Պայէրն Միւնիխի միջնապահ Արժեն Ռոպենի կարծիքով, իր ակումբին խմբակիցը` Մանուէլ Նէօյըր, արժանի է ոսկի գնդակին:
«Անոր կարելիութիւններուն մասին չեմ կրնար խօսիլ, բայց ան արժանի է այդ տիտղոսին: Փափաքս է, որ ան տիրանայ ոսկի գնդակին», Ռոպենի խօսքերը կը մէջբերէ պաւարիական ակումբին պաշտօնական կայքը:
Այս տիտղոսին համար կը պայքարին նաեւ Քրիսթիանօ Ռոնալտօ (Ռէալ Մատրիտ) եւ Լիոնել Մեսսի (Պարսելոնա):
Տիտղոսակիրին անունը պիտի յստականայ 12 յունուարին: