Ֆութպոլի միջազգային ֆետերասիոնին` ՖԻՖԱ-ի փոխնախագահ, ինչպէս նաեւ Յորդանանի եւ Արեւմտեան Ասիոյ ֆութպոլի ֆետերասիոններու նախագահ, Յորդանանի արքայազունը Ալի Պըն Հիւսէյն պաշտօնական յայտարարութեամբ մը ելոյթ ունենալով ըսաւ, որ պիտի մասնակցի յառաջիկայ մայիսին տեղի ունենալիք ՖԻՖԱ-ի նախագահի ընտրութեան:
39 տարեկան արքայազունը իր կատարած յայտարարութեան մէջ ըսաւ. «Ես որոշեցի մասնակցիլ ՖԻՖԱ-ի նախագահի ընտրութիւններուն, որովհետեւ զգացի, որ ֆութպոլը սկսած է շեղիլ իր իսկական առաքելութենէն: Ան պէտք է վերադառնայ իր նախկին հունին: Տուած որոշումս այդքան ալ դիւրին չէր: Վերջին ամիսներուն ՖԻՖԱ-ի հեղինակաւոր գործընկերներուս հետ այս գծով մանրամասն քննարկումներ եւ խորհրդակցութիւններ կատարելէ ետք տուի որոշումս: Աշխարհի այս լաւագոյն մարզաձեւը արժանի է, որ ունենայ համապատասխան ֆետերասիոն, որ պէտք է աշխատի ի շահ ֆութպոլին»:
Նշենք, որ ՖԻՖԱ-ի նախագահի ընտրութեան կը մասնակցին նաեւ այժմու նախագահ Սեփ Պլեթըր եւ նախկին ընդհանուր քարտուղար Ժըրոմ Վալքը: