ArmSport.am կը հաղորդէ, որ Պորուսիա Տորթմունտի եւ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի միջնապահ Հենրիխ Մխիթարեան, որ վիրաւոր էր, իր ծունկին ստացած վնասուածքէն ետք այժմ վերսկսած է իր փորձերուն, սակայն` անհատական ծրագիրով:
Կը կարծուի սակայն, որ ան շուտով պիտի միանայ իր խմբակիցներուն` պատրաստուելու համար «Պունտըսլիկա»-ի դարձի մրցումներուն:
Նշենք, որ դարձի մրցումներուն նախօրեակին, Տորթմունտ այժմ կը գրաւէ դասաւորման նախավերջին դիրքը: