Լիբանանի թենիսի ֆետերասիոնը իր հրապարակած պաշտօնական մէկ հաղորդագրութեան մէջ նշեց, որ երեքշաբթի, 6 յունուար 2015-ին, Մոն Լա Սալի մէջ (Այն Սաատէ) տեղի պիտի ունենայ Լիբանանի թենիսի 2014 տարուան մրցանակաբաշխութիւնը բոլոր ախոյեաններուն (երկսեռ), որոնք տարբեր դասակարգերու մէջ տիրացան մրցանակներու:
Այս մրցանակաբաշխութիւնը տեղի պիտի ունենայ երեկոյեան ժամը ճիշդ 17:00-ին: