
«Քոթիտիանօ սփորթիվօ» կայքը կը հաղորդէ, որ այս ամսուան ընթացքին շատ հաւանաբար Ա. Սէ. Միլան եւ Լացիօ Ռոմա իրարու հետ մարզիկներու փոխանակում կատարեն:
Աշխարհի գործող ախոյեան Գերմանիոյ ֆութպոլի ազգային խումբին մարզիկներէն Միրոսլաւ Քլոզը հաւանաբար տեղափոխուի Միլանօ, մինչ հռոմէական ակումբը կրնայ օժտուիլ Ճիամփաուլօ Փացինիով:
Նշենք, որ վերոնշեալ երկու մարզիկները շատ քիչ խաղաժամանակ կը ստանան եւ համաձայն են այս փոխանակումը կատարելու: