Ֆրանսական Փարիզ Սեն Ժերմենի յառաջապահ Էտինսոն Քաւանի եւ Էզեքիել Լաւես ժամանակաւորապէս պիտի մարզուին առանց իրենց խմբակիցներուն եւ յառաջիկայ երկու մրցումներուն պիտի չմասնակցին, յայտնեց մայրաքաղաքի կազմին մարզիչը` Լորան Պլան:
«Անոնց վարքը դարձած է անընդունելի: Որոշած ենք տուգանել զանոնք եւ անոնց դէմ մարզական պատժամիջոցներ որդեգրել: Անոնք մէկ շաբաթ հեռացուեցան խումբին կատարած փորձերէն եւ երկու մրցումի պիտի չմասնակցին», Պլանի կատարած յայտարարութիւնը մէջբերեց «Լա Կազեթթա տելլօ Սփորթ»:
Նշենք, որ անոնք չմասնակցեցան ակումբին կատարած բանակումին, որ տեղի ունեցաւ Մարոքի մէջ:


