Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը երէկ հրապարակեց տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան դարձի մրցումներուն յայտագիրը, որ կը սկսի յառաջիկայ երեքշաբթի, 13 յունուարին:
Ինչպէս ծանօթ է, երթի մրցումները կ՛աւարտին կիրակի, 11 յունուարին:
ՀՄԸՄ-ի խումբը դարձի մրցումներուն, իր դաշտին` «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտին վրայ չորս մրցում ունի կատարելիք:
Ինչ կը վերաբերի աղջկանց ախոյեանութեան, ֆետերասիոնը նոր յայտագիր մը հրապարակեց երթի մրցումներուն գծով:
Վերոնշեալ երկու ախոյեանութիւններու յայտագիրին կ՛անդրադառնանք վաղուան մեր էջով: