Ռէալ Մատրիտի եւ Փորթուգալի ֆութպոլի ազգային խումբի յառաջապահ Քրիսթիանօ Ռոնալտոյի գործավարը` Ժորժէ Մենտես, իր կատարած մէկ յայտարարութեան ընթացքին ըսաւ, որ Ռոնալտօ պիտի չմիանայ Փարիզ Սեն Ժերմենի, որովհետեւ ֆութպոլիստի իր արհեստավարժ ասպարէզը պիտի աւարտէ արքայական ակումբին հետ:
Մէջբերելով անոր խօսքերը` «Թելեֆութ» կը հաղորդէ, որ ատիկա երբե՛ք պիտի չպատահի, ինչ ալ ըլլան պայմանները:
Ռոնալտօ, որ 2009-էն ի վեր մաս կը կազմէ Ռէալ Մատրիտի, մինչեւ 2018 պայմանագրութիւն մը ունի կնքուած վերջինիս հետ, իր լուրը կ՛եզրափակէ ArmSport.am: