Երէկ երեկոյեան Պէյրութի միջազգային օդակայանէն Եգիպտոս մեկնեցաւ Լիբանանի Տիւյաթլոնի պատուիրակութիւնը` իր մասնակցութիւնը բերելու համար Տիւյաթլոնի (հեծելարշաւ եւ վազք) արաբական ախոյեանութեան:
Պատուիրակութիւնը կը գլխաւորէ Լիբանանի Թրիաթլոնի ֆետերասիոնի գանձապահ Պետիկ Լոճիկեան:
Իսկ մարզիկներն են` Գէորգ Ալթունեան, Քարոլ Պոյաճեան եւ Հաննա Պու Ֆարհաթ:
Նշենք, որ մրցումները տեղի պիտի ունենան վաղը` ուրբաթ, 9 յունուարին: