարկել պայմանագիր մը ստորագրել:
Սակայն Sport.kz կայքին համաձայն, Նաճարեան Քարականտայի Շախտիորին հետ ուսումնամարզական հաւաքի մեկնած է:
Հայկական աղբիւրը իր այս լուրը կ՛եզրափակէ նշելով, որ Գէորգ Նաճարեանի հայրը անյայտ պատճառներով այդքան ալ համամիտ չէ իր զաւակը ուղարկելու Մոսկուա: Եթէ մինչեւ 12 յունուար ան Մոսկուայի Բանակայիններուն տրամադրութեան տակ չըլլայ, ապա, անոր երկրորդ առիթ մը պիտի չտրուի: