«Էն. Պի. Էյ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան ամէնէն արդիւնաւէտ խաղացողներուն ցանկին մէջ գերմանացի Տըրք Նովիցքի շրջանցեց Մոզոս Մելռունին եւ գրաւեց 7-րդ դիրքը:
Տալաս Մավըրիքսին մաս կազմող Նովիցքի իր պատմական կէտը ապահովեց Պրուքլին Նեթցի դէմ տեղի ունեցած մրցումին, երբ իր նշանակած կէտերուն ընդհանուր հաշիւը բարձրացուց 27,412 կէտի:
«Էն. Պի. Էյ.»-ի ամէնէն արդիւնաւէտ պասքեթպոլիստներու ցանկին մէջ 6-րդ դիրքը կը գրաւէ Շաքիլ Օ՛նիլ, որ իր արհեստավարժ ասպարէզը աւարտեց 28,596 կէտով: