Հայկական լրատու աղբիւրներէն կը տեղեկանանք, որ 22 տարեկան հայրենի միջազգային վարպետ Վահէ Պաղտասարեան հոլանտական Կրոնինկըն քաղաքին մէջ տեղի ունեցած ճատրակի միջազգային մրցաշարքին ամբողջացուցած է կրանտմասթըրի չափանիշը:
ՖԻՏԷ-ի պաշտօնական կայքին հաղորդումով, ցարդ Հայաստանի մէջ արձանագրուած է 37 կրանտմասթըր եւ 25 միջազգային վարպետ:
Ներկայիս Վահէ Պաղտասարեանի վարկանիշը կը կազմէ 2372 կէտ: